Կրին Պանք
Կրին Պանք Միացեալ Նահանգներու Ուէսթ Վիրճինիա նահանգին մէջ գտնուող փոքրիկ գիւղ մըն է: Հոն թուային գործիքներ գոյութիւն չունին: Ասոր պատճառը Կրին Պանքի ուսումնասիրութեան կեդրոնն է, որ բացարձակ լռութեան պէտք ունի ուսումնասիրելու համար աստղերը եւ երկինքը:
Բնակավայր | |
---|---|
Կրին Պանք | |
Երկիր | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Տարածութիւն |
8,547083 քմ², 8,483941 քմ² ջրայինը 0 տոկոս |
ԲԾՄ | 808 մեթր |
Բնակչութիւն | 141 մարդ (1 Ապրիլ 2020)[1] |
Ժամային գօտի | Հիւսիս-ամերիկեան ժամային գօտի |
Փոստային ցուցանիշ | 24944 |
Հոն «ուայ ֆայ»ի դրութիւն գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ՝ հեռաձայնային ցանցեր[2], իսկ ձայնասփիւռի ալիքները շատ սահմանափակ են: Կրին Պանք փոքրիկ գիւղը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն չորս ժամ հեռու: 1958 թուականէն ի վեր հոն հաստատուած է ուսումնասիրութեան կեդրոն մը, որ կ'ուսումնասիրէ աստղերն ու սեւ ծակերը. ան ունի աշխարհի ամէնէն մեծ «ռատիօթելեսքոփը»:
Հոն կը գործէ նաեւ ՆԱՍԱ-ի կեդրոններէն մէկը: Հետեւաբար պետութիւնը որոշած է ստեղծել «հանդարտ միջավայր» մը` անոնց գործունէութիւնը պահպանելու համար: Այս ձեւով, օրինակի համար, ձայնասփիւռի ալիքները սահմանափակուած են մօտաւորապէս 34 հազար քառակուսի քմ տարածութեան մը վրայ, եւ «ուայ-ֆայ»ներու գործիքներու գործածութիւնը չէ քաջալերուած: Բնականօրէն արգիլուած է գործածել գործիքներ, որոնք կը բանին առանց թելի արհեստագիտութեամբ:
Իսկ երբ կարգ մը բնակիչներ իրենց տան մէջ համացանցի դրութիւնը հաստատած են, ամէն ինչ կ'անջատուի, երբ անոնք տունէն դուրս կ'ելլեն, եւ կարելի չ'ըլլար ո՛չ հեռաձայնային խօսակցութիւններ ստանալ, ո՛չ ալ լուրեր:
Աշխարհէն «կտրուած» այս գիւղը շրջանի զբօսաշրջութեան գրասենեակին համար մեծ առաւելութիւն մըն է: Զբօսաշրջիկներ ներգրաւելու համար ան լուսարձակի տակ կը դնէ անոր աննման հանդարտութիւնը: Ամերիկացիներուն համար, որոնց մօտաւորապէս 85 առ հարիւրը ունի ուշիմ հեռաձայնը (սմարթֆոնը), եւ որոնց մէկ երրորդը կը խոստովանի, որ գրեթէ անդադար համացանցին կապուած է, Կրին Պանքը դարձած է երազային վայրը` թուային աշխարհէն կտրուելու համար:
Հակառակ թուայինի վերաբերեալ օրէնքներուն եւ անտառներու եւ հովիտներու կեդրոնը գիւղին մեկուսացած վիճակին, Կրին Պանք սկսած է փոփոխութիւններ ապրիլ:
Ըստ բնակիչներուն, առանց թելի համացանցի դրութիւնը սկսած է տարածուիլ շրջանին մէջ վերջին տարիներուն, եւ այս վիճակին պատասխանատուները նոյնիսկ չեն վճարեր 50 տոլարի տուգանքը: Բազմաթիւ պանդոկներու եւ ճաշարաններու շինութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր բնակիչներու ժամանումը պատճառ դարձած են, որ տուներուն գիները բարձրանան: Այս փոփոխութիւնները նեղութիւն կը պատճառեն մեծ թիւով բնակիչներու: Մինչ ուրիշ բնակիչներ կը մտածեն, թէ ժամանակն է այլեւս, որ գիւղը յառաջդիմէ: Անոնց համար դուրսի աշխարհին հետ հաղորդակցութեան պակասը վտանգաւոր կրնայ ըլլալ: Այս ձեւով, օրինակի համար, երթեւեկութեան կամ որսորդութեան ընթացքին պատահած արկածի մը պարագային հիւանդատար կառքը կանչելը անկարելի է[3]: