ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի Անուան Լեզուի Ինստիտուտ
ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտ, 1943-ին Երեւանի մէջ հիմնադրուած գիտահետազօտական հիմնարկութիւն, որ կը զբաղի հայերէնագիտութեան հիմնարար հարցերով, հայոց լեզուի կառուցուածքի եւ գործառութեան, հայերէնի բարբառներու, հայոց լեզուի պատմութեան եւ համեմատական քերականութեան ուսումնասիրութեամբ, կը ստեղծէ ստուգաբանական, երկլեզուեան, բարբառային բառարաններ եւ տերմինարաններ։
ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի Անուան Լեզուի Ինստիտուտ | |
---|---|
Տիպ | Գիտահետազոտական ինստիտուտ |
Նախագահ | Տնօրեն` Վիկտոր Կատվալյան |
Կայք | language.sci.am |
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԻնստիտուտին մէջ համակարգուած աշխատանքներ կը ծաւալուին լեզուի հետազօտութեան հիմնարար ուղղութիւններով, կը ստեղծուին գիտական մեծ արժէք ներկայացնող բազմաթիւ աշխատութիւններ, կը պատրաստուին գիտական հետաքրքրութիւններու լայն շրջանակ ունեցող եւ հմուտ լեզուաբաններ։ Գիտաշխատողները զբաղուած են եւ կը զբաղուին հայոց լեզուի կառուցուածքի եւ գործառութեան, պատմութեան եւ համեմատական քերականութեան ուսումնասիրութեամբ, գրական արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի քննութեամբ, գրական լեզուի կանոնարկման, տերմինաբանութեան մշակման, ուսուցողական լեզուաբանութեան հարցերով, կը կարեւորուի ստուգաբանական, երկլեզուեան, բարբառային բառարաններու եւ տերմինարաններու ստեղծումը։
Աշխատանքներ կ՚ընթանան հայերէնագիտական ուսումնասիրութիւններու մէջ նոր եւ նորագոյն տեխնոլոգիաներու կիրառման ուղղութեամբ, մասնաւորապէս՝ ԳԱ ինֆորմատիկայի եւ աւտոմատացման խնդիրներու ինստիտուտին հետ համատեղ մշակուած է հայոց լեզուի համակարգչային հիմնօրինակը։ Ստեղծուած է ժամանակակից հայերէնի (արեւելահայ եւ արեւմտահայ տարբերակներ) բառապաշարի, այլեւ գրաբարի՝ ձեւաբանական բնութագրիչներով համակարգչային շտեմարան, որ կ՚օգտագործուի գրաբար եւ աշխարհաբար բնագիրներ խմբագրելու եւ սրբագրելու համար Abbyy ֆիրմայի FineReader համակարգին մէջ։ Մշակուած է ժամանակակից հայերէնի բայերու շտեմարան Access միջավայրին մէջ. բոլոր բայերու համար կը նշուին խոնարհման յարացոյցը, ձեւային բառակազմական կաղապարը, բառարանային բնութագրերը։ Համակարգը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ինքնակամ կերպով առանձնացնել որեւէ ձեւոյթ պարունակող, որեւէ կաղապար կամ բնութագիր ունեցող բառերու ամբողջութիւնը։
Բաժիններ
ԽմբագրելԻնստիտուտը ունի հետեւեալ բաժինները՝
- Արդի հայերէնի բաժին - կ՚ուսումնասիրուին արդի հայերէնի բառապաշարի եւ քերականական իրողութիւններու, ժամանակակից խօսակցական հայերէնի կառուցուածքի եւ գործառութեան հիմնահարցերը
- Արեւմտահայերէնի բաժին - արեւմտահայերէնի նորագոյն շրջանի բառապաշարի քարտագրում (շուրջ 20000 բառ-միաւոր) աշխատանքներու արդիւնքներու ամփոփում, գրական արեւմտահայերէնի համակարգչային տերմինաբանութեան զուգաձեւութիւններու քննութիւն, պոլսահայ գրական լեզուի հանրալեզուաբանական քննութեան շարունակութիւն, օտարաբանութիւններու գործածութիւնը նորագոյն շրջանի մամուլի լեզուին մէջ
- Բառարանագրութեան բաժին - կը կատարուին նոր բառարաններու կազմումի աշխատանքներ
- Բարբառագիտութեան բաժին - կը կազմուին հայ բարբառներու բառիմաստային եւ բառային զուգաբանութիւններու շտեմարաններ
- Ընդհանուր եւ համեմատական լեզուաբանութեան բաժին - ուսումնասիրութիւնները կ՚ընթանան համեմատական-ստուգաբանական ուղղութիւններով. ստուգաբանական լրացումներ եւ ճշգրտումներ կը կատարուին հայերէն ստուգաբանական բառարանի ցանկին մէջ
- Կիրառական լեզուաբանութեան բաժին - կը կատարուին ինքնուրոյն եւ թարգմանական գրականութեան (9-11-րդ դարերու մատենագիրներ) համաբարբառներու ելեկտրոնային տարբերակներու կազմումի աշխատանքներ։ Աւարտած են հետեւեալ ելեկտրոնային համաբարբառները՝
- Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից աշխարհի»
- Ուխտանէս Եպիսկոպոսի «Պատմութիւն հայոց»
- Կիրակոս Գանձակեցիի «Պատմութիւն հայոց»
- Խոսրովիկ թարգմանիչի «Պատմական մատենագրական ուսումնասիրութիւն»
- Արիստակէս Լաստիւերտցիի «Պատմութիւն ...»
- Ստեփանոս Սիւնեցիի «Մեկնութիւն չորից աւենտարանչաց»
- հայոց լեզուի պատմութեան բաժին - ուսումնասիրութիւններ կ՚ընթանան պատմական-նկարագրական ուղղութիւններով (կը քննուին գրաբարի բառիմաստային խումբերը, կը կատարուին գրաբարեան եւ միջին հայերէնեան սկզբնաղբիւրներու լեզուական քննութիւն):
Միջոցառումներ
ԽմբագրելԼեզուի ինստիտուտը կազմակերպած է միջազգային հայերէնագիտական գիտաժողովներ, 2006-էն կը կազմակերպուի «Ջահուկեանական ընթերցումներ», նաեւ երիտասարդ լեզուաբաններու հանրապետական ամէնամեայ գիտական նստաշրջաններ՝ Հայաստանի բուհերու, Արցախի ներկայացուցիչներու, այլեւ արտերկրի հայագէտներու մասնակցութեամբ։
Ինստիտուտին մէջ աւանդաբար կազմակերպուած են գիտական սեմինարներ, բանավէճեր, քննարկումներ։ Յիշարժան է արդի հայերէնի հոլովական համակարգին նուիրուած բանավէճը, որ տեղի ունեցած է 1966-ի Նոյեմբերին եւ շարունակուած է 20 օր»[1]։
2003-էն ինստիտուտը կը հրատարակէ «Լեզու եւ լեզուաբանութիւն» պարբերականը, որու նպատակն է անդրադառնալ առհասարակ լեզուի եւ լեզուաբանութեան առանցքային եւ զարգացման հեռանկարի տեսանկիւնէն առաւել ուշագրաւ խնդիրներու եւ հարցերու լուսաբանման (լոյս տեսած է տասնմէկ համար)։