Հաթթինի Ճակատամարտ
Հաթթինի ճակատամարտ, 4 Յուլիս 1187-ին Երուսաղէմի թագաւորութեան խաչակիրներու Այուպեաններու ուժերու միջեւ տեղի ունեցած ճակատամարտը, որուն ընթացքին, Սալահ ալ-Տին ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ ընդդէմ խաչակիրներու։
Հաթթինի Ճակատամարտ | |||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|
Խաչակրաց Երրորդ Արշաւանք | |||||||
| |||||||
| |||||||
Հակառակորդներ | |||||||
Այուպեաններ | Խաչակիրներ Տաճարականներու միաբանութիւն Հիւանդախնամներու միաբանութիւն Անտիոքի դքսութիւն | ||||||
Հրամանատարներ | |||||||
Սալահ ալ-Տին | Կի տը Լուզինեան Ռայմոնտ III Ռէնօ տը Շատիլեօն Պալիան տը Իբելին Ժերար տը Րիդֆոր | ||||||
Կողմերու ուժեր | |||||||
30,000 մարդ[1] | 20,000 մարդ[2]
| ||||||
Կորուստներ | |||||||
անյայտ | 17,000 մարդ |
Նախապատմութիւն
ԽմբագրելԵրուսաղէմի արքայ Պալտուին IV, իր կենդանութեան վարակուած էր մահացու՝ բորոտ հիւանդութեամբ. այդ պատճառով գահը ժառանգած է անոր եօթամեայ զարմիկ՝ Պալտուին V-ը, իսկ գահակալութեան խնամակալ եղած է Թրիթոլիի կոմս՝ Ռայմոնտ III-ը։ Ռայմոնտ, օգտուելով իր լիազօրութիւններէն, քառամեայ հաշտութեան պայմանագիր կը կնքէ Սալահ ալ-Տինի հետ։ Մէկ տարի ետք, անչափահաս արքան կը մահանայ, եւ գահը կը ժառանգեն Պալտուին IV-ի քոյրերը՝ Սիպիլլան եւ Իզապելլան։
Մինչեւ Պալտուին IV-ի մահը, Աքքայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի ժամանակ Երուսաղէմի պարոնները արքային կը խոստանան, որ անոր մահէն ետք, գահը Գի տը Լուզինեանին չ'անցնիր, եւ Հռոմի Պապը կ'որոշէ գահաժառանգը։
Մարտ 1185-ին, Պալտուին IV-ը՝ պարոնները մերժելով անոնց տուած խոստումը եւ չսպասելով Պապի որոշումը, երկու հակամարտող ճակատներու կը բաժնուի: Առաջին ճակատը Սիպիլլային եւ անոր ամուսին Կի տը Լուզինեանին կ'աջակցի (առաջին ճակատի համախոհներն էին Տաճարականներու միաբանութեան առաջնորդ՝ Ժերար տը Ռիդֆորը եւ Երուսաղէմի պատրիարքը), իսկ երկրորդ ճակատը Իզապելլային եւ անոր ամուսին Օնֆռուա IV-ին կ'աջակցէր (երկրորդ ճակատի համախոհներն էին՝ Պալիան տը Իբելինը եւ կոմս Ռայմոնտ III-ը)։ Արդիւնքը այն էր, որ 20-Մարտ 1189-ին, Սիպիլլան եւ Կին թագադրուեցան։ Ռէնօ տը Շատիլեօն Եգիպտոսէն Դամասկոս գացող հարուստ կարաւանը կը կողոպտէ, որուն մէջը նաեւ կը գտնուէր Սալահ ալ-Տինի քոյրը, որ ինչպէս բոլորը, ինք եւս սպանուեցաւ։ Սալահ ալ-Տինը պատուիրակութիւն կ'ուղարկէ Երուսաղէմ, պահանջելով յանձնել քաղաքը եւ Ռէնօ տը Շատիլիօնին։ Սակայն կը մերժուի։ Սալահ ալ-Տինը կը պաշարէ Ռայմոնտ III-ի յենարան՝ Տիբերիա քաղաքը։ 1187-ին Աքքայի մէջ պարոններու համաժողովի ժամանակ քաղաք կը հասնի Ռայմոնտի կնոջ սուրհանդակը՝ օգնութեան խնդրանքով։ Յաջորդ գիշեր, Տաճարականներու առաջնորդ՝ Ժերար տը Ռիտֆորի ճնշման տակ Կին կ'որոշէ օգնութեան հասնիլ պաշարուած քաղաքին։ Յաջորդ առաւօտեան, կը սկսի զօրքերու շարժը։
Ճակատամարտ
ԽմբագրելԽաչակիրներու ճամբան այդքան ալ երկար չէր (20քմ.)։ Սակայն Պաղեստինի չոր եւ կիզիչ Յուլիսը կը դժուարացնէր անոնց ճամբան։ Խաչակիրները չկրցան ջուրի աղբիւրը հասնիլ մինչեւ մայրամուտ։ Ետ դարձի համար արդէն ուշ էր, եւ Ռայմոնտ III-ի խորհուրդով, զօրքերը հասան Հաթթին կոչուող մասը։ Վրանները պատրաստելէ ետք, Սալահ ալ-Տին հրամայեց այրել շրջապատի չոր բուսականութիւնը, եւ որուն հետեւանքով, տհաճ ծուխը պատեց ամբողջ երկինքը։ Երկար ժամանակ ետք, խաչակիրներու վիճակը աւելի ծանրացաւ, անոնք սկսան շնչահեղձ ըլլալ կրակի ծուխէն։ Սուլթանը հրամայեց նետաձիգներուն կրակ բանալ խաչակիրներու ճամբարի ուղղութեամբ։
Ռազմական խորհուրդի ժամանակ, Կիի կողմէն որոշում կայացուեցաւ անյապաղ յարձակում կատարել սուլթանի ուժերուն վրայ։ Զօրքերը սկսան գրոհի պատրաստուիլ։ Ռայմոնտ III լրացուցիչ ուժերը կը ղեկավարէր եւ ճամբար հասնելուն պէս իր խումբով առաջնագիծը կազմեց։ Թիկունքը կազմեցին Պալիան տը Իպելինը եւ Ժոսլէն Եդեսիացին։
Երբ խումբերը մարտականօրէն պատրաստ էին, Ռայմոնտի խումբէն վեց դաւաճան ասպետներ, «Սատանայական ոգիի ազդեցութեամբ հասան Սալահ ալ-Տինի մօտ, եւ անոր տեղեկացուցին քրիստոնեաներու բոլոր մտադրութիւններու մասին, եւ գրաւուած դիրքի իւրայատկութիւնները»: Սուլթանին խորհուրդ տուին անակնկալ գրոհով ջախջախել խաչակիրներուն։ Լսելով այս ամէնը, սուլթանը զօրքերուն հրամայեց անյապաղ դասաւորուիլ եւ գրոհել ասպետներուն։ Արքայական զօրքերու հետեւակայինները, տեսնելով սարակինոսներու յառաջխաղացումը բարձրացան բլուրի վրայ եւ հրաժարեցան մարտնչելէ, չենթարկուելով՝ արքայի եւ պարոններու հրամաններուն եւ եպիսկոպոսներու աղերսներուն։ Ռայմոնտ III իր խումբով դիմաւորեց իսլամներուն, սակայն իսլամները խորամանկաբար շրջափակեցին զանոնք։ Յաջողեցան փրկուիլ միայն 10-20 ասպետներ նաեւ՝ կոմսը, Պալիան տը Իբելինին եւ Ժոսլէն Եդեսիացուն։
Արդիւնքներ
Խմբագրել4 Ապրիլ 1187-ին խաչակիրները ամբողջութեամբ ջախջախուեցան եւ շուրջ 17.000 զոհ տուին։ Ռէնո տը Շատիլէօն, Ժերար տը Րիդֆոր եւ շարք մը նշանաւոր ասպետներ, որոնց մէջն էր նաեւ Կին՝ գերի ինկան։ Սալահ ալ-Տին անձամբ գլխատեց Ռենոյին՝ իր քրոջ վրէժը լուծելու համար: Մարտի ընթացքին, քրիստոնեաները նաեւ կորսնցուցին քրիստոնէութեան գլխաւոր մասունքներէն մէկը՝ Ամենափրկիչ խաչը (այն խաչը, որուն վրայ խաչեցին Յիսուս Քրիստոսը)։ «Այդ ողբի, տանջանքի, ցաւի եւ աւերածութիւններու օրը խաւարեցաւ նաեւ լոյսը»։ Սալահ ալ-Տին շարժեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Հաթթինի մէջ փրկուած Պալիան տը Իբելինը Սիպիլլայի հետ միասին հերոսական ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպեց Երուսաղէմի մէջ, սակայն զօրքերու քանակի խիստ անհաւասարութեան պատճառով, 2 Հոկտեմբեր 1187-ին, քաղաքը ինկաւ: Սալահ ալ-Տինի յաղթանակը Հաթթինի մէջ սկիզբ հանդիսացաւ քրիստոնեաներու Սուրբ Երկրէն հեռացմանը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Baldwin M. W, «Raymond III of Tripolis». Princeton, 1936.
- Duggan A, «The Story of the Crusade». London, 1963.
- Runciman S, «A History of the Crusades», 2 vols. Cambridge, 1952.
- Schlumberger G, «Renaud de Châtillon…» Paris, 1898.
- «Estoire d’Eracle…» (через цитаты авторов 19-20 вв.)
- «The Crusades», the author and narrator Terry Jones. BBC, 1995