Հալէպի համալսարանի ռմբակոծումը

Հալէպի համալսարանի ռմբակոծումը, տեղի ունեցաւ 15 Յունուար 2013-ին[1], Սուրիական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Ռմբակոծումն առնուազն 82 հոգիի մահ պատճառեց Հալէպի համալսարանէն ներս, ներառելով ուսանողներ եւ երեխաներ: Պայթումներն, ըստ տեղեկութեանց, հարուածեցին Հալէպի համալսարանի հանրակացարանի եւ Ճարտարապետութեան բաժանմունքի միջեւ ինկած հատուածը` քննութեանց առաջին օրերուն: Երկու կողմերն ալ զիրար մեղադրեցին պայթումներուն համար: Թէեւ համալսարանը կը հանդիսանար հակաիշխանական ցուցարարութեանց կեդրոն, այնուհանդերձ անիկա կը գտնուէր իշխանութեան վերահսկած տարածքներուն մէջ, զոր կը նշանակէ կողմերէն ոչ մէկը շահագրգռուածութիւն ունէր հարուածելու զայն: Անիկա նաեւ կացարան էր աւելի քան 30.000 քաղաքացիներու, որոնք ապաստանած էին Հալէպեան մարտերէն[2]:

Հալէպի համալսարանի ռմբակոծումը
Տեսակ իրադարձություն?
Տեղադրանք Հալէպ եւ Հալեպի համալսարան?
Տարի 15 Յունուար 2013
Զոհեր 82
Վիրաւորներ 160

Սուրիական պաշտօնէութիւնն ու լրատուամիջոցները պնդեցին, որ ապստամբները 2 հրթիռ արձակած են հանրակացարանին վրայ ալ-Լէրամուն շրջանէն՝ յաւելելով, որ նոյն օրը նոյն տեղէն արձակուած նոյնանման հրթիռներ հարուածած են Բանի-Զէդ շրջանը: Հալէպի նահանգապետը Մոհամմատ Վահիտ Աքատ հրթիռակոծումները որակեց իբրեւ «ահաբեկչական յարձակում, զոր թիրախաւորեց ուսանողները՝ քննութեանց առաջին օրը»: Բարձրագոյն կրթութեան նախարար Մոհամմատ Եահիա Մուհալա ըսաւ, որ Նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրահանգներ յղած է՝ շուտափոյթ վերականգնելու Հալէպի համալսարանի կործանուած հատուածները՝ ապահովելով ուսման ծրագրի եւ քննութեանց ընթացքը համալսարանէն ներս: Ինչպէս նաեւ վերականգնել բոլոր բաժանմունքներն ու հիմնարկները, որոնք տուժեցին եւ կործանեցան «ահաբեկչութեան ձեռամբ, զոր թիրախաւորած էր Սուրիան եւ իւր ժողովուրդը:

Միացեալ Նահանգները կառավարական ուժերը մեղադրեց՝ օդային հարուածներուն պատճառած մահերուն համար, եւ դատապարտեց «արհամարհական յարձակումները»: Ընդդիմադիր աղբիւրները պնդեցին, որ ռազմական օդանաւերը թիրախաւորած են համալսարանը երկու տարբեր հրթիռներով՝ 3 վայրկուանուան տարբերութեամբ: Անոնք կը պնդեն, թէ անիկա փաստուած է «ականատեսներու վկայութիւններով եւ տեսագրութիւններով»: 24 Յունուարին, երկրորդ պայթումի ոչ արհեստավարժ տեսագրութիւն մը հրապարակուեցաւ, ընդ որում յետռմբակոծման՝ սաւառնող օդանաւի աղմուկը կը լսուի: Անանուն փոորձագէտներ՝ մէջբերելով «EA Worldview»-էն հաստատեցին, որ համալսարանին հասցուած հրթիռակոծումը օդէն գետին էր եւ ոչ թէ գետնէն օդը, ինչպէս պնդած էր սուրիական կառավարութիւնը:

«CNN» կը պնդէր, որ համալսարանի ուսանողութեան մեծամասնութիւնը սուրիական կառավարութիւնը կը մեղադրէ ռմբակոծման համար: Ուսանողներէն մեկն ըսաւ, որ պայթումներն աւելի շատ պատահական էին: Ուսանողն ըսաւ, Հալէպէն դուրս գտնուող որ ապստամբ կռուարարները, որոնք ըստ երեւոյթին զինուած էին տաքութիւնը հետապնդող հրթիռներով, արձակեցին զանոնք ՄԻԳ կործանիչով, մինչդեռ օդաչուն տաքութիւն արտադրող փուչիկը բաց թողած էր՝ իբրեւ խաբէական մարտավարութիւն: Հետեւաբար, հրթիռը հետապնդած է փուչիկը, ապա պայթած է համալսարանի հանրակացարանի մերձակայքէն ներս: Այլ ուսանողներ նոյնպէս տեղեկացուցին, որ իրենք նախապայթումին ականատես եղած են տաքութիւն արտադրող փուչիկի: Ասիկա սակայն չի պարզաբաներ երկրորդ պայթումը:

Սուրիոյ ուսանողաց ազգային միութիւնը դատապարտեց ահաբեկչական յարձակումը Հալէպի համալսարանին վրայ: Յայտարարութեան մը մէջ, միութիւնն ընդգծեց, որ «զինեալ ահաբեկիչ խմբաւորումները սկսան թիրախաւորել համալսարանները, ազգային տնտեսութեան ենթակառուցուածքները, պետական եւ մասնաւոր հաստատութիւնները, գործարանները, կազմակերպութիւնները, հացաթխման եւ հետազօտական կեդրոնները»: Միութիւնն իր հպարտութիւնը յայտնեց «սուրիական արաբական բանակի զոհաբերութեանց համար»՝ բաղձալով ողորմութիւն Սուրիոյ նահատակներուն եւ Հալէպի համալսարանին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հալէպի մէջ ուժգին պայթիւն տեղի ունեցած է»։ armenpress.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-07-06 
  2. «Syria crisis: Dozens killed by Aleppo university blasts»։ BBC։ արտագրուած է՝ 15 January 2013 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել