Հաղարջ
Հաղարջը, (Currant), կենսանիւթերով եւ ածխանիւթերով հարուստ հատապտուղ:
Տեսակներ
ԽմբագրելՀաղարջի զանազան տեսակներ գոյութիւն ունին` սեւը, կարմիրը եւ ճերմակը: Հաղարջը կը բուսնի Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ:
Կարմիր ու ճերմակ հաղարջը աւելի քաղցր է, քան սեւ հաղարջը, սակայն սեւը աւելի հարուստ է սննդական տարրերով: Անիկա կրկնակի անգամ կը պարունակէ կենսանիւթ Ա. եւ հինգ անգամ աւելի կենսանիւթ Սէ.: Իսկ հաղարջի բոլոր տեսակները կը պարունակեն կարգ մը հանքային աղեր, ինչպէս` կրածին, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ:
Հաղարջի երեք տեսակներն ալ կ'իյնան սննդարար պտուղներու ցանկին մէջ, որովհետեւ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած են:
Բժիշկներ կը յայտնեն, որ ի մասնաւորի սեւ հաղարջը մարմինին գեղձերը կը մաքրէ, ուժ կու տայ լեարդին եւ փայծաղին, որպէսզի լաւ ձեւով գործեն: Ան նաեւ օգտակար է մարմինէն դուրս վանելու համար թոյները` քրտինքի միջոցով:
Գիտնականներ ի յայտ բերած են նաեւ, որ սեւ հաղարջը բուժիչ դեղ է փորհարութեան եւ կ'օգնէ կոկորդի եւ նշագեղձերու բորբոքումի մեղմացումին:
Կարելի է սեւ, թարմ հաղարջի հատիկները ծամել, կամ անոր տերեւները զետեղել թէյի մէջ` յօդացաւը, յօդատապը (rheumatism) եւ երիկամներու հարցերը բուժելու համար: Սեւ հաղարջը կ'օգնէ նաեւ ձերբազատելու մարմնին մէջ գտնուող աւելորդ միզային թթուէն: Ան կ'օգնէ նաեւ թեթեւցնելու կնոջ դաշտանի ցաւերը:
Իսկ կարմիր հաղարջը, որ իր մէջ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ շաքար, միզաբեր է եւ կը բուժէ մարսողական ու յօդացաւի հարցերը:
Իսկ հարբուխի, բորբոքումի եւ այլ ժահրերու ազդեցութիւնը թեթեւցնելու եւ բուժելու համար կարելի է խմել կարմիր հաղարջի հիւթը` անոր վրայ աւելցնելով նոյն քանակութեամբ ջուր: Այս հիւթը կ'օգնէ նաեւ պաշտպանելու լինտն ու ակռաները:
Հաղարջը սպառելու թելադրանքներ
Խմբագրել- Նախընտրելի է թարմ հաղարջը սպառել իր եղանակին եւ զայն աւելցնել ուտելիքներու վրայ:
- Հաղարջը եփելու պարագային կը կորսնցնէ իր մէջ գտնուող կենսանիւթ Սէ.-ին մեծ մասը:
- Հաղարջի հատիկները կարելի է սպառել` զայն աւելցնելով պտուղի աղցանի, մեղրի կամ անուշեղէններու վրայ:
- Հաղարջը կարելի է նաեւ պտուղի վրայ աւելցնելով եփել եւ ստանալ համեղ փուտինկ:
- Հաղարջը կարելի է աւելցնել կարկանդակին կամ թարթին վրայ եւ զայն հրամցնել:
- Կարելի է նաեւ հաղարջի անուշ պատրաստել եւ զայն ընտանիքի անդամներուն նուիրել[1]: