Համայնք (հանդէս)
Համայնք, երկամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1894-ին (5 համար), Ժընեւի մէջ (անվտանգութեան նկատառումով տպագրութեան վայր նշուած է Փարիզը)։ Ժընեւի հայ անարխիստներու հրատարակչութիւն։ Հրատարակիչ-խմբագիր՝ Ա. Աթաբեկեան։ Գովազդած է անարխիզմը, հայ ժողովւկրդի երկու հատուածներու ազատագրման հնարաւոր ուղին համարած զինուած ապստամբութիւնը, Ռուսական կայսրութեան հպատակ ազգերու յեղափոխական ուժերուն համախմբուելու կոչ ըրած։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |