Հայաստանի Հանրապետութեան Բանակի Օր

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու օր (կամ Հայոց բանակի օր, հակիրճ՝ ՀՀ ԶՈՒ օր), Հայաստանի զինուած ուժերու մասնագիտական տօն, որ կը նշուի իւրաքանչիւր տարուան 28 Յունուարին Հայաստանի մէջ[1][2]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հայաստանի զինուած ուժերու տօնը հաստատուած է 6 Յունուար 2001-ին Հայաստանի նախագահին ստորագրած «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերի» մասին օրէնքով։ 20 Նոյեմբեր 2002-ին Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ լրացում մը եղած է՝ որու համաձայն 28 Յունուարը կը սահմանուի իբրեւ ոչ աշխատանքային օր[1]։

Հայաստանի բանակին տօնը կը նշուի 28 Յունուարին, քանի որ 1992-ի նոյն այդ օրը ընդունուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ» որոշումը[1]։

Տօնակատարութեան ընթացակարգ Խմբագրել

 
2015. հայկական բանակի շքերթ

Տօնին առթիւ ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ ՀՀ զինուած ուժերու ղեկավար կազմը կը շնորհաւորեն իրենց ենթակաները, իսկ առաւել աչքի ինկած աշխատակիցները կը պարգեւատրուին տարբեր աստիճանի մետալներով եւ խորհրդանշական իրերով։

28 Յունուարի երեկոյեան տօնին ծիրէն ներս Երեւանի Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի ազգային ակադեմիական թատրոնի դահլիճին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ ՀՀ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին համար համերգ կը կազմակերպուի, որ հասարակութեան որոշ հատուածի մը կը վերաբերուի[3][4][5]: 2017-ին միջոցառումներու շարքը համալրուած է 29 Յունուարի առաւօտեան, Մայր Աթոռի եւ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ պատարագի մատուցումով՝ զինուած ուժերուն ներկայութեամբ[6]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 1,2 28 Յունուարը Հայոց բանակին օրն է
  2. 28 Յունուարը Հայոց բանակի օր. «Հայզինուոր.ամ»
  3. Հանրապետութեան մէջ 28 Յունուարին կը նշուի հայկական բանակի կազմաւորման 18-րդ տարեդարձը
  4. 28 Յունուար 2017-ի համերգի համար նախատեսուած է 200 միլիո՞ն. «Հայկական ժամանակ» օրաթերթ
  5. ՊՆ-ն 50 միլիոն կը վճարէ 1.5 ժամ համերգ կազմակերպելու համար. «1-ին.ամ»
  6. «Վիգէն Սարգսեանը ներկայացուց 28 Յունուարի միջոցառումները. «Երկիր մեդիա»»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-28