Հայկական Էսպերանտիստ

Հայկական էսպերանտիստ (էսպերանտօ՝ Armena esperantisto), գրական, մշակութային, ուսումնական պատկերազարդ ամսաթերթ՝ հայերէն եւ էսպերանտօ լեզուներով։ Երեւանի համալսարանին առընթեր հայկական էսպերանտական կազմակերպութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1958 թուականին, Երեւանի մէջ, խմբագիր՝ Գուրգէն Սեւակ։

Ձգտածէ ընթերցանութեան նիւթ մատուցել հայ էսպերանտիստներուն, ամրապնդած անոնց կապերը Խորհրդային Միութեան էսպերանտական խումբերու հետ։ Ծանօթացուցած է հայ եւ օտար գրականութեան, ներկայացուցած է հայ անուանի գիտնականներուն, տպագրած բանաստեղծութիւններ (Յովհաննէս Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղրը»՝ Գ. Սեւակի թարգմանութեամբ), հանելուկներ, նոթագրուած երգեր։ «Լրատու» բաժինը լուսաբանած է էսպերանտական կեանքը Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ։ Ունեցած է էսպերանտօ լեզուն ուսումնասիրողներու դասընթաց։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։