Հայկական Ժառանգութեան Այգի (Պոսթըն)

Հայկական ժառանգութեան այգի, յուշարձան ԱՄՆ-ի Մասաչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքին մէջ։ Հայկական ժառանգութեան զբօսայգին հայ համայնքին նուէրն է Մասաչուսեցի քաղաքացիներուն եւ Պոսթըն քաղաքին։

Հայկական ժառանգութեան այգին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 22 Մայիս 2012-ին։

Պատմութիւն

Խմբագրել

«Հայկական ժառանգութեան այգին» Պոսթընի սիրտին մէջ առաջին յուշարձանն է, որ հիմնուած է Մասաչուսեցի պետական սեփականութիւն հանդիսացող տարածքին վրայ եւ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. անիկա նաեւ կը խորհրդանշէ հայ համայնքին ներդրումը ամերիկեան մշակութային կեանքին մէջ[1]։

Հայկական ժառանգութեան զբօսայգիին բացման արարողութեան մեծ ներդրում ունեցած են Մասաչուսեցի նահանգապետ Տուալ Փաթրիքը, քաղաքապետ Թովմաս Մ. Մենինոն, քոնկրեսական Էտուարտ Ճ. Մարկէյը եւ Միտլսեքս շրջանի ոստիկանապետ Փիթըր Ճի Քութուճեանը։ Զբօսայգիին բացման միջոցառման Հայաստանէն ներկայ եղած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը։ Այգիին օրհնութիւնը կատարած է Խաժակ Արք. Պարսամեանը, ընկերակցութեամբ՝ Օշական Արք. Չօլոյեանին եւ Վիգէն Արք. Հայկազեանին։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Մասաչուսեցի նահանգապետը[2]։

Տուեալներ

Խմբագրել

Զբօսայգին ունի ջրաւազան, ներգաղթողներուն ի պատիւ կանգնած յուշարձան մը, ինչպէս նաեւ քարերէն ու խոտէն կազմուած լաբիւրինթոս մը։

Ողջ զբօսայգին խորհրդանշական մեծ նշանակութիւն ունի։

Քանդակ

Խմբագրել

Զբօսայգիին մէջ տեղադրուած քանդակը իւրաքանչիւր տարի վերանորգուած է՝ խորհրդանշելով բոլոր անոնք, որոնք բաժնուած են իրենց ծննդավայրէն եւ նոր կեանք սկսած՝ Մասաչուսեցի ափամերձ այս շրջանին մէջ[3]։

Լաբիրինթ

Խմբագրել

Զբօսայգիին շրջանաձեւ ոլորուն ճանապարհը՝ պատուած խոտով ու քարերով, կը խորհրդանշէ կեանքի ուղին եւ ընթացքը։ Կեդրոնին մէջ զետեղուած յաւերժութեան նշանին[4] կեդրոնէն բարձրացող շատրուանը կը խորհրդանշէ յոյս եւ վերածնունդ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել