Հայոց Մայր (յուշարձան)
«Հայոց Մայր» յուշարձան (իտալ.՝ La Madre del'Armenia) անագապղնձաձոյլ յուշակոթող, որ տեղադրուած է Ֆլորենսայի Գթասրտութեան եկեղեցական կազմակերպութեան մուտքի մօտ եւ ցուցադրուած է շարք մը եւրոպական քաղաքներու մէջ։
Հայոց Մայր (յուշարձան) | |
---|---|
Պատմութիւն
Խմբագրել«Հայոց մայր» յուշարձանը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Յուշարձանը ցուցադրուած է Ֆլորենցայի, Սիենայի, եւրոպական շարք մը քաղաքներու մէջ՝ Մարսէյլի, Փարիզի, Պրիւքսէլի, Ժընեւի, Քոփենհակընի մէջ։ 2015 թուականի Ապրիլ ամսուն յուշարձանը ցուցադրուած է Վատիկանի մէջ, ուր Հռոմի պապը պատարագ մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին[1][2]։
«Հայոց Մայր» յուշարձանին քանդակագործը ստեղծած է մօր կերպարը, որ կը պաշտպանէ եւ ուղղութիւն ցոյց կու տայ իր չորս զաւակներուն։ Մօր թիկնոցը կը խորհրդանշէ Արեւմտեան Հայաստանը՝ իր եկեղեցիներով։ Մօր ուսերը նման են Արարատ լեռան[3]։
Հեղինակ
ԽմբագրելՔանդակագործ՝ Վիգէն Աւետիս
Տուեալներ
Խմբագրել- Նիւթը՝ անագապղինձ
- Չափերը՝ 250 X 250 X 100 սմ