Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Պուէնոս Այրէս)

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, յուշարձան Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի հայ կաթողիկէ Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ բակին մէջ։

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան (Պուէնոս Այրես, Արժանթին, Սուրբ Նարեկ)
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան Պուէնոս Այրեսի Սուրբ Նարեկ եկեղեցւոյ մուտքի մօտ
Կը Գտնուի Կաղապար:Դրօշաւորում/Արժանթին, Պուէնոս Այրես
Շինութեան ձեւ Յուշարձան
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Պատմութիւն

Խմբագրել

Յուշարձանը բարձրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով՝ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի զոհերուն։ Յուշարձանը բաղումը կատարուած է 16 Օգոստոս 2015-ին։ Յուշարձանի բարձրացման աջակցած են «Պօղոս եւ Սիրանուշ Արզումանեաններ» հիմնադրամը, անհատ բարերաներ Սերժիօ Քարլոս Աքրապեանը եւ Սիմոն Թիւթիւնճեանը[1]։

Յուշարձանի ներքեւի թափանցիկ հատուածին մէջ ամփոփուած են Տէր Զօրի անապատէն բերուած հայ նահատակներու մասունքները։

Յուշարձանի բացման արարողութեան մասնակցած են Արժանթինի ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեանը, «Պօղոս եւ Սիրանուշ Արզումանեաններ հիմնադրամի» նախագահ Ալպերթօ Ջերեջեանը, տարբեր հասարակական կառոյցներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ։

Հեղինակ

Խմբագրել

Յուշարձանի հեղինակն է նկարիչ Գագիկ Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ հեղինակած է Արժանթինի Հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ խորանի որմնանկարները:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել