Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Ստեփանակերտ)

Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան, «Զանգակատուն», Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած զանգակատուն-յուշարձան՝ ԼՂՀ Ստեփանակերտի Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ։

Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան Ստեփանակերտի մէջ
Կը Գտնուի Կաղապար:Դրօշաւորում/Արցախ Ստեփանակերտ
Շինարար Ճարտարապետներ՝ Վլատմիր եւ Միքայէլ Սարգսեաններ, Նախագիծի համահեղինակ` Միքայէլ Սարգսեան
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Պատմութիւն

Խմբագրել

Յուշարձանը նուիրուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Տեղադրուած է 2015-ին Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ։

«Զանգակատուն»ը կառուցուած է Սզնէքի սպիտակ մարմարով։ Հայկական աւանդական ճարտարապետական լուծումներով կառուցուած երկաստիճան գմբէթով զանգակատունը ունի 18 մեթր բարձրութիւն եւ պսակուած է 9 մեթր բարձրութեամբ խաչով[1]։

«Զանգակատուն» կառուցելու գաղափարը խորհրդանշական է։ Գաղափարը ներկայացնելուն յուշարձանի ճարտարապետ Վլատիմիր Սարգսեանը ոգէշնչուած է Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» պոէմէն, վերընթերցել քանի մը անգամ ու հասկցած, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար պէտք է կառուցել «անլռելի» զանգակատուն[2]։

Զանգակատան հիմքին մէջ Արցախի թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը Ցեղասպանութեան նահատակներու մասունքներու զետեղման կարգ կատարած է։ Մասունքները բերուած են Տէր Զօրէն[3]։

Հեղինակներ

Խմբագրել
  • Ճարտարապետներ՝ Վլատմիր եւ Միքայէլ Սարգսեաններ[4]
  • Նախագիծի համահեղինակ՝ Միքայէլ Սարգսեան

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել