Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցի (Հալէպ)

Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցի, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցի։ Հիմնուած է 1922 թուականին[1]։ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետի նստավայրն է[2]։

Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
Նահանգ Հալէպ
Հոգեւոր կարգավիճակ Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Ներկայ վիճակ գործող
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մեծ Եղեռնէն եւ յատկապէս Կիլիկիոյ վերջնական դատարկուելէն յետոյ, բազմաթիւ տարագիր հայեր հաստատուած են Հալէպի Ճապրիէ, Համիտիէ եւ Սուլէյմանիէ շրջաններուն մէջ։ Կազմաւորուած գաղթօջախին մէջ 1922-էն ձեւաւորուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնք։ Համիտիէի մէջ Ամերիկեան Պորտ միսիոներականներու նախաձեռնութեամբ կրօնական ու կրթական նպատակներով տախտակաշէն կառոյց մը կը ստեղծուի։

Եկեղեցւոյ անունը ընտրուած է Բեթէլ, որ եբրայերէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ «Աստուծոյ տուն»[3]։ Ստեղծման պահուն Բեթէլ եկեղեցւոյ այցելուներու մեծամասնութիւնը Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու պատկանող տարագիրներ եղած են, այդ իսկ պատճառով Բեթէլը գաղթականութեան առաջին օրերուն Քեմբի Բեթէլ եկեղեցի կոչուած է։

1932 թուականին եկեղեցի յաճախողներու թիւը հասած է 1600 հոգու։ 1932-1934 թուականներուն Բեթէլ Եկեղեցւոյ հովիւ նշանակուած Ներսէս Սարեանը, որու ջանքերու շնորհիւ Հալէպի Ճապրիէ թաղամասի բարձրունքումուն վրայ հող կը գնեն եւ 1934-ին կատարած են Բեթէլ եկեղեցւոյ նոր շինութեան հիմնարկեքը։ Նոր եկեղեցին կառուցուած է Մարաշի Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ նմանութեամբ[2]։

1923-ին Բեթէլ եկեղեցուն կից բացուած է կրթական ու մշակութային կեդրոն, նոյնանուն՝ Բեթէլ երկրորդական վարժարանը[4]։ 10 Հոկտեմբեր 2016-ին իսլամիստ ահաբեկչական խմբաւորումը հրթիռակոծած է վարժարանը։ Պատերազմի ժամանակ տուժած է նաեւ եկեղեցու տանիքը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԻՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԵԹԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ – Գանձասար»։ արտագրուած է՝ 2022-07-08 
  2. 2,0 2,1 «ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Ը. ՄԱՍ)»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2017-12-15։ արտագրուած է՝ 2022-07-08 
  3. «Բեթել»։ www.churchofjesuschrist.org (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-07-08 
  4. «Հրթիռակոծուած Է Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-07-08