Հայ Գիրքը Հայոց Պետականութեան Վերականգնումէն ետք
Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը (1918-1920 թթ.) քաղաքական անբարեյոյս իրավիճակի եւ գոյատեւման կարճ ժամանակահատուածի պատճառով էական հետք չէ ձգած հայկական տպագրութեան պատմութեան մեջ։
Հայ գիրքը ՀԽՍՀ տարիներուն
ԽմբագրելՀԽՍՀ տարիներուն (1920-91 թթ.) հայ գիրքի տպագրութեան գլխաւոր կեդրոնը դարձած է մայրաքաղաք Երեւանը։ 1921 թ.-ին ստեղծուած է պետական հրատարակչութիւն՝ «Հայպետհրատը», իսկ 12 Փետրուար 1921-ին կառավարութիւնը գրահրատարակչական արտադրանքի հաշուառման եւ տպագրուած նիւթերէն Հայաստանի պետական հանրային (այժմ Հայաստանի ազգային) գրադարանին եւ Հայաստանի գրապալատին (այժմ Հայաստանի ազգային գրապալատ) տրամադրելու որոշումը ընդունած է։ Ստեղծուած են շարք մը հրատարակչութիւններ՝ ԵՊՀ-ի, Երեւանի մանկավարժական հիմնարկին մէջ, ՀԽՍՀ ԳԱ-ի, «Լոյս», «Գիտելիք» ընկերութեան եւ այլն։ 1964 թ.-ին «Հայպետհրատը» վերանուանուած է «Հայաստան» հրատարակչութեան։ Որոշ ժամանակէ մը ետք անորմէ անջատուած են առանձին բաժիններ եւ դարձած ինքնիրոյն հրատարակչութիւններ՝ «Սովետական գրող», «Արեւիկ» եւ «Անահիտ»։ 1967 թ.-էն կը գործէ «Հայկական հանրագիտարանային հրատարակչությունը»։
Հայ գիրքը 1920-ական թուականներուն
Խմբագրել1920-ական թուականներէն ՀԽՍՀ-ի մէջ տպագրութիւնը եւ տպարանն անջատուած են հրատարակչութիւնէն, տպարանն այնուհետեւ դարձած է պատուեր կատարող ձեռնարկութիւն։ ՀԽՍՀ-ին գործած է 30 տպարան, որոնցմէ 14-ը՝ Երեւանի մէջ։ Խորհրդային շրջանին մէջ հրատարակուած են հայ դասականներու եւ ժամանակակից հեղինակներու գործեր, բազմահատորեակներ, տարբեր մատենաշարեր, դասագրքեր, գիտութեան, մշակոյթի, հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներու վերաբերեալ գրքեր, մեծ ծաւալի հասած են թարգմանական գրականութեան հրատարակումը, յատկապէս՝ Ռուսերէնէն։ Որոշ գրքերու տպաքանակը հասած է 20-50 հազարի։ 1974-87-ին 100 հագար տպաքանակով լոյս տեսած է «Հայկական սովետական հանրագիտարանը» (12+1 հատոր)։ Իւրաքանչիւր քաղաք եւ շրջկենդրոն ունեցած է իր թերթը, լոյս ընծայուած են նաեւ տարաբնոյթ ամսագրքեր, գրքերուն եւ պարբերութիւններուն զուգահեռ տպագրուած են նաեւ ալպոմներ, նոտաներ, քարտէսներ, օրացոյցներ, բացիկներ, ցուցապաստառներ եւ այլն։
Թուային տուեալներ
Խմբագրել1921-1986 թթ.-ին ՀԽՍՀ-ին մէջ տպագրուած է շուրջ 60 հագար անուն գիրք ու գրքոյկ, ամէն տարի լոյս տեսած են աւելի քան 1100 անուն գիրք, 166 անուն պարբերականներ, հայերէն գիրքեր, պարբերականներ տպագրուած են նաեւ խորհրդային Միութեան շարք մը քաղաքներուն մէջ՝ Մոսկուա, Լենինգրադ, Թբիլիս, Բաքու, Արմաւիր, Բաթում, Ախալքալաք եւ հայաշատ այլ վայրերուն մէջ։ ՀՀ անկախացման 1-ին տարիներուն եւ Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմի (1991-94 թթ.) հետեւանքով առաջացած տնտեսական դժվարությունների պայմաններում տպագրվող գրքերի քանակը կտրուկ պակսած է. լոյս տեսած են փոքր տպաքանակներով՝ 1994-ին՝ 224 անուն գիրք, 1999-ին՝ 577, 2000-ին՝ 670, իսկ արդէն 2009 թ.-ին՝ 2027 անուն գիրք, բայց դարձեալ փոքր տպաքանակներով՝ 500-1000 օրինակ։ Ստեղծուած են նոր հրատարակչութիւններ՝ «Ապոլլոն», «Էդիթ Պրինտ», «Վան Արեան», «Սարգիս Խաչենց», «Ամարաս» «Փրինթինֆո», «Մակմիլան Արմենիա», «Զանգակ-97», «Տիգրան Մեծ», «Լուսակն», «Մուղնի» եւ այլն։ Ներկայիս ՀՀ-ին մէջ կը գործեն շուրջ 140 հրատարակչութիւն, առանձին տպարաններ եւ գրահրատարակչային համալիրներ։ 2000-2011 թթ.-ին տպագրուած է աւելի քան 17 հազար անուն գիրք։ Քանակապէս աւելցած են բազմաբնոյթ պարբերութիւնները. 2008-2010 թթ.-ին լոյս տեսած են 176 անուն հանդէս եւ 140-էն աւելի թերթ։ Զգալի թիւ կը կազմեն գիտական եւ մասնագիտական պարբերութիւնները։
Հայ գիրքը Միջազգային հարթակին մէջ
ԽմբագրելՀրատարակչային ձեւաւորման եւ որակի տեսակետէն հայկական ներկայիս տպագիր նիւթը չի զիջիր զարգացած երկիրներու արտադրանքին։ Գրքի միջազգային տոնավաճառներուն մէջ հայերէն հրատարակչութիւնները կը շահին առաջնակարգ մրցոյթներ, տարուէ-տարի կը մեծնայ արտերկրի հրատարակիչներու եւ գրավաճառներու ուշադրութիւնը հայկական տպագրանիւթի նկատմամբ։
Երեւանը՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք
Խմբագրել2012 թ.-ին Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաք Երեւանը, հայ գրատպութեան 500-ամեակի կապակցութեամբ, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ն հռչակած է գիրքի 12-րդ համաշխարհային մայրաքաղաք։ Այդ տիտղոսը Երեւանին փոխանցուած է Արգենտինայի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրըսէն՝ 23 ապրիլին, տոնական հանդիսութիւններու պաշտօնական բացման ժամանակ։ Տոնակատարութեան շրջանակներուն մէջ, ի թիւս բազմաթիւ միջոցառումներու, կազմակերպուած են ցուցահանդէսներ, գիտաժողովներ, շնորհանդէսներ եւ այլն, Երեւանոի մէջ տեղադրուած է Գավիթ Երեւանցու «Վարք Յավերժութեան» քանդակը, որ կը խորհրդանշէ Մեծ եղեռնի տարիներուն «Մշո ճառընտիր» մագաղաթէ ձեռագիրը ոչնչացումէն փրկած հայ կանանց սխրանքը։