Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւն

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) հիմնուած է 1963-ին։ ՀԵՀՈՄ-ին կ'անդամակցին Լիբանանի համալսարաններու եւ այլ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու ուսանողներն ու շրջանաւարտները։

ՀԵՀՈՄ-ի անդամական ընդհանուր ժողովը կ'ընտրէ 5 կամ 7 հոգիներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որ կը կազմակերպէ միութեան գործունէութիւնը եւ կը մշակէ տարեկան ծրագիրները։

Համալսարանական ուսանողներ փորձառական շրջանի մը համար իբր օժանդակ անդամներ կը մասնակցին ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութիւններուն եւ ապա կը դառնան լիիրաւ անդամ։ Անդամները իրենց գործունէութիւնը խորհրդանշող տարեկան անդամավճար կու տան։

Յանձնախումբին կողքին, հոգեւոր խորհրդատու մը կը նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, որ կը հսկէ եւ կը համադրէ միութեան գործունէութիւնը։

Հանդիպումներն ու ձեռնարկները տեղի կ'ունենան շաբաթական դրութեամբ եւ կ'ընդգրկեն դասախօսութիւններ, կլոր սեղաններ, համագումարներ, այցելութիւններ ու ընկերային հաւաքներ։ ՀԵՀՈՄ-ի անդամները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միջ-եկեղեցական երիտասարդական գործունէութեանց, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին առընչուած ձեռնարկներուն։

Եռամսեայ դրութեամբ ՀԵՀՈՄ լոյս կ'ընծայէ «Տեղեկատու»ն, որ կը պարունակէ համառօտ յօդուածներ, զեկոյցներ եւ տեղեկագիրներ։

Տեղական, շրջանային եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ ՀԵՀՈՄ-ը սերտօրէն կը գործակցի կրօնական-երիտասարդական շարժումներու հետ։Միութիւնը կ'աշխատակցի Համաշխարհային Քրիստոնեայ Ուսանողներու Միութեան (WSCF), Syndesmos-ի, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) երիտասարդական բաժանմունքներուն հետ։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել