Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատոյ Հանգանակը
Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատոյ հանգանակը քրիստոնէական հաւատքի ամէնէն կարեւոր բանաձեւերու խտացուած շարադրանքն է:
Դաւանութիւնը
ԽմբագրելՀաւատամքը Հայ Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն է միաստուածութեան եւ ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր, Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն նկատմամբ: Արեւմտեան Եկեղեցիներու Հայրերու մօտ տարածուած է այն աւանդութիւնը, թէ «Հաւատոյ հանգանակ»ի հեղինակները Յիսուսի տասներկու առաքեալներն են, որ իր կարգին՝ բանաձեւուած է Նիկիոյ (325) Ա. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին, 318 հայրապետներու կողմէ, եւ կը կոչուի նաեւ «Նիկիական հանգանակ»: Այս ժողովին մասնակցած է նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին որդին՝ Արիստակէս Կաթողիկոսը: Այնուհետեւ 381-ին, «Հաւատամք»ը վերատեսութեան ենթարկուած է Կ. Պոլսոյ Բ. Տիեզերական Ժողովին:
Հաստատումը
Խմբագրել«Հաւատամք»ը Սուրբ Պատարագի մէջ ներմուծուած է 473-ին, Անտիոքի Պետրոս «Թափիչ» Պատրիարքին կողմէ: 511-ին որդեգրուած է Բիւզանդական Եկեղեցւոյ կողմէ, իսկ 589-ին՝ ընդունուած է Արեւմուտքի մէջ:
Հայ եկեղեցին Հաւատոյ հանգանակը Լուսաւորչեան Հանգանակ կը կոչէ նաեւ, որովհետեւ անոր աւարտին յաւելուած «Իսկ մեք փառաւորեսցուք» փառաւիրական աղօթքը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին վերագրուած է:
Հայոց Պատարագամատոյցի Հաւատամքը կարելի է Նիկիական Աթանասեան կոչել:
«Հաւատոյ հանգանակ»ը դարեր շարունակ քրիստոնէութիւնը զերծ պահած է ժամանակի զանազան հերձուածողական շարժումներէն: Անցեալին, Հաւատամքին կը յաջորդէր Նեստորի եւ Արիոսի (որոնք կ'աղաւաղէին աստուածային համագոյութիւնը) աղանդներուն դէմ գրուած բանաձեւ մը, որուն մէջ կը շեշտուէր թէ՝ Քրիստոսի եւ Ս. Հոգւոյ աստուածութեան մերժումը մեծագոյն մոլորութիւն է եւկը տանի կորստեան: Այս նզովքը այսօր կարգ մը եկեղեցիներու մէջ զեղջուած է:
Այլ «Հաւատամք»ներ
ԽմբագրելՀայ եկեղեցւոյ մէջ, այս «Հաւատամք»էն անկախ՝ երկու ուրիշ աւելի հին հաւատամքներ եւս մշակուած են. առաջինը՝ «Խոստովանիմք եւ հաւատամք ամենակատար սրտիւ», որ Ժամագիրքի սկիզբը կը գտնուի: Իսկ երկրորդը՝ շատ աւելի հակիրճ է, կը գտնուի Մկրտութեան կանոնին մէջ, որ հետեւեալ բանաձեւը ունի. «Հաւատամք յԱմենասուրբ Երրորդութիւնն ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Սուրբ Հոգի: Զաւետումն Գաբրիէլի, զԾնունդն Քրիստոսի, զՄկրտութիւնն, զՉարչարանս, զԽաչելութիւնն, զԹաղումն երեքօրեայ, զՅարութիւնն, զաստուածապէս Համբարձումն, զնստիլն ընդ աջմէ Հօր, զահաւոր եւ զփառաւորեալ զմիւսանգամ Գալուստն՝ խոստովանիմք եւ հաւատամք», զորս Հայ Առաքելական Եկեղեցին որդեգրած է, թէեւ Հայ Կաթոլիկ Եկեղեցին՝ մկրտութեան պահուն Նիկիոյ հանգանակը ամբողջութեամբ կ'արտասանէ:
Ըստ Յովհաննէս Արճիշեցիի, «Նիկիական հանգանակ»ը արտասանելով՝ ժողովուրդը կը խոստովանի ուղիղ հաւատքի դաւանանքը, որմէ ետք կրնայ արժանապէս աստուածային խորհուրդին մօտենալ[1]: