Հայ Մարզիկները՝ Հին Ողիմպիականներուն

1952 թուականէն սկսեալ, հայ մարզիկները Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած են Խորհրդային Միութեան հաւաքականներու որպէս անդամ, իսկ 1994էն ետք՝ կը մասնակցին անկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշին տակ։ Սակայն հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը ողիմպիականներուն աւելի հինէն կու գայ։ Ողիմպիական խաղերը ունեցած են երկու շրջան՝ հին եւ արդի։ Հինը սկսած է հելլէնական շրջանին եւ աւարտած է ք. ե. 394 թուականին, իսկ նորը սկսած է 1896-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Ըստ պատմագիտական տուեալներու, հայոց Տիգրան Բ. արքան մասնակցած է հին շրջանի 170րդ խաղերուն, իսկ Արշակ Ա. թագաւորը՝ 202րդ խաղերուն։ Անոնք երկուքն ալ արժանացած են «Ձիթենիի ճիւղեր»ու։ ժամանակին անոնցմով կը զարդարէին մրցումներու յաղթականներու ճակատները։ Ագաթանգեղոս պատմիչը եւ մեր պատմահայրը` Մովսէս Խորենացին գրած են նաեւ Հայոց Տրդատ Գ. արքային մասնակցութեան մասին։ Ըստ այդ տուեալներուն, Տրդատ Գ. պէտք է որ մասնակցած ըլլայ Ողիմպիական հին շրջանի 265րդ խաղերուն, որոնք տեղի ունեցած են մօտաւորապէս 280 թուականին։ Խորենացի վկայութիւններ ունի նաեւ ողիմպիական այլ դիւցազնի մը մասին, որ հայոց Վարազդատ թագաւորն էր. ահաւասիկ այդ վկայութիւնը.«(Վարազդատ) նախ Բիասայի մէջ յաղթեց բոլոր բռնցքամարտիկներուն, յետոյ հելդացիներու Արեկ քաղաքին մէջ կէս օրուան մէջ քանի մը առիւծ սպանեց, որուն համար ողիմպիական հանդէսի ըմբիշներու խաղերուն փառք եւ յարգանք վայելեց»: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ Վարազդատ մասնակցած է հին շրջանի վերջին՝ 293րդ խաղերուն, որոնք տեղի ունեցած են 394 թուականին։ Այդ տարի, Հռոմի Թէոդոս Օգոստոս Մեծն կայսրը հրամայեց արգիլել ողիմպիական խաղերը, զանոնք համարելով հեթանոսական շրջանէն մնացած երեւոյթներ։

75-78րդ եւ 81-83րդ Ողիմպիականներու մետալակիրներուն ցուցակը (Ք.ա. 480–468, Ք.ա 456–448 )

Աղբիւրներ

Խմբագրել