Հեգթըր Լուի Պեռլիոզ (11 Դեկտեմբեր 1803(1803-12-11)[1][4][2][…], Լա Կոտ Սեն Անդրե[5] - 8 Մարտ 1869(1869-03-08)[1][2][3][…], Փարիզ[5]), ֆրանսացի երգահան, բեմադրիչ, երաժշտագէտ,երաժշտական քննադատ։

Հեգթըր Պեռլիոզ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ֆրանսայի հարաւարեւմտեան Գոթ Սենթ-Անտրէ (Իզեր) բնակավայրինմէջ, բժիշկի ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը՝ Լուի Պեռլիոզ զբաղած է զաւակին ընդհանուր կրթութեամբ, նաեւ երաժշտութեան տարրական դասերով։ Տասներկու տարեկանին ապագայ երաժշտագէտը կը կատարէ երաժշտութեան քայլերու առաջին փորձերը՝ սորվելով նուագել ֆլեյտա,ապա կիթառ: Հետագային ան կը սկսի ուսումնասիրել հօր գրադարանին մէջ պահուող երաժշտութեան տեսութեան եւ հարմոնիայի մասին գիտական ժառանգութիւնները։ 1821-ին կը մեկնի Փարիզ, հօր քաջալերանքով բժշկութիւն ուսանելու։ Առաջին անգամ այցելելով օփերային թատրոն, կը լսէ Կլիւկի «Իփիկենիան Թաւրիսի մէջ» օփերան։ Յաջորդ օրուընէ սկսեալ ան կը դառնայ երաժշտանոցի գրադարանին մշտական այցելուներէն մէկը։ Ծնողները չէին սիրեր իր երաժշտութեան նուիրուելու փաստիրողութիւնը։ Երիտասարդ Պեռլիոզ կը մտադրէ իր ստեղծագործական յաջողութուններով ապացոյցներ տալ իր ծնողներուն։ Նախ բժշկութիւն կ'ուսանի, սակայն շուտով կ'որոշէ նուիրուիլ երաժշտութեան։

 
Հեգդըրի դամբարանը

1825-ին տեղի կ'ունենայ Պեռլիոզի գրած երաժշտութեան առաջին հանրային կատարումը: 1826-1830 կ'ուսանի Փարիզի Երաժշտանոցին մէջ շուտով դառնալով աշխարհահռչակ: Մահացած է 8 Մարտ 1869-ին եւ թաղուած է Մոնմարթրի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել