Հին Աստուածներ, Լեւոն Շանթի թատերախաղերէն, գրուած (1912) թուականին:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Լեւոն Շանթի թատերական այս գործին ներշնչման աղբիւրը հանդիսացած է Ստեփանոս Օրբելեանի կողմէ աւանդուած Մաշտոց եպիսկոպոսի պատմութիւնը: «Հին Աստուածներ»ը, խորհրդանշական պատկերներով կառուցուած, բանաստեղծական եւ փիլիսոփայական խորք ունեցող թատերգութիւն մըն է, որ նոր որակ մտցուց մեր գրականութեան մէջ յեղաշրջելով թատերական արուեստի նախկին ըմբռնումները:

Այս թատերգութեան ներկայացումները Կովկասի եւ Պոլսոյ մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Մտաւորականութիւնն ու մամուլը լուսարձակի տակ առին զայն:

Թատերգութեան Պատմութիւնը

Խմբագրել

Դէպքը տեղի կ'ունենայ Սեւանայ կղզիին վրայ: Գլխաւոր հերոսներէն մէկն է Վանահայրը, նախկին իշխան Յովհաննէս: Իր սիրած իշխանուհին ուրիշի հետ ամուսնացած ըլլալուն պատճառով աշխարհիկ կեանքէն կը քաշուի եւ կ'երթայ Սեւանայ կղզիին վրայ վանք մը հիմնելու: Իշխանուհին նիւթական իր ներդրումը կը բերէ, որպէսզի կղզիին վրայ գեղեցիկ տաճար մը կառուցուի:

Թատերգութեան երկրորդ տիպարն է՝ Աբեղան, միաբանութեան երիտասարդ եւ արժէքաւոր անձերէն մէկը: Օր մը երբ իշխանուհիին եղբօր աղջիկը՝ Սեդան իր հօր հետ կղզի կ'այցելէ, լաստը կը խորտակուի Սեւանի մէջ եւ Աբեղան շուտով կ'ազատէ Սեդային: Այդ վայրկեանէն սկսեալ Աբեղան կը սիրահարուի Սեդային: Կը փորձէ մոռնալ զինք, բայց չյաջողելով ի վերջոյ անձնասպան կ'ըլլայ նետուելով Սեւանի ալիքներուն մէջ:Վանահայրը երբ կը հաստատէ, որ նոր շինուող տաճարը մեղքի վրայ հիմնուած է, այսինքն՝ իր եւ իշխանուհիին նախկին սիրոյ յիշատակներուն վրայ, կը հեռանայ կղզիէն հինը քանդելու եւ նորը շինելու համար:

Թատերգութեան Փոխաբերական Իմաստը

Խմբագրել

«Հին Աստուածներ»ը ընդհանուր գիծերով կը ներկայացնէ հոգիի եւ մարմինի, զգացումներու եւ բանականութեան, կիրքերու եւ կամքի յաւիտենական պայքարը: Հոն արտացոլուած են աշխարհիկ եւ հոգեւոր սկզբունքներու յաւերժական հակադրութիւնը: Աբեղան խորհրդանիշն է մարդկային բնազդին եւ զգացումներուն, իսկ Վանահայրը՝ կը մարմնաւորէ մարդկային կամքն ու բանականութիւնը: Մէկը հայեացքը կ'ուղղէ դէպի անցեալը՝ սկզբնականը, միւսը՝ դէպի անյայտ ապագան[1]:

Երկու տիպարներն ալ կ'որոնեն երջանկութիւն եւ ներքին գոհունակութիւն: Վանահայրը զայն կը գտնէ կատարեալ մեկուսացման մէջ, Աբեղան՝ երազներու մէջ: Առաջինին համար լաւագոյն կեանքն է մտքի վայելքն ու առանձին խոկումը, իսկ երկրորդին համար՝ սրտի վայելքն ու երազանքը: Ոչ մէկը սակայն գոհացում կը ստանայ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Արդի Հայ Գրականութիւն, գեղապաշտ շրջան,1900-1915, Մուշեղ Իշխան, Պէյրութ, 1984:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել