Հին Յունաստանի ճարտարապետութիւն
Հին Յունաստանի ճարտարապետութիւն, ճարտարապետութիւն, որ զարգացուածէ յունարէն խոսող ժողովուրդի (հելեններիու) կողմէ, որոնց մշակոյթը ծաղկած է մայրցամաքային Յունաստանի մէջ եւ Փելոպոնէս թերակղզիին, Էժէյան կղզիներու, Անաթոլիայի եւ Իտալիայի յունական գաղութներուն մէջ ք.ա. 900-էն մինչեւ ք.ե. առաջին դար ժամանակաշրջանին մէջ, որոնցմէ մեզի հասած ամենահին ճարտարապետական շինութիւնները թուագրուին ք.ա. 600 թուականով։[1]
Հին յունական ճարտարապետութիւնը աւելիլ յայտնի է իր տաճարներով, որոնցմէ շատերը հիմնականօրէն աւերուած են, բայց ձեւափոխութիւններ չեն կրէր։ Երկրորդ յիշարժան կառոյցը, որը հասած է մեզի, հելենիստական աշխարհի բացօթեայ թատրոնն է, որ թուագրուի ք.ա. 350 թուականով։ Այլ ճարտարապետական կառոյցներու տեսակներուն կը վերաբերին Փրոփիլէյ շքամուտքը, սիւներով շրջափակուած (սթոա) Ակորա հրապարակը, քաղաքային խորհուրդի շէնքը (պուլեթերիոն), քաղաքային յուշարձանը, յուշարձանային դամբարանը եւ մարզադաշտը:
Հին յունական ճարտարապետութիւնը իւրահատուկ է իր լաւ ձեւաւորուած հատկանիշներով՝ կառոյցով, եւ զարդարմամբ։ Ան հատկապէս ճիշտ է տաճարներու համար, որտեղ իւրաքանչիւր կառոյց մտածուած էր որպէս լանտշաֆթի քանդակագործական տարր, որ յաճախ բարձրունքներու վրայ էր եւ վերջինիս համաչափութիւններու գեղեցկութիւնը հնարաւորութիւն կը հանդիսանար շինութեան բոլոր կողմերէն։[2] Նիքոլաս Պեւսները ըսած է. «Յունական տաճարի ձեւակերտը մեր առջեւ կը բանայ աւելի բուռն, աւելի կենդանի կառոյցի տեսք, քան ցանկացած աւելի ուշ ժամանակաշրջանի կառոյց»:[3]
Հին Յունաստանի ճարտարապետական ոճը կը բաժնուի երեք ճիւղերու՝տորիական սիւնակայգ, իրոնիքական սիւնակարգ եւ քորինֆական սիւանկարգ, որոնք հիմանարար ազդեցութիւն ունին արեւմտեան ճարտարապետութեան աւելի ուշ ժամանակաշրջաններու վրայ։ Հին հռոմէական ճարտարապետութիւնը զարգացած է յունականի հիմքով եւ անոր ազդեցութիւնը մինչեւ այսօր նկատելի է։ վերածնունդի ճարտարապետութենէն քլասիցիզմի անցնելէն ոչ միայն պահպանած են Յունական ճարտարապետական ճշգրիտ ձեւերն ու սիւնակարգերը, այլեւ պահպանուած են ճարտարապետական գեղեցկութեան հասկացութիւնը եւ համաչափութիւնը։ Ճարտարապետական ոճերէն յաջողուած Նէոդասական ճարտարապետութիւնը եւ յունական վերածնունդի ճարտարապետութիւնը սերտօրէն կապուած են հին յունական ճարտարապետութեան հետ։
Հին Յունաստանի ճարտարապետութեան շինութիւններու վերականգման կամ վերակառուցման համար ժամանակակից արուեստագիտութիւնները, ներառեալ 3D եւ իսկական կաղապարումը, մեծ հեռանկար կը բանան։[4]
Ազդեցութիւններ
ԽմբագրելԱշխարհագրութիւն
ԽմբագրելՅունաստանի ցամաքային եւ կղզիական մասերը ժայռոտ են՝ խորը կտրատուած ափերով եւ լեռնային բարձունքներով, որոնցմէ մի քանին անտառապատ են։ Կառոյցներուն համար ամենահասանելի շինութիւնները քարն է։ Կրաքարը տարածուած էր եւ հեշտօրէն կը մշակուէր։[5] Առատ էր նաեւ սպիտակ մարմարը, որ կարելի էր գտնել եւ' ցամաքի վրայ, եւ' կղզիներուն մէջ, մասնաւորապէս Փարոսի եւ Նեկսոսի մէջ: Այս քարերը մանարահատիկ կառուցուածք ունէին եւ կարելի էր շատ ճշգրիտ դետալներ սարքել եւ ճարտարապետական եւ քանդակագործական ոլորտում։ Անոր համար ալ անորմով զարդարուած էր Հին Յունասատանի ճարտարապետութիւնը։[6] Կաւի մեծ պաշարներ գտնուած են Յունաստանի ամբողջ տարածքին եւ կղզիներուն մէջ, իսկ ամենամեծ պաշարները Աթէնքի մոտակայքին մէջ էր[7]։
Յունաստանի կլիման ծովային է՝ ցուրտ ձմեռներով եւ բորբ ամառով։ Ան շինեց բազմաթիւ բացօթեայ կառոյցներ, որտեղ միջոցառումները յաճախակի էին։ Հետեւաբար տաճարները կառուցուած են բարձունքներու վրայ։ Տաճարները կը կառուցուէին այնպէս, որ անորմով մարդիկ հաւաքուին։ Սիւնաշարերը, որ կը շրջապատէին կառոյցները կամ բակերը, հիմնականօրէն նպատակ ունէին պաշտպանել արեւէն կամ ալ հանկարծակի ձմեռնային փոթորիկներէն։[6]