Հին վեհարան, Հին կաթողիկոսարանը, Մայր Աթոռի ամէնաուրոյն թանգարաններէն է։ Այն կառուցուած է Ղազար Ջահկեցի կաթողիկոսի օրօք եւ իբրեւ գործող վեհարան ծառայած է 20 կաթողիկոսներու։

Հին Վեհարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Վաղարշապատ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Նոր Հայրապետական նստավայրը կառուցուած է 1910-ին, սակայն այն բռնագրաւուած է խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ, եւ մինչեւ 1962 հին շէնքը իբրեւ կաթողիկոսարան գործած է։

Շէնքի վերականգնողական աշխատանքները վերսկսան 1968 եւ 1971-ականներուն, եւ այն վերածուեցաւ կաթողիկոսական թանգարանի։ Թանգարանը նուիրուած է 1738 - 1962-ականներուն գահակալած բոլոր կաթողիկոսներուն՝ Խրիմեան Հայրիկ, Գէորգ Դ, Ե, Զ, Ներսէս Աշտարակեցի եւ Վազգէն Ա. հայրապետներուն։

Հին Վեհարանի երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուի ընդունարանը, գահասրահը, որ կը կոչուի է նաեւ Ծաղկեայ դահլիճ, կաթողիկոսի պաշտօնական գրասենեակը, կաթողիկոսական բնակարանը, սեղանատունը եւ այլ օժանդակ սենեակներ։ Ծաղկեայ գահասրահը յատկապէս ուշագրաւ է առաստաղի եւ պատերի զարդագրութիւններով (18-րդ դար), որոնց հեղինակները Յովնաթանեան նկարիչներն են։

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Պահպանելով Հին Վեհարանի ձեւաւորումն ու կահաւորանքը՝ թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին մեր մեծագործ Կաթողիկոսներու անձնական իրեր՝ անոնց կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած փաստաթուղթեր, լուսանկարներ։

Այժմ թանգարանը բաց չէ հանրութեան առջեւ, քանի որ ցուցադրութեան համար նախատեսուած իրերն ու փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է պահել համապատասխան պայմաններու մէջ։

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել