Հիւսիս (թերթ)
«Հիւսիս», շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1863-1864 թուականներուն, Սան Փեթերսպուրկի մէջ։ Խմբագիր՝ Ռափայէլ Պատկանեան։ Նպատակն էր օժանդակել հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան ու կրթութեան գործին, ներկայացնել հայերու կեանքն ու պատմութիւնը։ Մեծ տեղ յատկացուցած է Զեյթունի դէպքերուն, անոր պաշտպանութեան («Վիկտոր Լանգլուայի ճանապարհորդութիւնը» խորագրով յօդուածաշարը, 1863, N« 9—13 եւ այլն)։ «Հայերի արդի վիճակը» (1863, JSP 12) յօդուածով (Գ. Պատկանեան) Փորձած է Եւրոպայի, մասնաւորապէս Ֆրանսայի «Հիւսիս» շաբաթաթերթի գլխագիրը ուշադրութիւնը բեւեռել այդ իրադարձութիւններու վրայ։ Տպագրած է նաեւ Գ. Պատկանեանի «Վարդան Մամիկոնեան», «Շաւարշ Բ» (1863, .N« 6), «Հռիփսիմէ» (1864, N« 31) պոէմները, Ռ. Պատկանեանի «Մեռելի վրէժխնդրութիւնը» (1864, JV« 18) նորավէպը, այլ արձակ ու չափածոյ ստեղծագործութիւններ, պատմական ուսումնասիրութիւններ, տնտեսագիտական, աշխարհագրական նիւթեր, թարգմանութիւններ եւրոպական հեղինակներէ։ Աշխատակցած են Գ. Պատկանեանը, Հ. Մահրատեանը եւ ուրիշներ։