Հոգեւոր Մշակոյթ
Հոգեւոր մշակոյթ, մշակութային արժէքներու ամբողջութիւն, որոնք կ՛արտադրուին մարդոց հոգեւոր գործունէութեան շնորհիւ։ Նաեւ կը պարփակէ հոգեւոր արժէքներու ու անոնց ստեղծման ձեւերու ու եղանակներու ամբողջութիւնը եւ այդ արժէքներուն՝ սերունդէ-սերունդ փոխանցման միջոցները։
Ոլորտներ
ԽմբագրելՀոգեւոր մշակոյթը կ՛ընդգրկէ մարդու հոգեւոր գործունէութեան արդիւնքները.
Ընկերական փիլիսոփայական տեսանկիւնէն
ԽմբագրելԸնկերական փիլիսոփայութեան տեսանկիւնէն «հոգեւոր մշակոյթ» հասկացութիւնը կը դիտարկուի եւ կը վերլուծուի իբրեւ համընդհանուր, վերացականացուած հասկացութիւն, որ կ՛ընդգրկէ ու կ՛արտացոլէ ընկերութեան կեանքին հոգեւոր ոլորտին մէջ ստեղծուած հոգեւոր բոլոր արժէքներուն ամբողջութիւնը, անոնց ստեղծման, փոխանցման ու իւրացման ձեւերու ու եղանակներու միասնութիւնը։
Հոգեւոր մշակոյթի բովանդակութեան անքակտելի բաղկացուցիչ մասը կը կազմեն նախորդ սերունդներէն ժառանգած հոգեւոր արժէքները, անոնց իւրացման ու օգտագործման ձեւերու մշակումն ու իրացումը, սպասարկման մակարդակը եւ անոնց փոխանցման հմտութիւնները։ Հոգեւոր մշակոյթը հոգեւոր արժէքներու ու անոնց ստեղծման ձեւերու ու եղանակներու ամբողջութիւնն է եւ այդ արժէքներու՝ սերունդէ-սերունդ փոխանցման ունակութիւնները, ընկերութեան առաջադիմութեան համար օգտագործելու մակարդակը։
Թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ հոգեւոր արժէքները օժտուած են մարդուն ընկերային պահանջները բաւարարելու ընդունակութեամբ եւ կ՛արտայայտեն նիւթական ու հոգեւոր մշակոյթի ու գործառութեան հասարակական էութիւնը։ Օրինակ՝ տունը, շէնքերը, գործարանները, կահոյքը, հագուստը, գիտութիւնն ու արուեստը պարզապէս իրային-առարկայական կամ հոգեւոր առարկայական առարկաներ ու երեւույթներ չեն, այլ մարդոց ընկերային պայմաններու ու կենսագործունէութիւնը ապահովող կեցութեան անհրաժեշտ բաղադրամասերու արտայայտութիւններ են ու կը կատարեն հասարակական գործառոյթ՝ բաւարարելով մարդոց հասարակական պահանջմունքները։
Օրինաչափութիւններ
ԽմբագրելՀոգեւոր մշակոյթը կը ներկայացնէ բարդ համակարգ մը, որու տեղն ու դերը հասարակական կեանքին մէջ պարզաբանելու համար անհրաժեշտ է դիտարկել առնուազն երեք տեսանկիւնէ։
- Առաջինը կը վերաբերի հոգեւոր մշակոյթի տարրերու փոխազդեցութեան, այն բանին, թէ անոր շրջանակներուն մէջ ինչպէս են հոգեւոր մշակոյթի տարրերը փոխադարձ կ՛ազդեն մէկը միւսի վրայ, կը խթանեն կամ կ՛արգելակեն մէկը միւսի զարգացումը։
- Երկրորդ օրինաչափութիւնը այն է, որ ազդելով մէկը միւսի վրայ, հոգեւոր մշակոյթի տարրերը չեն փոխարիներ զիրար, չեն կրնար կատարել միւսներուն հիմնական դերը եւ կը պահպանեն իրենց տարբերակիչ առանձնայատկութիւնները՝ արտայայտելով իրենց ընդգծած հիմնական տեղն ու դերը ընկերային կեանքին մէջ։
- Երրորդ օրինաչափութիւնը այն է, որ հոգեւոր մշակոյթը ընկերային կեանքին վրայ կ՛ազդէ իր տարրերուն միջոցով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր ընդգծուած-տարբերակուած առանձնայատուկ տեղն ու դերը հասարակական համակարգի ամբողջական գործառութեան մէջ։ Այդ ազդեցութիւնները կրնան ըլլալ ուղղակի եւ անմիջական, միջնորդաւորուած ու վերացարկուած։
Հոգեւոր մշակոյթի տարրերու փոխազդեցութեան առանձնայատկութիւնները ու ընկերային կեանքին մէջ գերակայութեան յատկութիւնը պայմանաւորուած են ընկերային պահանջմունքներով ու կախուած են այն բանէն, թէ ընկերային կեանքը հոգեւոր մշակոյթի ո՛ր տարրի կարիքը ունի՝ ապահովելու ընկերային յարաբերութիւններու տուեալ տիպի զարգացումը, պահպանելու տուեալ հասարակարգի ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական դիմագիծը։ Հոգեւոր մշակոյթի տարրերը իրենց պատմական զարգացման ընթացքին ոչ միայն չեն կրկնուիր, այլ նաեւ, գտնուելով ու գործառելով կողք-կողքի, անսահման հնարաւորութիւն կը ստեղծեն մարդու մէջ մարդկայինի անվերջ կատարելագործման համար։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Ս․Մ Յակոբեան «Փիլիսոփայութեան հիմունքներ», Երեւան 1994, էջ 325-328։