Հոլանտա-պելճիքական Յարաբերութիւններ
Հոլանտա-պելճիքական յարաբերութիւնները երկկողմանի յարաբերութիւններն են Պելճիքայի ու Հոլանտայի միջեւ եւ սկիզբ առած են 1839-ին: Երկու երկիրներու պետական սահմանին երկարութիւնը կը կազմէ 478 կմ[1]:
Պատմութիւն
Խմբագրել1815-էն մինչեւ 1830-ը Վիեննայի վեհաժողովի համաձայն Պելճիքան մաս կը կազմէր Հոլանտայի: 23 Սեպտեմբեր 1830-ին տեղի ունեցաւ պելճիքական յեղափոխութիւնը եւ այդ թուականին անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք, Պելճիքան դուրս եկաւ Հոլանտայի թագաւորութեան կազմէն: Ներկայիս Հոլանտան եւ Պելճիքան կը պահպանեն բարի դրացիական յարաբերութիւններ: Երկու երկիրներն ալ ՆԱԹՕ-ի, Եւրոխորհուրդի եւ Պենելիւքսի մաս կը կազմեն[2]:
Առեւտուր
ԽմբագրելՀոլանտա սարքաւորումներ, քիմիական նիւթեր, վառելիք եւ պարեն կ՛արտահանէ դէպի Պելճիքա: Հոլանտայի արտահանութեան 11.1% բաժինը կ․ուղղուի Պելճիքա: Ապրանքներու ներմուծման առումով Պելճիքա կը նկատուի Հոլանտայի առեւտրական երրորդ մեծ գործընկերը (8.2 %), իսկ Պելճիքայի համար Հոլանտա ամենակարեւոր գործընկերն է ապրանքներու ներմուծման մէջ[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «The World Factbook — Central Intelligence Agency»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-15-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-29
- ↑ Relations between the Netherlands and Belgium | International relations | Government.nl
- ↑ «The World Factbook — Central Intelligence Agency»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-10-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-29