Հռիփսիմեան Օրիորդաց Դպրոց (Պաքու)

Պաքուի հայկական Հռիփսիմեան օրիորդաց միջնակարգ դպրոց, հայ աղջիկներու համար բացուած ամենահին դպրոցներէն է։ Հիմնուած է 14 Յունիս 1869-ին, փաստաթուղթի մը համաձայն 1870-ին։ Պահուած է Պաքուի մարդասիրական ընկերութեան հաշուին։

Հռիփսիմեան Օրիորդաց Դպրոց
Տեսակ դպրոց
Հիմնադրուած է 14 Յունիս 1869
Աշակերտներ 399
Երկիր  Ռուսական Կայսրութիւն
Տեղագրութիւն Պաքու

1872-ին ունեցած է նախապատրաստական եւ առաջին դասարաններ, որոնց մէջ միասին սորված են 36 հայ աղջիկներ։ Նախապատրաստական շրջանին անցած են հայոց լեզուով ընթերցանութիւն եւ վայելչագրութիւն, քրիստոնէական վարդապետութիւն, ռուսաց լեզուի ընթերցանութիւն եւ վայելչագրութիւն, թուաբանութեան առաջին մասը, ձեռագործութիւն եւ երգեցողութիւն։

Առաջին դասարանին մէջ անցած են հայերէնի քերականութիւն, թարգմանութիւն գրաբարէն աշխարհաբար, քրիստոնէական վարդապետութիւն եւ սրբազան պատմութիւն, ազգային պատմութիւն, ռուսաց լեզուի ընթերցանութիւն, թարգմանութիւն եւ վայելչագրութիւն, ռուսաց լեզուով՝ թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ բնական գիտութիւն, ձեռագործութիւն եւ երգեցողութիւն։

1885-ին փակուած է։ Վերաբացուած է 1886 Սեպտեմբերին՝ Պաքուի մարդասիրական ընկերութեան շէնքին մէջ, մնալով երկդասեան իգական դպրոց։

1888-89 ուսանողական տարուան ընթացքին ունեցած է 137 աշակերտուհի։ Ըստ ընկերային դրութեան անոնք բաժնուած են այսպէս. հոգեւորականներուն աղջիկները՝ 6, ազնուականներունը՝ 7, աստիճանաւորներունը՝ 10, վաճառականներունը՝ 73, արհեստաւորներունը՝ 50, երկրագործներունը՝ 3։ Թոշակ վճարած են 89, անվճար սորված են 48 հոգի։ Փոխադրուած են յաջորդ դասարաններ՝ 87, մնացած են 43 հոգի։

1896-ի երկրորդ փակումէն առաջ ունեցած է 250 աշակերտուհի։

Վերաբացուած է 1906-ին։ 1908-09 ուսանողական տարին եղած է իգական երկդասեան դպրոց, ուր սորված են 368 հայ աղջիկներ։ 1911-12 ուսանողական տարին դարձած է եօթնամեայ դպրոց, սակայն աշակերտուհիներուն թիւը նուազած է, իջնելով 287-ի։ 1914-ին, աշակերտուհիներուն թիւը նկատելիօրէն աճած է, հասնելով 399-ի (ուսուցիչներ՝ 14)։ 1917-ին գործած է որպէս իգական միջնակարգ դպրոց։

Դպրոցը ունեցած է մանկավարժական ուղղութիւն։[1]

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • «Մեղու Հայաստանի», 1869, թիւ 26։
  • «Մեղու Հայաստանի», 1885, թիւ 20։
  • «Արարատ», 1876, Ա, էջ 34։
  • «Արարատ», 1878, ԺԲ, էջ 455։
  • «Արարատ», 1917, թիւ 2, էջ 92 եւ 620։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Ս. Կ. Խուդոեան (1987)։ Արեւելահայ դպրոցները 1830-1920 թուականներին։ Երեւան: «Լոյս»։ էջ էջ 444-445