Հրազդան (թերթ, Երեւան)
«Հրազդան», գրական, հասարակական եւ տնտեսական օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1908-1909 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Հրատարակիչ խմբագիր՝ Ա. Տէր-Յակովբեանց։ Լուսաբանած է երեւանեան կեանքը, բարձրացուցած քաղաքի տնտեսական եւ սանիտարական վիճակի հետ կապուած հարցեր։ «Գաւառական կեանք» բաժնին մէջ պատմած է գիւղերուն մէջ դպրոցական գործի դրուածքի, վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի միջոցներու, գինեգործութեան, բամբակագործութեան եւ այլ հարցերու մասին։
Թերթը լուրեր տպագրած է նաեւ Իրանի, Թուրքիոյ, Կովկասի հայաբնակ վայրերէն, անդրադարձած Արեւմտեան Հայաստանի իրավիճակին։ Գրական բաժնին մէջ զետեղած է պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, գրախօսականներ։