Ձիթողցոնց տուն-թանգարան

Թանգարան, Գիւմրիի մէջ


Ձիթողցոնց տուն-թանգարան, Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան, քաղաքային կենցաղի եւ ազգային ճարատարապետութեան թանգարան, ուր ներկայացուած է Գիւմրիի առօրեան, մշակոյթն ու պատմութիւնը։ Կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը։

Ձիթողցոնց տուն-թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Գիւմրի
Վայր Գիւմրի
Հասցէ Յաղթանակի պողոտայ, 47 շէնք, քաղաք՝ Գիւմրի, Հայաստանի Հանրապետութիւն
Հիմնադրուած է 1984
40°47′N 43°51′E / 40.78°N 43.85°E / 40.78; 43.85
Քարտէս
Քարտէս

Ընդգրկուած է Գիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարանը հիմնադրուած է 1984 թուականին։

Ձիթողցեան չորս եղբայրները գաղթած են Արեւմտեան Հայաստանի Ձիթող գիւղէն եւ 1872 թուականին Ալեքսանդրապոլի մէջ կառուցած են այդ ժամանակի համար նշանակալի այս առանձնատունը։

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են 19-րդ դարու 60-ական թուականներէն մինչեւ 20-րդ դարու 20-ական թուականները երկարած ժամանակահատուածի Ալեքսանդրապոլի ինքնավարութիւնը, առաւել տարածում գտած արհեստները, հասարակական կենցաղն ու հոգեւոր մշակոյթը։ Թանգարանի ցուցասրահներուն մէջ վերականգնուած են նաեւ գիւմրեցի արհեստաւորի եւ ունեւոր խաւի բնակարաններու ներքին տեսքը։

Ցուցադրութիւնը կ'ընդգրկէ Ալեքսանդրապոլ քաղաքի ընկերային-տնտեսական, հասարակական-քաղաքական եւ մշակութային կեանքի զարգացումի պատմութիւնը 19-րդ դարու 30-ական թուականներէն մինչեւ 20-րդ դարու 20-ական թուականները երկարած ժամանակաշրջանին:

Թանգարանը կը գտնուի Գիւմրիի Յաղթանակի պողոտային թիւ 47 հասցէին:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել