Տապակած հաւկիթ, եւրոպական խոհանոցի ուտեստ։ Հիմնական կը պատրաստուի տապակի մէջ, մէկ կամ մի քանի հաւկիթներով։ Ըստ հին տուեալներուն՝ տապակած հաւկիթը անպայման պետք է ամբողջական ըլլայ, այսինքն՝ դեղնուցը պետք չէ պատռուի եւ առանձնանայ սպիտակուցէն։ Իսկ խառնած ձուածեղի համար, հետեւաբար, ձուերը կը խառնեն, զոր այս ուտեստը կը մօտեցնէ ֆրանսական դասական օմլեթին։ ԽՍՀՄ-ի երկրներու մէջ օմլեթ կը պատրաստէին, որուն համար անհրաժեշտ եղած է ամպայման հաւկիթ, ալիւր եւ կաթնամթերք։

Հաւկիթ
Հաւկիթ

Որոշ երկիրներու մէջ տապակած հաւկիթը կ'ուտեն միայն լոլիկով։ Սկիզբը կտրատուած լոլիկը կը տապակեն, ետքը կ՛աւելացնեն անհրաժեշտ քանակութեամբ խառնուած ձու։

Վերջին տարիներուն ձուածեղը դարձած է այնքան համաշխարհային ուտեստ, որուն մէջ կ՛աւելացնեն ո՛չ միայն լոլիկ, այլ նաե՛ւ պանիր, պէյքըն, երշիկ, տապակած միս, սունկ, սոխ, տապակած բանջարեղէն եւ այլն՝ տարբեր համադրութիւններով ու տարբերակներով։