Անուան այլ կիրառումներու համար տես՝ Ձուկեր (այլ կիրառումներ)
Ձուկեր
Ձուկեր
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորտաւորներ
Կարգ Ձուկեր
Լատիներէն անուանում
Pisces



Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Ձուկեր (անգլերէն՝ Pisces), ջուրերուն մէջ ապրող ողնաշարաւորներ։ Կ'ապրին ծովերու, ովկիանոսներու,գետերու եւ լիճերու մէջ։ Մարմինը պատուած կ'ըլլայ թեփուկներով, քորտէն փոխարինուած է ողնաշարով։

Ոսկորային ձուկի կմախքը

Կը շնչեն խռիկներու միջոցով, զարգացումը կ'ընդանայ ջուրին մէջ։ Ձուկերուն վերնադասը բաժնուած է երկու դասերու՝ կռճիկային եւ ոսկորային։

Կռճիկային ձուկերու դասին կը պատկանին շնաձուկերու եւ կատուաձուկերու կարգերը, իսկ ոսկորային ձուկերու դասը կը բաժնուին չորս ենթադասերու՝ ճառագայթալողակներ, վրձնալողակներ, կռճիկաոսկորայիններ եւ երկշնչաւորներ։

Մարմինի Կառուցուածքը

Խմբագրել

Ձուկերուն մարմինի կառուցուածքին ծանօթանանք ոսկորային ձուկերու խումբի, ճառագայթալողակներու ենթախմոււբի օրինակով։ Անոնց մարմինը կողմերէն սեղմուած է եւ ունի շրջհոսելի ձեւ։ Ձուկերուն մարմինը կազմուած է իրար անշարժ միացած 3 բաժիններէ՝ գլուխ, իրան եւ պոչ։ Ձուկերուն մարմինը պատուած է ոսկորային թեփուկներով։ Գլուխի սահմանը խռիկային ճեղքերը կամ կափարիչներն են, իսկ իրանի եւ պոչի սահմանը՝ յետանցքը։

Թեփուկները պատուած են վերնամաշկի բազմաթիւ գեղձերով, որոնց մէջ արտադրուած լորձունքը կը մեղմացնէ ջուրին հետ շփման ուժը եւ մաշկը կը պաշտպանէ մանրէներէն։ Իւրաքանչիւր թեփուկ առջեւի ծայրով մխրճուած է մաշկին մէջ, իսկ ետեւի մասով նստած է յաջորդ թեփուկին վրայ։ Թեփուկները ձուկերու աճին զուգընթաց կը մեծնան։ Թեփուկներով կարելի է որոշել ձուկերուն տարիքը։

Ձուկերու մարմինին վերջամասը լողակներն են։ Կուրծքի եւ փորի զոյգ լողակները ջուրին մէջ կը կատարեն հետեւեալ դերերը՝ մարմինի պահպանում, դանդաղ տեղաշարժ, կանգ առնել, շրջադարձ կատարել եւ հաւասարակշռութիւն, մասնաւորապէս՝ ջուրի խոր շերտեր իջնելու եւ բարձրանալու պարտականութիւն։ Մէջքի եւ ենթապոչային (յետանցքի) կենտ լողակները կը կատարեն ղեկի եւ տեղաշարժման գործառնութիւն։ Ձուկերուն գլխուն վրայ կը գտնուին աչքերը, որոնք չունին կոպեր, իսկ աչքերուն առջեւ՝ քթանցքները։

Ձուկերը ունին հովանաւորող գունաւորում՝ մէջքի կողմը մութ գոյն ունի, որուն շնորհիւ ջուրին յատակին կը դառնան աննկատ։