Ղեւոնդ Փիրղալէմեան

Հայ բանասէր, ձեռագրագէտ, բանաստեղծ, բանահաւաք, հրապարակախօս, եւ եկեղեցական գործիչ։ Վարագայ վանքի միաբան։

Ղեւոնդ վրդ. Փիրղալէմեան (1830, Վան, Վանի էյալէթ (նահանգ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 1891, Երուսաղէմ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանասէր, ձեռագրագէտ, բանաստեղծ, բանահաւաք, հրապարակախօս, եւ եկեղեցական գործիչ։ Վարագայ վանքի միաբան[1]։

Ղեւոնդ Փիրղալէմեան
Ծնած է 1830
Ծննդավայր Վան, Վանի էյալէթ (նահանգ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1891
Մահուան վայր Երուսաղէմ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն բանասէր

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Վան։ Խրիմեան Հայրիկի սիրելի, մտերիմ, սրտակից ու աջակից աշակերտներէն եղած է, որ հետը Պոլիսէն Երուսաղէմ փոխադրուած է։ Ան եղած է Վարագայ վանքի միաբան եւ ժառանգաւորաց վարժարանի առաջին ուսուցիչներէն:

Բանասէր եւ բանահաւաք, Ղեւոնդ վարդապետ, Երեմիա եպիսկոպոս Տէր Սարգիսեանի եւ Գրիգորիս վարդապետ Աղուանեանի հետ գործակցաբար վանքերու, եկղեցիներու եւ տուներու աւերակներու մէջ գտնուած խաչքարերու, հին ձեռագիր մատեաններու յիշատակագրութիւնները ընդօրինակած եւ ժողովուրդին մէջ խօսուած հեքիաթներ, անէծքներ, առասպելներ եւ գաւառական շատ մը բառեր հաւաքած էր: Ան հեղինակն է «Նօտարք հայոց» աշխատութեան[1]:

Քարոզչական պաշտօն վարած է Ղալաթիոյ, Սամաթիոյ Ս. Յակոբ Գլխադիր եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիներու մէջ։

Քսան տարի շրջած է Հայաստանի մէջ եւ հաւաքած է արձանագրական անհատնում նիւթ եւ ձեռագիրներու յիշատակարաններ, որոնց մէկ մասը հրատարակած է «Նօտարք հայոց» աշխատութեան մէջ։ Իր արխիւը ամբողջութեամբ յանձնուած է Մատենադարանի։

Փիրղալէմեան իր ուսուցիչը՝ Խրիմեան Հայրիկը տեսնելու համար երբ ուխտաւորաբար Երուսաղէմ կ՚այցելէ, 1891-ին կը վախճանի հոս։

Շիրիմը կը գտնուի Սիոնի բարձունքին գտնուող հայոց Ս. Փրկիչ վանքի գերեզմանատունը։

Չափածոյ տապանագիրը յօրինած է Խրիմեան Հայրիկ, եւ որուն յիշատակարաններու հաւաքածոյի հրատարակման համար դիմած է Գէորգ Դ․ կաթողիկոսին։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • ՄՄ, Կաթողիկոսական դիւան, ցուցակ 20, թղթ. 235, վաւ. 41:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։