Ճամբու Ճաշ
Ճամբու ճաշ (անգլ.՝ street food) հասկացողութիւնը` համաշխարհային խոհանոց մուտք գործած է 21-րդ դարուն[1]։ «Ճամբու Ճաշ»ը արագ է եւ աժան. ան դիւրաւ կը գոհացնէ մարդկային ախորժակը[2]։
Աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ճամբու ճաշ կը սպառեն եւ այս կերակրատեսակը կամուրջ կը հանդիսանայ տարբեր մշակոյթներու խոհանոցներուն միջեւ։ Օրինակ՝ խումբ մը ընկերներ կրնան հոթ տոկ ուտել Պէյրութի մէջ, իսկ իրենց պաշտօնակիցները կրնան շաուրմա վայելել Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ։
Սու Քուին եւ Քարոլ Ուիլսըն, ճաշի գիրքերու երկու հեղինակներ, գրած են գիրք մը` «Ճամբու Ճաշի Համաշխարհային Ատլաս» կամ “The World Atlas of Street Food" անունով։ Գիրքին մէջ անոնք ներառած են աշխարհի այն բոլոր երկիրները, ուր կարելի է համեղ "Ճամբուն ճաշ" ճաշակել։ Անոնք իրենց գիրքին մէջ տեղադրած են նաեւ այդ երկիրներու մէջ ընդհանրացած ուտեստներու բաղադրատոմսերը։
Լիբանանի Ճամբու Ճաշ
ԽմբագրելՊէյրութը եւս նշուած է այս գիրքին մէջ, իր շաուրմայի բաղադրատոմսով։ Իսկ Լիբանանեան Պրումմանայի մէջ կայացած Souk Al Akel-ը (հայ.՝ Ուտելիքի Շուկայ) պատկերը տեղադրուած է գիրքին կողքին վրայ։ Անհրաժեշտ է յիշել, թէ Պէյրութը 2016-ին «Travel & Leisure»-ի ցանկին մէջ գրաւեց առաջին դիրքը, իբրեւ "Աշխարհի Ուտելիքի Միջազգային Լաւագոյն Քաղաք" (անգլ.՝ "The Best International City for Food in the World") տիտղոսով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Artemis P. Simopoulos, Ramesh Venkataramana Bhat։ Street Foods։ Karger Publishers, 2000։ էջ vii։ արտագրուած է՝ 18 April 2011
- ↑ «Spotlight: School Children, Street Food and Micronutrient Deficiencies in Tanzania»։ Rome, Italy: Food and Agriculture Organization of the United Nations։ February 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-07-15-ին։ արտագրուած է՝ 2008-02-20