Ճառագայթ (թերթ)
«Ճառագայթ», հասարակական-քաղաքական, գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1947-1952 թուականներուն, Իսթանպուլի մէջ։ Արտօնատէր-խմբագիր՝ Խ. Ամիրեան։
Լուսաբանած է իսթանպուլահայ համայնքի հասարակական ֊մշակութային կեանքը։ Կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է ազգային փոքրամասնութիւններու (մասնաւորապէս հայերու) վերաբերեալ միջազգային համաձայն ագրերու (մասնաւորապէս 1923 թուականի Լօզանի դաշնագրի) կատարման անհրաժեշտութեան, պահանջած Ազգային սահմանադրութեամբ (1860) ստեղծուած վարչական մարմիններու վերականգնումը։ Լայն տեղ յատկացուցած է հայ գրողներու արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններուն, տպագրած լուրեր Հայաստանի կեանքի տարբեր բնագաւառներէն, սփիւռքահայութեան կեանքէն։
Լայն տեղ յատկացուցած է հայ սովետական գրողներու արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններուն, տպագրած լուրեր ՀԽՍՀ կեանքի տարբեր բնագաւառներէն, սփիւռքի գաղթավայրերէն։