Ազգային Սահմանադրութիւն
Հայոց ազգային սահմանադրութիւն կամ Հայ ժողովուրդի կարգաւորումը 1863-ին Օսմանեան կայսրութիւնը հաւանութիւն տուած է «Օրէնսգիրքի կանոնակարգ»-ին, որ բաղկացած էր 150 յօդուածներէ, մշակուած էր պոլսահայ մտաւորականներու կողմէ: Վերջինս կը սահմանէր պատրիարքի լիազօրութիւնները եւ նորաստեղծ Ազգային Ժողովը։ Այս օրէնսգիրքը տակաւին գործօն է Սփիւռքի մէջ։[1]
1853-ի սկսած է Ազգային Սահմանադրութեան պատրաստութիւնը։ Համայնքին ղեկավարները զայն հաստատած են 1860-ին, իսկ Օսմանեան կառավարութեան վաւերացումէն ետք,1863-ին, գործադրութեան դրուած է։ Սահմանադրութեան մէջ նախատեսուած օրէնքները, որոնք օրուան ամէնէն յառաջադէմ գաղափարներուն վրայ հիմնուած էին, կը կարգաւորէին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ Ժողովուրդին ներքին կեանքը։ Սահմանադրութիւնը Զարթօնքի կարեւոր մէկ արտայայտութիւնն էր, որ կ՚ապահովէր եւ կ՚ամրապնդէր Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավար հիմքերը եւ աշխարհականներու դերը՝ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի վարչական գործերուն մէջ։
Հաթթի Հումայունի (1856) կազմակերպութեան նպատակն էր հաւասարութիւն բերել ազգերու միջեւ, նաեւ դժգոհութիւն կը յայտնէր Հայոց պատրիարքարանին մէջ[2]։ Հաթթի Հումայունէն առաջ, Պատրիարքարանը ո՛չ միայն հոգեւոր համայնքի առաջնորդն էր, այլ նաեւ անոր աշխարհիկ առաջնորդը։ Պատրիարքը կրնար եպիսկոպոսները եւ անոնց իրաւասութիւնները երկարաձգել։ Յեղափոխականները կը ցանկային վերացնել ընկճուածութիւնը՝ ստեղծելով նոր «Ազգային կանոնակարգ» մը[2]։ Օրէնսգիրքին կանոնակարգը զօրակոչուած էր հայ մտաւորականներուն կողմէ (բժիշկ՝ Նահապետ Ռուսինեան, բժիշկ՝ Սերուիչէն, Նիկողոս Պալեան, Գրիգոր Օտեան եւ Գրիգոր Մարկոսեան)։ Անոնք կը ձգտէին սահմանել պատրիարքին լիազօրութիւնները։
Վերջապէս խորհուրդը 24 Մայիս 1860-ին, կ'ընդունի կարգաւորման նախագիծը եւ զայն կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան Գերագոյն դատարանին (Պապը Ալի)։ Գերագոյն դատարանը հրովարտակով մը կը վաւերացնէ ու կարգ մը փոփոխութիւններ կը կատարէ 17 Մարտ 1863-ին: Անիկա կ'ըլլայ արդիւնաւէտ[1]։
Հայոց պատրիատքը կը սկսի կիսել իր լիազօրութիւնները հայկական սահմանադրութեան հետ, եւ Ազգային սահմանադրութիւնը կը սահմանէ զայն[2]։
Անիկա կը սահմանէ հայերուն վիճակը պետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ունէր կանոնակարգեր, որոնք կը սահմանէին պատրիարքին հեղինակութիւնը։ Ազգային Սահմանադրութիւնը յառաջադէմ հայերու կողմէ կը դիտուէր որպէս կարեւոր իրադարձութիւն։ Անիկա կը փորձէր սահմանել հայ ժողովուրդը որպէս ժամանակակից ազգ։ Այն բարեփոխումները, որոնք կը կատարուին՝ կը հասցնեն այն արդիւնքին, որ անհատ եւ խմբովին հայեր ցոյցեր կատարեն ընդդէմ քիւրտերու անարդարութիւններուն։ Սկիզբը յարաբերութիւնները լաւ ընթացած են մինչեւ 1860-ականներ, երբ օսմանեան կառավարութիւնը կը ճզմէ քրտական դիմադրութիւնը եւ ընդհանրապէս կարիքը չեն ունենար հայերու օգնութեան, եւ կայսրութիւնը կը դառնայ աւելի պատասխանատու հայկական պահանջատիրութեան առումով[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Richard G. Hovannisian, The Armenian People from Ancient to Modern Times, St. Martin's Press, 1997, p. 198
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Mekerditch-B. Dadian, « La société arménienne contemporaine - Les Arméniens de l'Empire ottoman », Revue des deux mondes, 1867, p. 903-928
- ↑ Edmund Herzig and Marina Kurkchiyan, The Armenians : Past and present in the making of national identity, London, RoutledgeCurzon, 2005, 272 p. (ISBN 978-0700706396), p. 75
Արտաքին յղումներ
ԽմբագրելՈւիքիմետիա Քամընզը ունի ամբողջ բաժին մը այս էջին մասին՝ Commons has media related to Armenian National Constitution.Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:If preview/configuration' not found. |
- «Armenian National Constitution»։ British Library Endangered Archives Programme