Զարթօնքի շարժում
Զարթօնքի շարժում, ինքնագիտակցութեան եւ ազգա–մշակութային վերելքի շարժում։ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեան տակ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր ո'չ միայն իր ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, այլ նաեւ ազատ մտածելու, լաւին ձգտելու եւ իր մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու կարողութիւնը: 18-րդ դարու վերջերէն սկսեալ եւ 19-րդ դարու ընթացքին ստեղծուած պայմաններուն բերումով, հայ ժողովուրդը հետզհետէ զարթօնք ապրեցաւ:
Զարթօնքի շարժման նախապատմութիւնը
ԽմբագրելԱ. 1850-էն շատ առաջ, արդէն կը դիտենք քանի մը կարեւոր նախապայմաններ՝ հայութեան յետագայ տասնամեակներու ազգային-մշակութային Զարթօնքին համար.
-Նախորդող դարերուն, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը՝ Պոլիսը իրեն քաշած էր մեծաթիւ հայութիւն։ Հոն հիմնուած պատրիաքութեան շուրջ կազմուած էր ամիրաներու վերնախաւ մը, գրաւելով առեւտրական եւ պետական-վարչական կարեւոր դիրքեր։
- Իսկ Արեւելեան Հայաստանէն կարեւոր զանգուած մը սկսած էր խմբուիլ Թիֆլիս՝ Վրաստանի թագաւորութեան մայրաքաղաքը։
- Հայկական հին գաղութներէն՝ առեւտրական մշակութային կենսունակութիւն ունէին նաեւ Նոր Ջուղան (Պարսկաստան), Կալկաթան եւ Մատրասը (Հնդկաստան)։
- Տնտեսական-մշակութային որոշ շարժում մը կար նաեւ նուազ կարեւոր գաղութներու մէջ, ինչպէս Զմիւռնիա, Նոր Նախիջեւան, Մոսկուա եւ Փեթերսպուրկ։
- Զարգացումի օճախներ էին կարգ մը եւրոպական կեդրոններ, ինչպէս՝ Վենետիկն ու Ամսթերտամը, առանց ունենալու հաստատուած մեծաթիւ հայութիւն։
Այս օճախները, իւրաքանչիւրը՝ ըստ իր աշխարհագրական դիրքին եւ ընկերային մշակութային վիճակին, կը հաղորդուէին արեւմտեան քաղաքակրթութեան մթնոլորտին հետ, կ'իւրացնէին զայն։ Համաշխարհային մշակոյթը այս կամ այն չափով ու ձեւով, կը հասնէր անոնց բոլորին։
Բ. Բայց նպաստաւոր այս պայմաններէն չէր օգտուեր բուն հայրենի երկիրը՝ հայ գաղթականութեան աղբիւրը։ Բաժանուած Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ, հոն, ծանր պայմաններու մէջ կը շարունակէր ապրիլ բնիկ հայութեան մեծ զանգուածը։ 1700–ական թուականներուն, արեւելեան այս երկու բռնակալութիւնները յաճախ իրարու դէմ պատերազմներ կը մղէին, միանգամայն ունենալով ներքին տագնապներ ու բախումներ։ Այս բոլորը անտանելի վիճակի կը մատնէին իրենց քրիստոնեայ հպատակները, յատկապէս Օսմանեան պետութեան գիւղերուն եւ փոքր քաղաքներու բնակիչ, ճնշուած հայ մեծամասնութիւնը։
Գ. Ընկերա-տնտեսական հոլովոյթ մը պիտի դիտուի 1800–էն ետք միայն։
- Տնտեսապէս տկար՝ Թոււրքիան կը կատարէ արդիականացման վախկոտ փորձեր, մեղմելու համար եւրոպական ճնշումն ու միջամտութիւնները. բայց «Թանզիմաթ»ի բարենորոգչական ծրագիրը, ինչպէս յետագայ փորձերը, մինչեւ վերջ ալ բան պիտի չփոխեն հայկական գաւառներու հալածանքերէն ու անապահովութենէն։ Որոշ բարելաւում կ'ունենայ միայն մեծ կեդրոններու (Պոլիս, Զմիւռնիա) քրիստոնեաներուն վիճակը։
- Այս երեւոյթին կողքին, միշտ 1800–էն ետք, Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայ կեանքին մէջ քիչ–քիչ բարեկեցիկ ու գործօն կը դառնան առեւտուրով, ազատ ասպարէզներով եւ արհեստներով զբաղող խաւերը, մինչ հին ամիրայական խաւը կ'աղքատանայ, կը մեռնի։
- Արեւելեան հայութեան մօտ, նոյն տասնամեակներուն, դրական երեւոյթներ են Երեւանի նահանգի կցումը ցարական կայսրութեան, եւ Թիֆլիս ու Պաքու քաղաքներու արագ զարգացումը՝ աճող քաղաքաբնակ հայութեան մը գործօն մասնակցութեամբ։
Արդէն 18–րդ դարու կէսէն (1750), քաղաքական եւ ընկերա-տնտեսական այս հոլովոյթին կ'ընկերանայ մշակութային խմորում մը։ Ատոր համար ալ, 1750-1850 հարիւրամեակը կը նկատենք հայկական ազգային-մշակութային Զարթօնքի նախապատրաստական շրջանը։
Վերը նշուած հայ գաղութները, եւրոպական Վերածնունդին ու հետեւող Լուսաւորութեան դարուն (շուտով նաեւ Ֆրանսական Յեղափոխութեան) ազդեցութեան տակ, մասնակցած են այդ երկար պատրաստութեան։
Սկսած է գրաբար լեզուի ուսումնասիրութիւնը. ճամբայ ելած է թարգմանական, ապա ինքնագիր գործերու հրատարակումը։
Մէկ կողմէն՝ լոյս տեսած են առաջին հայերէն թերթերը, միւս կողմէն՝ սկսած են բացուիլ դպրոցներ, գրուիլ ու ներկայացուիլ թատերգութիւններ, կազմուիլ՝ մշակութային եւ այլ տիպի միութիւններ, «ընկերութիւն»ներ։
Եւրոպական Ազդեցութիւնը
ԽմբագրելԵւրոպական մանաւանդ Ֆրանսական քաղաքակրթութիւնը, կենցաղը, ճաշակը, արուեստը, գրականութիւնը եւ ընդհանուր առմամբ՝ մշակոյթը իրենց ազդեցութիւնը ձգած են Օսմանեան կայսրութեան կրթեալ ու առաջատար դասակարգին վրայ: Այս ազդեցութիւնը կրող հայ երիտասարդները կը փորձէին հայ զանգուածներուն ալ այս նորութիւններուն ծանօթացնել: Անոնք կը փորձէին ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածել, այսինքն՝ տգիտութեան դէմ պայքարիլ: Կը փորձէին հայուն մէջ արթնցնել ձգտումը՝ ազատութեան, արդարութեան եւ հաւասարարութեան: Եւրոպական ազդեցութիւնը իր դերը ունեցաւ Կովկասի մէջ եւս, Ռուսական տիրապետութեան շրջանին: Ռուսիա Կովկաս բերած էր յառաջադէմ մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն եւ այդ ճամբով՝ եւրոպական ազդեցութիւն:
Հայկական Տպարան՝ 1512
ԽմբագրելԿիւթեմպերկի գիւտէն հազիւ 50 տարի ետք, 1512–ին, Վենետիկէն՝ Պոլիս, Զմիւռնիա, Էջմիածին եւ Հնդկաստան, կը տարածուէր հայկական տպագրութիւնը. կը ձուլուէին հայերէն տպագրական տառեր, մամուլ-մեքենան կը սկսէր դառնալ։ Ուրեմն, անիկա 1750-1800–ին բաւական զարգացած էր, բայց մնալով առաւելաբար արտասահմանի մէջ։ Պատմական Հայաստանի առաջին տպարանը պիտի սկսէր գործել 1854–ին։
Ուրեմն, երբ մարզ առ մարզ կը քննենք 1850–ին թափ առած մեր ազգային-մշակութային զարթօնքը, չենք կրնար անտեսել շարժման նախապատմութիւնը, այսինքն՝ նախորդ հարիւրամեակի խմորումները։
Դպրոցական Ցանց
ԽմբագրելԼուսաւորութիւնը պէտք է տարածուէր նախ վարժարաններու միջոցով։ Անգրագէտ հայ մարդը նախ պէտք է կարդալ սորվէր, որպէսզի կարենար հաղորդակից դառնալ զարթօնքի գաղափարներուն ու ձգտէր հասնիլ այդ գաղափարներու իրագործման։ Հայ մտաւորականներն ու յառաջադէմ հոգեւորականները իրենց ուսերուն առին ամէնուրեք դպրոցներ հիմնելու գործը։ 1840-1850 թուականներուն աստիճանաբար հաստատուեցաւ կրթական օճախներու ցանցը։ Սովորաբար, իւրաքանչիւր վարժարան ունէր նաեւ իր փոքր տպարանը, ուր դասագիրք եւ գեղարուեստական գործեր կը տպագրուէին։
Կովկասի Դպրոցները
ԽմբագրելԱռաջին վարժարանները Թիֆլիսի մէջ բացուեցան 1802-ին եւ 1816-ին, ցարական կառավարութեան միջոցով։ Հայերը դպրոցներ ունէին նաեւ Աստրախանի մէջ, հիմնուած 1810-ին, Նոր Նախիջեւանի մէջ՝ 1811-ին, Էջմիածնի Ժառանգաւորացը՝ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի կողմէ՝ 1813-ին եւ Թիֆլիսի Նէրսիսեան Ճեմարանը՝ 1823-ին։ 1880-ական թուականներուն, Ռուսական կայսրութեան տարածքին գոյութիւն ունէին հայկական շուրջ 330 կրթական հաստատութիւններ։ Այդ վարժարաններու շրջանաւարտներէն ոմանք իրենց ուսումը շարունակեցին Մոսկուայի, Դորպատի, Հայտելպերկի եւ Պերլինի համալսարաններուն մէջ։
Վարժարանները Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ
Խմբագրել1775-էն սկսեալ Զմիւռնիոյ (Իզմիր) մէջ կը գործէր Մեսրոպեան Վարժարանը, որ 1830-40-ական թուականներուն դարձաւ Զմիւռնիոյ հայ մտքի կեդրոնը։ 1840-ին նոյն քաղաքին մէջ բացուեցաւ նաեւ Հռիփսիմեան Աղջկանց Դպրատունը՝ իբրեւ հայուհիներու առաջին վարժարան։ 1790-ական թուականներէն սկսեալ Պոլսոյ մէջ կը գործէին թաղային դպրոցները։ 1838-ին կը հիմնուէր Սկիւտարի Ճեմարանը, որ պոլսահայ երիտասարդ մտաւորականութեան պատրաստութեան եւ անոր մտաւորական զարգացման կարեւոր մէկ կեդրոնը դարձաւ։ Բուն Արեւմտահայաստանի մէջ աւելի ուշ հիմնուեցան կրթական արդիական հաստատութիւնները, ինչպէս՝ Խրիմեան Հայրիկի հիմնած Վարագայ Ժառանգաւորացը՝ 1858-ին, եւ Մշոյ Սուրբ Կարապետի Ժառանգաւորաց ուսումնարանը՝ 1863-ին։
Այլ Վարժարաններ
ԽմբագրելՀայ մտաւորական սերունդներ պատրաստելու մէջ, Կովկասի եւ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն դուրս, կարեւոր դեր ունեցան Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը. 1815-ին հիմնուած Հնդկաստանի Մարդասիրական Ճեմարանը՝ 1821-ին եւ Սուրբ Սանդուխտ աղջկանց վարժարանը՝ 1846-ին հիմնուած, ինչպէս նաեւ Մխիթարեաններու Փատովայի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը, հիմնուած՝ 1834-ին եւ Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը՝ 1836-ին հիմնուած։ Վարժարաններու շուրջ ստեղծուած էր ազգային հզօր ոգի, որ երիտասարդութիւնը կը մղէր դէպի գործ, դէպի ազգային ազատագրական պայքար։
Լեզու, Գրականութիւն, Պատմութիւն, Հրատարակութիւններ
ԽմբագրելԴարերու ընթացքին հայոց գրական լեզուն՝ գրաբարը տեղի տուած էր խօսակցական բարբառներուն առջեւ։ Ժողովուրդին համար գրաբարը անհասկանալի եւ օտար էր այլեւս։ Գրաբարը կը գործածուէր միայն եկեղեցական ծէսերու եւ պաշտօնական գրութիւններու մէջ։ Գրաբարով կը ստեղծագործէին ուսեալ մտաւորականները։ Լուսաւորութիւն տարածելու համար գրաբարը միջոց չէր կրնար ըլլալ։ Ուրեմն, միաժամանակ թէ՛ կովկասահայ եւ թէ արեւմտահայ մտաւորականութիւնը սկսաւ մշակել խօսակցական լեզուն՝ զայն գրական լեզուի մակարդակին բարձրացնելու համար։ Արեւելահայերէնին համար հիմք ծառայեց Արարատեան բարբառը, իսկ արեւմտահայերէնին համար՝ Պոլսոյ բարբառը։ Մտաւորականութեան նպատակն էր իր ձայնը ժողովուրդին լսելի դարձնել։ Ուրեմն, միակ միջոցը անոր հասկնալի լեզուով խօսիլն էր։
Երկու հսկայ կայսրութիւններու միջեւ հայութեան բաժնուած ըլլալը եւ միջավայրի ու ազդեցութիւններու տարբերութիւնները արգելք եղան ազգային միասնական մտածողութեան ձեւաւորման, հարցերուն միասնական լուծում գտնելու հնարաւորութեան եւ նոյնիսկ, ինչպէս պիտի տեսնենք, միացեալ հայրենիք ստեղծելու գաղափարի զարգացման։ Արեւելահայ եւ արեւմտահայ լեզուներուն, մշակոյթի, եւ մտածելակերպի տարբերութիւնները ու տեղայնականութեան զգացումը աւելի շեշտուեցան Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւններուն մէջ։ Հայաստանի անկախութեամբ (1991) եւ հայութեան երկու հատուածներուն միջեւ բարձրացած արուեստական պատնէշին վերացումով, հայ ժողովուրդը հասաւ նոր զարթօնքի մը հանգրուանին։ Այդ նոր զարթօնքին գաղափարախօսութիւնը ներշնչում կ՚առնէ մէկ կողմէ՝ համամարդկային գաղափարներու, մարդ անհատի իրաւունքներուն եւ ազգութիւններու ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներուն, իսկ միւս կողմէ՝ ազգային միասնականութեան ու հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն՝ հողահաւաքի եւ հայահաւաքի առաջադրանքներէն։
Ա. 1750 թուականէն մինչեւ 1850 թուական՝ լեզուական, գրական, պատմագիտական եւ տպագրական մարզերուն մէջ, յատուկ կարեւորութիւն ունեցած են Մխիթար Սեբաստացիի 1717–ին հիմնած վանքն ու միաբանութիւնը՝ Վենետիկ, Ս.Ղազար կղզիին վրայ։
Մխիթարեաններ եւ Ս․ Ղազարի Վանքը
Խմբագրել1717-ին Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ Մխիթար Սեբաստացիին կողմէ հիմնուած կաթողիկէ միաբանութիւնը մեծ դեր ունեցաւ հայոց զարթօնքին մէջ: Եւրոպական ազատ միջավայրի մէջ աշխատող եւ ժամանակի գիտական ու փիլիսոփայական ուղղութիւններուն ու մեթոտներուն քաջատեղեակ միաբանները գրին առին Հայոց Պատմութիւնը եւ Պարսկահայաստանի աշխարհագրութիւնը, կազմեցին հայոց լեզուի ու քերականութեան դասագիրքեր ու բառարաններ: Անցեալի արժէքները վեր հանելով, անոնք փորձեցին հայ մարդուն գիտակցութիւնը արթնցնել եւ հպարտութիւն ներշնչել: Մխիթարեան միաբանութիւնը դարձաւ կրթութեան կարեւոր օճախ եւ հայագիտական նիւթերու ուսումնասիրութեան կեդրոն: Վիեննայի մէջ 1807-ին հիմնուած անոնց մասնաճիւղն ալ նոյն ներդրումը ունեցաւ հայ մշակոյթի զարգացման մէջ:
Վենետիկի Ս. Ղազար վանքին մէջ, Մխիթարեան վարդապետներ հաւաքած են հայ հին գրականութեան ձեռագիր գործերը։
Շնորհիւ բառամթերքի ու քերականութեան ուսումնասիրութեան, անոնք վերականգնած են դասական հայերէնը՝ գրաբարը, որ ա՛լ միայն եկեղեցիի մէջ կը գործածուէր, անոր քերականութենէն կազմուած են ծաւալուն բառարաններ։ Եւրոպական գրագէտներէ գործեր թարգմանած են գրաբարի, յետոյ նաեւ՝ աշխարհաբարի, սկսած՝ հին յոյն եւ լատին դասականներէն։
Վարդապետները իրենք եւս գրած են նոյն ոճի գործեր՝ դիւցազներգութիւն, թատրոն...:
Այս գործերը մեծ մասամբ մեր օրերուն ա՛լ չեն կարդացուիր, բայց կը կազմեն հայ նոր գրականութեան «Դասական շրջանը»։
Բ. Կանուխէն, 1750–ականներէն, մշակութային լուրջ խմորումներ ունեցած են նաեւ հայութեան արեւելեան գօտիները։
Հնդկահայ գաղութը, որ կ'ապրէր ընկերա-մշակութային աւելի զարգացած պայմաններու մէջ, կատարած էր թարգմանութիւններ՝ արեւմտեան նոր, յառաջդիմական գրագէտներու գործերէն. արտադրուած էր ինքնագիր գործեր եւ նոյնիսկ՝ ազգային ազատագրութեան հարց դնող քաղաքական երկեր։
-Անդրկովկասի մէջ, նոյն տարիներուն, առանձին երեւոյթ կազմած եր Սայաթ-Նովան՝ իր բանաստեղծական գործով։ Սայաթ Նովան գագաթն է գուսան-աշուղներու բազմադարեան աւանդութեան մը, որ կու գայ մեր ամէնահին պատմութենէն։
-Սկսած էր կազմաւորուիլ նաեւ Ռուսիոյ մեծ կեդրոններու հայ մտակաւորականութիւնը. բառարաններ գրուած էին, հայոց պատմութեան գործեր հեղինակուած՝ հայերէն եւ ռուսերէն։
Գ. Եւրոպայի մէջ սկսած էին զարգանալ հայագիտական ուսմունքները. երեւցած էին առաջին օտարազգի հայագէտները։
Լատիներէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի թարգմանուած էին հայ դասական հեղինակներ՝ Խորենացի, Շնորհալի, Եղիշէ...։
1798 թուականէն Փարիզի մէջ, համալսարանական մակարդակի վրայ, կը գործէր հայագիտական ամպիոն։
Դ. 1850–ի շուրջ, աւելի զգալի կը դառնան փոփոխութիւնները լեզուի մարզին մէջ։ Քիչ-քիչ զտուած՝ խօսակցական լեզուի երկու ճիւղերը իբր գրական լեզու կը փոխարինեն գրաբարին, որուն վերակենդանացումը անկարելի կ'երեւի ա՛լ։ Արեւմտահայ եւ արեւելահայ աշխարհաբարներու յաղթանակը կ'ապահովուի շնորհիւ ուսեալ երիտասարդ մտաւորականներու սերունդի մը՝ Նիկողոս Զօրայեանի Ստեփան Ոսկանի, Ստեփանոս Նազարեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի եւ ուրիշներու։
Գրական արեւմտահայերէնը կը ծնէր համադրութենէ մը՝ Պոլիսի խօսակցական լեզուին եւ արեւմտահայ որոշ հարուստ գաւառաբարբառներու միջեւ, յատկապէս՝ Ակն գաւառի։ Իսկ արեւելահայերէնը աստիճանաբար կը կազմուէր՝ արարատեան բարբառի եւ Նոր Ջուղայի ու հնդկահայոց խօսակցական լեզուի հիմերուն վրայ։
- Աշխարհաբարի տարածման ու գրականացման մեծապէս օգտակար եղած է թատրոնը։ Անուղղակի օգնած են նաեւ՝ կաթողիկէ եւ բողոքական յարանուանութիւններու ստեղծման առթիւ մղուած պայքարը եւ կատարուած քարոզչութիւնն ու հակաքարոզչութիւնը, որոնց մէջ շատ կը գործածուէր ժողովուրդի լեզուն։
Աշխարհաբարի ծննդոցը
ԽմբագրելԱշխարհաբար լեզուի գործածութիւնը նորութիւն չէ. 14րդ դարէն, թերեւս եւ աւելի առաջ, անով գրած էին թէ՛ աշուղներ, եւ թէ բազմաթիւ մատենագիրներ։
Բայց աշխարհաբարի տարածումը տեղի կ'ունենար պայքարով։ Որոշ հոսանքներ, ինչպէս՝ Մխիթարեանները, ջանք կը թափէին ապրեցնելու վերականգնուած գրաբար լեզուն։
Ոմանք կը յուսային, որ նոր լեզուն քիչ-քիչ պիտի մօտենար, միանար գրաբարին։ Կը կատարուէր անոր զտումը, կը գրուէին աշխարհաբար քերականութիւն, բառարան, դասագիրք։
Արեւմտահայ աշխարհաբարի առաջին լուրջ քերականութիւնը պատրաստուած է Մխիթարեան վարդապետի մը՝ Հայր Արսէն Այտընեանի կողմէ։
Ե. 1850–ի շուրջ, կը փոխուին գրական ըմբռնումները, գործելու որակն ու քանակը։
- Դասական ոճի հռետորական կամ խրատական ոտանաւորներն ու վիպակները իրենց տեղը կու տան գործերու, որոնք աւելի կենդանի են ու անկաշկանդ՝ իրենց ձեւով ու նիւթով։ Անոնք երբեմն ունին զգացական շեշտ, երբեմն՝ պայքարի, բանավէճի։ Յաճախ նաեւ կը կապուին առօրեային կամ հայրենի իրականութեան։
Սակայն, մեծ մասամբ, անոնք չեն համապատասխաներ գրական յստակ ու մնայուն չափանիշներուն, այսօր ա՛լ չեն գնահատուիր, չեն կարդացուիր։ Կան բացառութիւններ, մնայուն արժէքի տէր էջեր, ինչպէս՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի որոշ գործերուն մէջ։
- Կը բազմանան ամէն տեսակի գրական հրատարակութիւնները, ինքնագիր եւ թարգմանութիւն։ Աւելի նոր, յառաջդիմական երկեր կը թարգմանուին՝ արեւմտեան ազգերու գրականութիւններէն՝ Ֆրանսական, անգլիական, իտալական, ռուսական, ամերիկեան։
Պարբերական մամուլ (թերթեր)
ԽմբագրելԼուսաւորութեան եւ զարթօնքի առաջատար գաղափարները տարածելու գործին մէջ մեծ դեր ունեցաւ նաեւ հայ մամուլը: Կիւթենպէրկի գիւտէն (1453) կարճ ատեն ետք, հայերն ալ սկսան օգտուիլ տպագրութեան հնարաւորութիւններէն: Հայկական առաջին գիրքը տպագրուեցաւ Վենետիկի մէջ 1513-ին: Անկէ ետք, հայկական զանազան գաղութներու մէջ տպագրուելու սկսան նախ կրօնական, յետոյ գրական եւ պատմական բովանդակութեամբ գիրքեր:
Ա. Գիրքերու հրատարակութեան կողքին, ճամբայ ելած էին պարբերաթերթերը «Ազդարար»՝ 1874–ին, Մատրաս. «Դիտակ Բիւզանդեան»՝ 1812–ին, Պոլիս, «Շտեմարան»՝ 1822–ին, Կալկաթա, եւ այլն։ Առաջինը՝ գրաբար, միւսները՝ յաջորդաբար Պոլսոյ եւ Նոր Ջուղայի ժողովրդական լեզուով, անշուշտ տակաւին օտար բառերով խառն եւ անմշակ։
- Առաջին այս թերթերը մեծ մասամբ ունեցած են դաստիարակչական-բարոյախօսական բովանդակութիւն եւ ոճ։ Անոնք պայքարեցան տգիտութեեան դէմ, նոր միտքեր տարածեցին, լուրեր՝ աշխարհէն, օրինակներ՝ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու կեանքէն ու մտածելակերպէն, թարգմանութիւններ՝ անոնց գրականութենէն: Պարբերաթերթերը նաեւ իրենց դերը կատարեցին աշխարհաբար լեզուի զարգացման գործին մէջ:
Բ. 1850–ի շուրջ, հրատարակուող թերթերը կը բազմանան։ Պոլիս, Զմիւռնիա եւ Վենետիկ լոյս տեսնող այս թերթերը, ինչպէս՝ «Մասիս», «Արշալոյս Արարատեան», «Մեղու», «Բազմավէպ», ունին նոր որակ. անոնց լեզուն արդէն բաւական մշակուած արեւմտահայ աշխարհաբարն է։
Նոր որակի այս երեւոյթը, նոյն 1850–ական տարիներուն, կը դիտուի նաեւ դէպի արեւելք՝ Հնդկաստանի, Ռուսիոյ եւ Կովկասի հայ մամուլին՝ Կալկաթայի «Ազգասէր»ին[1], Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»ին կամ Թիֆլիսի «Կռունկ»ին մօտ։
Այս թերթերը, իւրաքանչիւրը՝ ըստ իր գաղափարական դիրքին, կը դնեն հարցեր՝ ազգային-հանրային, բանասիրական-գրական եւ այլն...: Ու յաճախ պատասխանատուութեան խոր զգացումով մը կը քննարկեն զանոնք, միանգամայն առաջարկելով հանրային գործի ու զարգացման նոր ուղղութիւններ։
Թատրոն
ԽմբագրելԱռաջին թատերական կտորները, յաճախ կրօնա-բարոյական բնոյթով գործեր, մեծ մասամբ՝ թարգմանութիւն, կը բեմադրուին առաջին դպրոցներուն մէջ կամ շուրջը՝ Վենետիկ, Զմիւռնիա, Պոլիս, ապա՝ Կալկաթա եւ Մատրաս, Թիֆլիս, նոր Նախիջեւան...։
1850–ի շուրջ, թատերական շարժումը կը տարածուի. կը բազմանան միութենական ու դպրոցական թատերախումբերը՝ Վենետիկէն ու Պոլիսէն մինչեւ 1860-70–ական թուականները, թատրոնը կը մնայ դպրոցական մակարդակի վրայ ու կը հետապնդէ զուտ ազգային-դաստիարակչական նպատակներ, զուրկ՝ գեղարուեստական արժէքէ։
Հայ Ամիրա Դասակարգը
ԽմբագրելԼուսաւորութեան տարածման գործին մէջ մեծ դեր ստանձնեց ամիրա կոչուած հայ հարուստ դասակարգը, որ իր հսկողութեան տակ առած էր հայ համայնքին ղեկավարումը: Ամիրաները մօտիկ կապեր ունէին օսմանեան կառավարութեան հետ եւ մեծ մասամբ կառավարական շրջանակներէն ներս պաշտօններու հասած էին: Ամիրաները հայ համայնքին ղեկավարման մէջ երբեմն բացասական դեր ունեցան եւ սուլթանին շահերը ազգային շահերէն վեր դասեցին: Այնուամենայնիւ անոնց միջոցով մեծ թիւով վարժարաններ բացուեցան: Անոնց հովանաւորութեամբ հայ երիտասարդներ Եւրոպա ուսանելու գացին եւ վերադառնալով՝ հայոց լուսաւորութեան գործին լծուեցան: Հետեւաբար, կրնանք ըսել որ ամիրաները դրական դեր ունեցան հայոց վերազարթնումի եւ լուսաւորութեան գործին մէջ:
«Ընկերութիւն»ներ, դպրոցներ, դէմքեր
Խմբագրել«Ընկերութիւն»ները առաւելաբար մշակութային միութիւններ են, սկսած 1780-90-ական թուականներէն։ Քանի մը օրինակներ՝ «Արարատեան ընկերութիւնը» Հնդկաստանի մէջ, «Լուսաւորչաց եղբայրութիւնը», «Համազգեաց»ը կամ «Հայկական Թատերական Ընկերութիւն»ը՝ Պոլիս։ Անոնք դպրոցներ կը բանան, թատերախումբեր, գրադարաններ կամ հրատարակչութիւններ կը պահեն, թերթ կը հրատարակեն։
Նոյնպէս 1800–էն առաջ սկսած կրթական շարժումը 1820-30–էն ետք արագացուած է եւ բարեշրջուած։ Դպրոցներ բացուած են Վենետիկ, Զմիւռնիա եւ Պոլիս ու միւս կողմէ՝ Կալկաթա, Մոսկուա, Թիֆլիս, Էջմիածին, յետոյ՝ Երեւան եւ Շուշի:
Կ'արժէ յիշել քանի մը անուններ.- Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեանը, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանը, աւելի ուշ՝ Էջմիածինի Ճեմարանը։ Իր օրին, կարեւոր դեր կը կատարէ Կալկաթայի Մարդասիրական ճեմարանը. փայլուն այս կրթական հաստատութիւնը, ուրիշ նորութիւններու կարգին, ունի երկսեռ դրութիւն։ Իրեն միայն կը հետեւի Զմիւռնիան, որ Մեսրոպեան վարժարանի կողքին՝ պիտի հիմնէ յատուկ աղջկանց Հռիփսիմեանց վարժարանը։
Նոյն 1830–ական տարիներուն, Պոլսոյ մէջ առաջին գիծի վրայ կու գան Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանը եւ Սկիւտարի Ճեմարանը։ Այս վերջինին շուրջ պիտի կազմուի խմբաւորում մը՝ միջին-արհեստաւոր խաւէն, որ պիտի լծուի պայքարի՝ ամիրայական «իշխանութեան» դէմ, ու աւելի ետք՝ կը յանգի ազգային Սահմանադրութեան իրագործումին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԵՆԱՍՏԱՆԻՆ մամուլին շտեմարանը- ԱԶԳԱՍԷՐ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-12