Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան

Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան, հայկական վարժարան՝ Վենետիկ։ Գիշերօթիկ է, 1980-ականներուն կ՛ուսանէին մօտ 120 սան, որոնցմէ շուրջ 45-ը՝ անվճար։ Վարժարանն ունի հարուստ գրադարան, թանգարաններ, մարզական հրապարակներ, կը գործեն «Սայեաթ-Նովա» նուագախումբն ու թատերական խմբակը։

Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Տեսակ Լիցեյ?[1]
Հիմնադրուած է 1836[1]
Լուծարուած է 1997
Աշակերտներ 120
Երկիր  Իտալիա
Տեղագրութիւն Վենետիկ

Այնտեղ բացի հայերէն, ուսանած են հայագէտներ Հայնրիխ Հիւբշմանը, Մարի Ֆելիսիտէ Բրոսսէն, Եորգանը եւ ուրիշներ[2]։

Պատմութիւնը Խմբագրել

Հիմնադրուած է 1836-ին, Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ, էդվարդ Ռափայէլի Ղարամեանի միջոցներով՝ Ռափայէլեան վարժարան անուանմբ։ 1870-էն կը կոչուի Մուրատ-Ռափայէլեան (կրթական հաստատութեան կը միանայ Փարիզի Մուրատեան վարժարանը, որ 1929-ին կ՛անջատուի եւ դարձեալ կը բացուի Փարիզի մէջ, սակայն Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը կը պահպանէ իր անունը (Սամուէլ-Մուրատեան վարժարան)։

1917-ին տեղափոխուած է Հռոմ, 1918-ին՝ դարձեալ Վենետիկ։ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին ժամանակ կը փակուի, իսկ 1950-ին կը վերաբացուի։ Սկզբնական շրջանին վարժարանն կ՛առաջնորդուէր գիմնազիական ծրագիրով, ունէր 6-ամեայ դասընթաց։ 1867-ին Ֆրանսայի, 1879-ին Իտալիոյ կառավարութիւնները Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանն կ՛օժտեն լիկէոնական իրաւունքներով։

Վարժարանի դասաւանդողներ Խմբագրել

Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանոէն ներս դասաւանդած են Ղեւոնդ Ալիշանը, Ս․ Թէոդորեանը, Մ․ Նուրիխանը, Վ․ Աւգերեան, Ա․ Գասքանտիլեան, Դ․ Նազարեթեան, Գ․ Ճելալեանը, Գ․ Նահապետեանը, Թադէոս Թովմաճանեան, Մ․ Թաշճեանը, Վ․ Հացունին, Մ․ Ճանաշեանը, Ս․ Ագլեանը, Հ․ Ապոյեանը, Սինանեանը, Հ․ Դերձակեանը, Ա․ Ճարեանը, Ա․ Ղազիկեանը, ֆրանսացի եւ իտալացի ուսուցիչներ Ալեանսքը, Մ․ Տամէն, Տէ-Լուգան, փրոֆէսոր Գալոն, վարժարանի «Հայկական քայլերգի» հեղինակ Աւրելիանոս Բոնձիլագուան։

Վարժարանի շրջանաւարտներ Խմբագրել

Շրջանաւարտներէն են Դանիէլ Վարուժան, Թովմաս Թերզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Վ․ Սվաճեան, Ա․ Արապեան, Վ․ Փափազեան, Յ․ Փափազեան, Է․ Շահին, Զ․ Մութաֆեան, Գ․ Ալեմշահ, Էտկար Մանաս եւ ուրիշներ։ Վարժարան յաճախած են նաեւ եւրոպացիներ։ Անուանի հայագէտներէն Հէնրիկ Հիւպշման, Փ․ Ֆետտերը, Ֆ․ Նեւ, Պրոսսէն, Է․ Դյուլորիէն, Ն․ Եորգան, Ֆրետերիք Ֆէյտին եւ ուրիշներ մշտական կապերու մէջ եղած են Մխիթարեաններուն եւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի հայագէտներուն հետ։

Գրականութիւն Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։