Խորէն Սինանեան (1868, Քէօթահիա - 1928, Պոլիս, Թուրքիա), հայ մանկավարժ, աստղագէտ, Ֆրանսայի աստղագիտական ընկերութեան (1915) եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1892) ։

Խորէն Սինանեան
Ծնած է 1868
Ծննդավայր Քէօթահիա
Մահացած է 1928
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Փատուայի համալսարան
Մասնագիտութիւն մանկավարժ, աստղագէտ
Աշխատավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան

Կրթութիւնը ստացած է Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին եւ Փատուայի համալսարանին մէջ։ Սինանեան իր կեանքին մեծ մասը նուիրած է մանկավարժական գործունէութեան՝ թուաբանութիւն եւ աստղագիտութիւն դասաւանդելով Սուրբ Ղազար մայրավանքի ճեմարանի, Մուրատ-Ռափայէլեանի, Տրապիզոնի, Քաղկեդոնի եւ Նիկոմիդիայի վարժարաններէն ներս։ 1894 թուականին, Ապրիլ 15-ին յայտնագործած է Լուսնթագ մոլորակի 6-րդ արբանեակը, սակայն Վատիկանի դիտարանի յանձնաժողովը այդ գիւտը չհաստատեց եւ չգրանցեց Սինանեանի անունով՝ Լուսնթագի 6-րդ արբանեակի գոյութիւնը[1]։ Սինանեանի գիտական աշխատանքներ եւ գիտահանրամատչելի յօդուածներ ունի մթնոլորտին նկատմամբ, որ ունին նաեւ թթուածինի պարունակութեան, կենդանակերպային լոյսի, երկնային լուսատուներու շարժման եւ աստղերու առկայծումներուն վերաբերեալ բացատրութիւններ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՆԱՄԱԿԱՆԻ - Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներ»։ digilib.aua.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-12-21 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։