Գրիգոր Մարկոսեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գրիգոր Մարկոսեան (1821, Իզմիր, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1888․)
Գրիգոր Մարկոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1821 |
Ծննդավայր | Իզմիր, Անատոլիայի էլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1888 |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Գրիգոր Մարկոսեան ծնած է 1821–ին Զմիւռնիոյ մէջ։ Իր հայրը հարուստ վաճառական մըն էր։ Գրիգոր նախ Մեսրոպեան վարժարանին աշակերտեցաւ. յետոյ Ռուսիա գնաց եւ Մոսկուայի մէջ քաջ ուսաւ ռուսերէն եւ պարսկերէն։ անգլերէն արդէն լաւ գիտնալով ռուսիայէն Անգլիա գնաց, ուր ժամանակ մը Անգլիական վաճառատան մը մէջ պաշտօնավարեց։ Պոլիս գալով Կիրիտլի Մուսթաֆա փաշային զաւակներուն ուսուցիչ եւ յետոյ անոր միջոցաւ Սպարապետի դրան պաշտօնեայ եղաւ, անկէ առաջ ալ Արտաքին գործոց նախարարուեան Թարգմանութեան դիւանին մէջ պաշտօն ունէր Ապրօ Սա ակ ԷՖ.ի հետ։ Խրիմի պատերազմէն առաջ իբրեւ իշխան Մէնչիքով Պոլիս եկաւ իր պատմական կարեւոր պատգամաւորութեամբ, որ ատեն Րիֆաթ փաշա Արտաքին գործոց նախարար էր, Գրիգոր ԷՖ. ալ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ռուսերէնի թարգման եղաւ ու այդ հանգամանքով ներկայ գտնուեցաւ Արեւելեան մեծ պատերազմին բանակցութեանց։ Թէեւ Մարկոսեան Գրիգոր ԷՖ. 19 տարիներ օսմ. կառավարութեան ծառայած էր. սակայն մեզ համար աւելի կարեւորութիւն ստացած է իր ազգային ծառայութիւններով։ Մարկոսեան Գրիգոր երիտասարդ մըն էր, երբ հաստատուեցան Հոգեւոր եւ Գերագոյն ժողովներն, որոնք փոխանցական դրութիւն մը եղան Ամիրայական ու Սահմանադրական Ազգային վարչութեան։ Այն ատեններն երիտասարդ անգամ մը ունենալ գերագոյն Ժողովին մէջ շատ փափաքելի բան մը չէր, բայց քանի մը տարուան մէջ արդէն կը խօսուէր իզմիրցի խմբակին մասին, որոնք երեք յառաջդիմասէր երիտասարդներէ կը բաղկանային՝ Մարկոսեան, Սահակ Ապրօ եւ Մինաս Մինասեան։ 1852–ին Ապրօ եւ Մարկոսեան կը հիմնէին «Նոյեան Աղաւնի» շաբաթաթերթը, որուն Ա. թիւը կը հրատարակուէր 28 Փետրուար 1852–ին, յօդուածներուն մեծ մասը կը գրէր Մարկոսեան։ 1852–ի Սեպտեմբերին թերթը իր սեփական տպարանը ունեցաւ եւ ծաւալը աւելի մեծցուեցաւ։ Բ. տարուան սկիզբը 1853–ի Մարտ 14–ին թերթին տպարանը փոխադրուած։ Վերջին թիւը (74), 1853 Օգոստոս 8–ին հրատարակուեցաւ, ուրկէ վերջ յայտարարութիւն մըն ալ հրատարակեցին, որուն մէջ խմբագիրները կը ծանուցանէին թերթերուն դադարումը․ «երբոր տեսանք մեր ի սէր ազգիս յանձնառու եղած ծանր եւ անշահախնդիր աշխատութիւննիս, այսպէս օրէ օր կը դառանար ե՛ւ թանկագին ժամանակնուս կորուստը ե՛ւ մեր քաշած անհանգստութիւնները պարապը ելնելէն զատ՝ անոնցմէ աւելի նիւթական կորուստներ ալ ընելու սկսանք, այն ժամանակ աւելի ընտիր համարեցինք շաբաթաթերթիս հրատարակումը մեր յօժար եւ ազատ կամօք առ այժմ դադարեցնել»։