Ճոմոյ Քենեաթա (անգլերէն՝ Jomo Kenyatta, 20 Հոկտեմբեր 1893(1893-10-20), Gatundu, Kiambu County, Central Province - 22 Օգոստոս 1978(1978-08-22)[1], Մոմբասա, Քենիա) քենիացի հակագաղութատիրական աշխուժակ եւ քաղաքական գործիչ մը եղած է:

Ճոմոյ Քենեաթա
անգլերէն՝ Jomo Kenyatta
Ծնած է 20 Հոկտեմբեր 1893(1893-10-20)
Ծննդավայր Gatundu, Kiambu County, Central Province
Մահացած է 22 Օգոստոս 1978(1978-08-22)[1] (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոմբասա, Քենիա
Քաղաքացիութիւն  Քենիա
Ուսումնավայր Լոնտոնի Տնտեսութեան համալսարան
Լոնտոնի համալսարանական քոլեճ
International People's College?
Մասնագիտութիւն լրագրող, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Քենիայի նախագահ, Prime Minister of Kenya? եւ Minister for Foreign Affairs?
Կուսակցութիւն Kenya African National Union?
Ամուսին Grace Wahu? եւ Ngina Kenyatta?
Երեխաներ Margaret Kenyatta?[2], Ուհուրու Քենեաթա[2], Nyokabi Kenyatta?[2] եւ Muhoho Kenyatta?[2]
Ճոմոյ Քենեաթայի նախագահական սթանտարտը

Ճոմոյ Քենեաթան Քենիան ղեկավարած է որպէս վարչապետ 1963-էն մինչեւ 1964-ը եւ ապա՝ որպէս առաջին նախագահ 1964-էն մինչեւ 1978-ը: Ան եղած է երկրի առաջին սեւ նախագահը եւ նշանակալի դեր խաղցած է Քենիան Անգլիականական կայսրութեան գաղութատիրութենէն անկախ հանրապետութիւն ստեղծելու ընթացքին: Ափրիկէցի ազգայնական գաղափարաբանութեամբ եւ պահպանողական ըլլալով, ան Քենիայի ափրիկեան ազգային միութիւնը (ՔԱԱՄ) Kenya African National Union (KANU) 1961-էն մինչեւ իր մահը գլխաւորած է:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Քենեաթան ծնած է քիքուեու ցեղի գիւղացի ընտանիքի մը մէջ անգլիական արեւելեան Ափրիկէի Քիամպու բնակավայրին մէջ։ Ուսանած է Միսիոնարական դպրոցի մը մէջ, եւ զանազան աշխատանքներ կատարած է մինչեւ քաղաքականութեան մէջ մտնելը: 1929-ին Լոնտոն ճամբորդած է ցեղապատկան հողերու խնդիրները քննարկելու համար: 1930-ականներուն ան սորված է Մոսկուայի եւ Լոնտոնի տարբեր համալսարաններուն մէջ:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1938-ին հրապարակած է քիքուեուներու կեանքի մարդաբանական ուսումնասիրութիւնը: ԵՀՊ-ին ընթացքին տարուած է հակագաղութատիրական եւ համայնափրիկեան գաղափարներով, կազմակերպելով Մանչեսթրի մէջ համայնափրիկեան համաժողովը: 1946-ին ան Քենիա վերադարձած եւ դպրոցի մը տնօրէն դարձած է: 1947-ին Քենիայի ափրիկեան միութեան նախագահ ընտրուած է, որուն միջոցաւ Անգլիական գաղութատիրութենէն անկախանալու շարժումը յառաջ տարած է:
1964-ի Դեկտեմբերին, Քենիան պաշտօնապէս հանրապետութիւն հռչակուեցաւ, Քենեաթան դարձաւ անոր գործող նախագահ, միաւորելով երկրի ղեկավարի եւ կառավարութեան գլխաւորի գործառոյթները: 1965-ին եւ 1966-ին կատարուած են սահմանադրական փոփոխութիւններ, որոնք նախագահին դիրքերը ուժեղցուցած են:
Քենեաթան կոչ ըրաւ ներել եւ մոռնալ անցեալը, ինչը ներկայ կառավարութեան անկիւնաքարը պիտի ըլլար: Ան պահպանած է անցեալ գաղութատիրական կարգի տարրեր իր վարչարարութեան մէջ, մանսւորաբար, օրէնքի եւ կարգի հարցերուն մէջ։ Ոստիկանութիւնը եւ զինուած ոյժերը հիմնականին մէջ մնացին անձեռնմխելի: Ճերմակ քենիացիները մնացած են արդարադատութեան, քաղաքացիական ծառայութեան եւ խորհրդարանին մէջ ունեցած իրենց արտօնեալ դիրքերուն վրայ: Պրիւս ՄքՔենզին Bruce Mackenzie եւ Հըմփրի Սլէյտը Humphrey Slade կը գտնուէին Քենիաթայի բարձր պաշտօնեաներու դիրքերուն վրայ:

Գնահատում

Խմբագրել

Քենեաթան մեղադրուած է Քենիայի արդարադատութեան եւ հաշտեցման յանձնաժողովի կողմէ, երբ 2013 Մայիսին հրապարակած իր զեկոյցին մէջ յստակացած է որ ան օգտագործած է իր իշխանութիւնը որպէս նախագահի եւ իր ընտանիքին համար մեծ հողատարածք յատկացնելով[3] Քենեաթայի ընտանիքը Քենիայի ամենախոշոր հողատերերու շարքին դասուած է:[4]
1990-ական թուականներուն տարբեր ցեղային խումբերը յատկապէս՝ նանտի, նաքուրու, ուասին-կիշու եւ թրանս-նզոիա, մեծապէս հիասթափուած էին, որ Քենիայի իշխանութեան ժամանակ անոնք չեն վերականգնած եւրոպացիներու առած հողերը եւ հողն իրենց վաճառած են որպէս «օտարերկրացիներու»: Սա խումբերուն մէջ տարածուեցան հատուցումի կոչեր եւ 1991-ին եւ 1992-ին պատահեցան յարձակումներ հողերուն տիրացածներուն վրայ։ Խնդիրները պարբերաբար շարունակուած են մինչեւ 1996 թուականը, ըստ գնահատումներու այդ օրերուն 1 500 սպաննուածներ եւ 300 000 տեղահանուածներ եղած են այդ հարցերու հետեւան: Քենեաթայի կառավարութիւնը նաեւ թոյլ փոփոխութիւններ կատարաած է կիներու իրաւունքներու հարցերուն գծով, ուր կինը մնացած է որպէս երկրորդ կարգի էակ մը:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել