Ճոնաթան Քայթ (2 Սեպտեմբեր 1979(1979-09-02), Skokie, Քուք գաւառ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]) Ամերիկացի դերասան, կատակերգակ եւ դերասանականօրէն կապկող մը: Ան ամէնէն շատ ճանչցուած է իր Օլէկ Կոլիշէվսքիի դերով CBS կայանի 2 Broke Girls (2011-ներկայ) հեռուստաշարին մէջ[2]:

Ճոնաթան Քայթ
Ծնած է 2 Սեպտեմբեր 1979(1979-09-02) (44 տարեկան)
Ծննդավայր Skokie, Քուք գաւառ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր Ուրբանա-Շամպեյնի Իլինոյսի համալսարան?
Niles North High School?
Մասնագիտութիւն դերասան, Շարժապատկերի դերասան, Հեռատեսիլի դերասան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Քայթ ծնած ու մեծցած է Սքոքի, Իլինոյ, ԱՄՆ,[3] զաւակն է Լին եւ Տէյվիտ Քայթի[4]: Ան յաճախած է Old Orchard Junior High եւ Niles North High School դպրոցները: Ան Դերասանութեան իր վկայականը ստացած է University of Illinois at Urbana–Champaign համալսարանյն[4]:

2011էն ի վեր, Քայթ երկրորդական դեր ստանցնած է CBS կայանի 2 Broke Girls հեռուստաշարին մէջ, իր Օլէկ Կոլիշէվսքիի դերով, տարօրինակ խոհարար մը, որ ճաշարանը կ'աշխատի: Ան նաեւ փոքր դերեր ստանձնած է տարբեր հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս Raising Hope, Kickin' It, American Dad!, The Life & Times of Tim, In the Flow with Affion Crockett, եւ Wizards of Waverly Place: Առաւելաբար, ան ստանձնած է դերեր ծանոցումներու մէջ, ինչպէս AT&T եւ Muscle Milk ընկերութիւններու ծանոցումներուն մէջ:

Իբրեւ կատակերգակ, Քայթը ճանչցուած է իր շուրջ 50 հռչակաւոր անձոնց կապկելու կարողութեամբ. կապկած է շատեր, ինչպէս Թոմ Հենքս, Վինս Վոն, Ռոպըրթ Տաունի, Սեթ Ռոկըն, Մարք Ուալպըրկ եւ Լիամ Նիսըն[4]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել