Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան

Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան ծնած է 1926ին, Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանը, Լիբանան: 2010 տարեշրջանի ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ[1]:

Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան
Ծնած է 1926ին
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
Աշխատավայր լողազգեստի կարատուն
Ամուսին Մաքրուհի Սագաճեան
Ծնողներ Աբրահամ եւ Մարիամ
Երեխաներ Ճորճ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ան Աբրահամ եւ Մարիամ Ժամկոչեաններուն չորս զաւակներէն երկրորդն է: Յաճախած է իր ծննդավայրի, այսինքն Նոր Մարաշի «Քառասուն Մանուկ» ազգային նախակրթարանը:

  «Ես միայն նախակրթարանի ուսում ունիմ: Ինքնաշխատութեամբ հայերէն գրել կարդալս զարգացուցած եմ: Իսկ կեանքի ասպարէզը ինծի շատ բան սորվեցուցած է», ինքնավստահ հպարտութեամբ ընդգծեց Ժամկոչեան:
- Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան
 


1972ին ծանօթացած է Մաքրուհի Սագաճեանի հետ, որուն հետ ամուսնանալով ընտանեկան երջանիկ բոյն մը կազմած է: Բախտաւորուած են մէկ հատիկ տղայ զաւակով մը, զոր հօր անունով կոչած են Ճորճ:

Եղբ. Ժամկոչեանի հաստատումով, ինք զանազան արհեստներ փորձելէ ետք, ի վերջոյ, կնոջ հետ բացած է լողազգեստի կարատուն մը, որ մեծ յաջողութիւն արձանագրած է:

2005ին, դժբախտաբար քաղցկեղի հիւանդութենէ տառապելով կը մահանայ Ճորճ Ժամկոչեանի կինը, զինք առանձին ձգելով իր մէկ հատիկ զաւկին հետ:

  «Կինս մահացաւ թոքերու քաղցկեղէ, որ սիկարէթ ծխելու հետեւանք էր։ Այս իսկ պատճառով, կը թելադրեմ մեր երիտասարդ սերունդին չծխել եւ ՀՄԸՄի նման կազմակերպութեան մը անդամակցելով աւելի լաւ աշխատանքներով զբաղիլ», յուզումով ընդգծեց Ճորճ Ժամկոչեան, յիշելով իր սիրասուն կողակիցը:
- Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան
 


Ներկայիս Ժամկոչեան հանգստեան կոչուած է եւ կը զբաղի շատ ակումբներ այցելելով:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքեր

Խմբագրել

Երիտասարդ տարիքին մտած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, կնքահայր ունենալով ազգային գործիչ եւ «Ազդակ» պաշտօնաթերթի նախկին տնօրէններէն Հայկ Պալեանը: Գործած է իր ծննդավայրի Սարդարապատ կոմիտէութեան Օհանջանեան խումբէն ներս:

Լիբանանի «Ազդակ» տպարանի եւ Պոսթընի «Հայրենիք» պաշտօնաթերթ գրաշար

Խմբագրել

Փոքր տարիքին կեանքի ասպարէզ նետուելով, փորձած է զանազան արհեստներ սորվիլ: 1954-56, երկու տարի աշխատած է Լիբանանի «Ազդակ»ի տպարանը, իբրեւ գրաշար:

1956ին, իբրեւ գրաշար հրաւիրուած է Արեւելեան ԱՄՆի Պոսթըն քաղաքը եւ աշխատած է տեղւոյն ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հայրենիք»ի մէջ։ Սակայն չհամակերպելով քաղաքի ցուրտ օդին, մէկ տարի անց, 1957ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս:

Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը

Խմբագրել

Շաբաթ, 8 Մայիս 2010ին, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի պասքեթպոլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերու բացման հանդիսութեան ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 2010 տարեշրջանի Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը սիրայօժար ընդունած է ստանձնել ազնուական հայորդի ՀՄԸՄական Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան:

  «Յաճախ հետեւած եմ ՀՄԸՄի աշխատանքներուն: Ներկայ գտնուած եմ յատկապէս ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ հիացած եմ լաւապէս կազմակերպուած այս մեծ աշխատանքով: Ընդհանրապէս տպաւորուած ըլլալով ՀՄԸՄի ազգանպաստ գործունէութեամբ, մէջս մղում մը ստեղծուած է հովանաւորելու ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը: Ուրախ եմ, որ այդ գեղեցիկ առիթը ընծայուեցաւ ինծի եւ ես սիրով պիտի ստանձնեմ այս պատասխանատուութիւնը: Ես կը գնահատեմ ՀՄԸՄի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները, որոնք կամաւոր աշխատանք տանելով ՀՄԸՄի հովանիին տակ կը համախմբեն մեր հայ ընտանիքներու զաւակները՝ «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանով»:
- Ճորճ Աբրահամ Ժամկոչեան
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Պատուոյ Նախագահ Ճորճ Ժամկոչեան Archived 2020-03-24 at the Wayback Machine.