Հայրենիք (օրաթերթ)

թերթ, Պոսթըն

«Հայրենիք», ազգային, քաղաքական եւ գրական օրաթերթ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1 Մայիս 1899 թուականէն սկսեալ։ (Նիւ Եորքի մէջ, 1900 -էն՝ Պոսթընի մէջ), մինչեւ 1913 ՝ շաբաթաթերթ, 1913-1915 երկօրեայ, 1915-ի Դեկտեմբերէն՝ օրաթերթ։

Առաջին խմբագիր՝ Թ. Չարշաֆճեան, այնուհետեւ, տարբեր տարիներ խմբագրած են՝ Մ. Մինասեան, Ա. Վռամեան, Արամ Աշոտ (Ս. Մինասեան), Ն. Թաշճեան, Սիամանթօ, Յ. Չագմաքճեան, Սիմոն Վրացեան, Մ. Համբարձումեան, Մ. Օզանեան, Ս. Չթճեան, Ն. Տեստեկիւլ եւ Մ. Վերածին, Ռ. Դարբինեան, Գ. Մխիթարեան, Վ. Վալադեան, Վ. Ահարոնեան, Խ. Ներսէսեան, Մ. Թէօլէօլեան, Ե. Խաթանասեան, Ա. Պաղտոյեան, Օ. Պալեան, Գ. Տօնապետեան, Վ. Բրուտեան, Խ. Մկրտիչեան, Զ. Թորիկեան։

«Հայրենիք»-ի մէջ կը հրապարակուին նիւթեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին, պաշտօնական փաստաթուղթեր։ Օրաթերթը լայնօրէն կը լուսաբանէ Հայկական Հարցը՝ անոր զարգացման բոլոր շրջաններուն, արեւմտահայերու դրութիւնը, հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը թրքական բռնապետութեան դէմ։

«Հայրենիք»-ի թիւերուն մէջ լոյս տեսած են բազմաթիւ վաւերաթուղթեր, ականատեսներու վկայութիւններ եւ յուշագրութիւններ 1915-1923 Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Թերթը կը խօսի Հայկական Սփիւռքի, ԱՄՆ-ի հայ համայնքի կեանքին, հայոց ինքնութեան պահպանման, նորաստեղծ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու եւ սատարելու մասին։

Ի Սրտէ Շնորհաւորանք՝ 120 Տարեկան Երիտասարդ Մեր «Հայրենիք»-ինԽմբագրել

  «Հայրենիք» շաբաթաթերթ։

Շատ «բաներ» կրնանք ըսել, յիշել, խօսիլ, բացայայտել։ Ինք՝ իբրեւ մեր հայ տարեց մամուլի ներկայացուցիչը, ամէն շաբաթ մեր արարքները շարունակեց գնահատել, առանց խտրականութեան։ Ու միշտ մեզի հետ ապրեցաւ եւ շնչեց։ Մեզի հետ ուրախացաւ եւ տխրեցաւ, որովհետեւ ինք մեր հայելին դարձած էր։ Մեր պատկերը։ Մեր հայու կամքի գաղտնի խորհուրդը։ Նոյնիսկ իբրեւ մնայուն արժէք, հայրենիքի, եկեղեցիի, դպրոցի, մշակոյթի եւ բոլոր ազգին բաղադրիչ մասնիկներով տագնապեցաւ ու այս բոլորին նոր յոյս եւ շունչ տալով, կերտեց մեր ազգային ու հաւաքական կարծիքը։ Վերջապէս՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթ։

Ինծի համար զինուոր մը։ Արթուն պահակ՝ որ կը շարունակէ ծառայել յանուն գաղափարին եւ իտէալին։ Ան մեր ազգային եւ կուսակցական ձգտումներուն խմորումը իր վաստակին մէջ, միշտ պատնէշի վրայ պայքարեցաւ եւ տակաւին արժանապատիւ գիտակցութեամբ եւ մանաւանդ խիզախութեամբ ու ճշմարիտ խօսքով կը շարունակէ իր ճամբան։
 


«Հայրենիք-ի ԹուայնացումԽմբագրել

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մասաչուսէց.- Գրեթէ աւարտած է «Հայրենիք-ի եւ անգլերէն լեզուով՝ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի թիւերուն թուայնացման (Digitization) աշխատանքը։ Կը մնան քանի մը թիւեր, վերջնականապէս մեր տրամադրութեան տակ ունենալու այս հրատարակութիւններուն ամբողջութիւնը։ 1899-էն ի վեր է «Հայրենիք» եւ 1934-էն ի վեր «Արմինիըն Ուիքլի» իրենց թովանդակութեամբ, հետեւողական ձեւով ներդրում կ՛ունենան ազգային, ընկերային եւ մշակութային բնագաւառներէ ներս[1]։

Անհատապէս, կարելի է բաժանորդագրուիլ այս ծրագրին Gmail –ի հաշիւ ունենալով։ Տարեկան սակ՝ $35։ Հանրային գրադարաններ տարեկան $500 վճարելով, կրնան իրենց տրամադրութեան տակ ունենալ այս արխիւները, որոնք կրնան օգտագործուիլ բոլոր անդամներուն կողմէ[1]։

ԽմբագիրներԽմբագրել

«Հայրենիք» խմբագիրներ

Անգլերէն բաժնի խմբագիրներ՝

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել

Տե՛ս նաեւԽմբագրել

ԱղբիւրներԽմբագրել