Խաժակ Մկրտիչեան

Ծնած է Գամիշլի (Սուրիա) 1960-ին: Նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէն ետք՝ յաճախած է Հալէպի համալսարանի ելեկտրական բաժինի դասընթացքներուն. համալսարանական ուսումը աւարտած է 1986-ին: Ուսման կողքին պաշտօնավարած է Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին, Զաւարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ:

Զինուորական ծառայութենէն ետք, 1989-ին քանի մը ամիսով եղած է Աթէնք, «Դրօշակ»ի խմբագրատան մէջ:

1991-ին ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ կը գործուղղուի Հայաստան, որպէս գործիչ: Նոյն թուականի Դեկտեմբերին կ'ընտրուի ՀՅԴ Հայաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ կը ստանձնէ կազմակերպական եւ ուղեկից միութիւններու կապի պարտականութիւնները:

1993-ին կը վերադառնայ Հալէպ: Ապրիլին, Հալէպի «Գանձասար» երկշաբաթաթերթը վերածելով շաբաթաթերթի՝ կը ստանձնէ անոր խմբագրութիւնը, մինչեւ 1997: Զուգահեռաբար, Հալէպի մէջ կը կազմէ «Դրօշակ»ի կորիզ, որ հետեւելով Թուրքիոյ մամուլին եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն կը պատրաստէ «Դրօշակ»ի «Թուրքիոյ Շուրջ» բաժինը:

1997-ին Խ.Մկրտիչեան կը հրաւիրուի Եգիպտոս, ուր կը ստանձնէ «Յուսաբեր» օրաթերթի խմբագրութիւնը:

ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով 1999 Օգոստոսին կը ստանձնէ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին խմբագրութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել