Քարէն Եփփէ

Քարէն Եփփէ (դան․՝ Karen Jeppe, 1 Յուլիս 1876(1876-07-01)[1], Կայլինկ, Օտտըրի քաղաքապետարան, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Դանիա, Դանիա - 7 Յուլիս 1935(1935-07-07)[1], Հալէպ), դանիացի միսիոնար եւ ընկերային ծառայող:

Քարէն Եփփէ
Karen Jeppe with Misak and Hajim Pahsa near Aleppo.jpg
Ծննդեան անուն դան․՝ Karen Vel Jeppe
Ծնած է 1 Յուլիս 1876(1876-07-01)[1]
Ծննդավայր Կայլինկ, Օտտըրի քաղաքապետարան, Տենմարքի կեդրոնական նահանգ, Դանիա, Դանիա
Մահացած է 7 Յուլիս 1935(1935-07-07)[1] (59 տարեկանին)
Մահուան վայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն Flag of Denmark.svg Դանիա
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ընկերային ծառայող, միսիոներուհի

Մինչեւ մահը նուիրուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ գաղթականներու օգնութեան գործին: Փրկուած հայերէն շատերը պահած է իր տան նկուղին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեկնած է Հալէպ` իրեն հետ տանելով թրքական կոտորածներէն խոյս տուած բազմաթիւ հայեր[2]:

Կեանքը եւ գործունէութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջԽմբագրել

Օրդ. Քարէն Եփփէ եզակի անուն մըն է 1895-ի Համիտեան ջարդերուն ընթացքին եւ այնուհետեւ գաղութներու մէջ մեր ժողովուրդին վերականգնումի ճիգին իրենց նպաստը բերած օտար մարդասէրներու եւ նուիրեալներու հոյլին մաս կազմողներէն մին։

Ծնած է 1876-ին, Դանիոյ Կայլինկ քաղաքը, պետական ուսուցիչի մը ընտանիքին մէջ։ Երեք քոյրերուն անդրանիկն է։ Ծննդավայրին դպրոցը աւարտելէ ետք, հօր առաջարկով գացած է Քոփենհակն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար[3]։

Համիտեան կոտորածներու տարիներուն երբ մամուլը լուրեր կը հաղորդէր ջարդերու մասին, հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով իրենց քաղաքացիներուն խիղճը կը փորձէին արթնցնել։ Քարէն Եփփէ կը հետեւէր մամուլին ու տեղեակ կ'ըլլար հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութենէն։ Ուսումէն հրաժարելով կ'ուզէ մասնակից դառնալ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու սրբազան գործին։ Ան նամակագրական կապեր կը հաստատէ Ուրֆայի մէջ որբահաւաքի գործ կատարող գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիւսի եւ ամերիկացի Գորիննա Շաթուքի (Corinna Shattuck, 1848-1910) հետ։ Երկար ժամանակի կը կարօտի համոզելու համար իր ծնողքը, եւ վերջապէս 1903-ին կը հասնի Ուրֆա[4]։

27 տարեկանին իրեն կը վստահուի 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը։ Ան իր թղթակցութիւններով կ'օժանդակէ որբանոցին ու որբերը տնտեսապէս անկախ դարձնելու համար արհեստանոց մը կը բանայ։

«Միսս» (անգլերէնով օրիորդ) Եփփէ շուտով հայերէն կը սորվի։ Ուրֆայի բարբառի ու գրական արեւմտահայերէնի խառնուրդ մըն էր իրը, որ այնքան հաճելի կը հնչէր դանիացի օրիորդին շրթներէն։ Ան ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփփէ Մայրիկ» անունով:

Քարէն Եփփէ 1915-ին Ուրֆայի մէջ ոչինչ կը խնայէ Ուրֆայէն անցնող հայ տարագիրներուն, ապա Ուրֆայի հայոց հերոսամարտի հայ դիւցազուններուն օգտակար ըլլալու համար։ Ուրֆայի դիւցազնամարտին անդրադարձող բոլոր հեղինակները յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշատակեն դանիացի օրիորդին քաջասրտութիւնն ու մարդասիրութիւնը։

1917-ին Դանիա վերադարձած ու ծանրօրէն հիւանդ Քարէն Եփփէ, ապաքինելէ ետք, դասախօսութիւններով ու յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդին ապրած ահաւոր եղեռնին շուրջ եւ կ'աշխատի միջոցներ հաւաքելով Հալէպ հասնիլ հայ խլեակներուն օգտակար ըլլալու համար։ Ան կ'իմանայ, որ իր որդեգիրները՝ տէր եւ տիկին Միսաք եւ Լուսիա Մելքոնեանները ողջ են ու Հալէպ կը գտնուին եւ շատերու պէս կ'ուզեն Պոլիս, Եւրոպա կամ Ամերիկա անցնիլ։ 29-8-1920 թուակիր, իր ձեռքով գրուած հայերէն նամակին մէջ կը գրէ անոնց.

  Ես ալ կ'ըսեմ, թէ Ուրֆա ի՜նչ կորսնցուցած ենք։ Երբ որ Հալէպ գործ մը կրնաք գտնել՝ հոն մնացէք, ես ալ հոն կու գամ, անկէ Հայասթան երթանք, Բոլիս անպիտու տեղ մըն է, վաս անցէք:  


Եփփէի գործունէութիւնը Հալէպի մէջԽմբագրել

Քարէն Եփփէ 1920-ին Հալէպ կու գայ ու բոլորովին անհատական ճիգերով կը լծուի տարագիր իր սիրելի ժողովուրդին վերապրող խլեակներուն օգտակար ըլլալու գործին։ Իրեն զօրավիգ կը կանգնի «Հայերու Դանիացի Բարեկամներ ընկերակցութիւնը», որ կը կազմուի իր անմիջական շփումներուն ու թղթակցութիւններուն շնորհիւ։

Ան իր ծառայութիւնները կը սկսի Սիւլէյմանիէի հիւղաւանին մէջ իբրեւ պաշտպան այրի կիներու եւ որբերու։ Հայ այրի կանանց եկամուտի աղբիւր հայթայթելու մտահոգութեամբ Թիլէլի մէջ կը հաստատէ ասեղնագործութեան աշխատանոց մը, ուր մեծ թիւով կիներ կ'աշխատին աւելի քան քառորդ դար ու անկէ իրենց ապրուստը կ'ապահովեն։ Այս գործին մէջ իրեն զօրավիգ ու գործակից կը դառնայ լեհ ծագումով ու իր կողմէ որդեգրուած Լիոփոլտ Կաշշիկը (Leopold Gassczyk), որ գիտակ էր քանի մը լեզուներու եւ իր թղթակցութիւններով Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ, Տենիմարքի, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ շուկայ կը պատրաստէր հայ կանանց ձեռային աշխատանքներուն։

1922-ին Քարէն Եփփէ կը նշանակուի Ազգերու Լիկայի լիազօր ներկայացուցիչ, զբաղելու համար գաղթական հայերու տեղաւորման հարցերով։ Այս գործին համար պիւտճէ մը կը տրամադրուի անոր։ Միջոցները կը շատնան։ Քարէն Եփփէ կը մասնակցի Սուրիոյ հիւսիսը շարք մը բնակավայրերու մէջ հայ գաղթականներ տեղաւորելու ու անոնց նիւթական ապահովութիւն տալու գործին, իր գործունէութեան կայաններ դարձնելով Ճարապլուս, Թէլ Ապիատ, Ռաս Ալ Այն, Թէլ Սիմէն, Ապու Թինա եւ Խրպէթ Րըզ գիւղերը։ Իր հիմնած ու հայերով բնակեցուցած Թինա գիւղը ամբողջութեամբ կը դնէ «Հայերու Դանիացի Բարեկամներու ընկերակցութեան» հոգատարութեան տակ եւ անոր վերակացու կը նշանակէ Միսաք Մելքոնեանը։

Քարէն Եփփէի ամէնէն սուրբ գործը կ'ըլլայ որբեր ու այրի կիներ հաւաքելու արշաւը, որ կը կատարէ շատ յանդուգն քայլեր առնելով ու յաճախ շրջելով գիւղէ գիւղ։ Այդ գործին մէջ իրեն աջակից կը դառնան իր խիզախ որդեգիրը՝ Միսաք Մելքոնեան եւ արաբ ցեղապետներ։ Հազարաւոր այրիներ, որբեր եւ չափահաս մարդիկ կ'անցնին սահմանը ու կը ներկայանան այս կայաններուն։ Իւրաքանչիւր բերուած հայուն համար 10 օսմանեան ոսկի կը վճարէր Քարէն Եփփէ։ Ան, փրկուած հայերը կը տեղաւորէր իր հիմնած գիւղերուն մէջ, փոքրերն ու այրի կիները կ'առնէր իր անմիջական խնամքին տակ, իսկ ուրիշներու համար կայք կը գտնէր Ազգային Առաջնորդարանին հետ գործակցաբար։ Եփփէ յաջողած է մահմետականներու հարեմներէն ազատել մօտ 2 հազար հայ կիներ:

Ազգերու Դաշնակցութեան տրամադրած պիւտճէով Քարէն Եփփէ կը պաշտօնականացնէ Հալէպի մէջ հայ որբեւայրիներու եւ անոնց որբերը խնամելու գործը եւ իր հաստատութիւնը կը կոչէ «Œuvre de protection des femmes et des enfants» (Կանանց եւ Մանուկներու Պաշտպանութեան Գործ), որ նախ կը գործէ Թիլէլի մէջ։ 1924-ին իր անունով կը գնէ տասը հազար քառ. մեթր տարածութիւն մը քաղաքէն դուրս, Մէյտան կոչուող տեղը, ուր 1926-ին եւ 1929-ին կը կառուցէ ինը միայարկ տաղաւարներ 80 սենեակներով եւ հոն կը պատսպարէ իր որբեւայրիները իրենց 200 որբերով[5]։

Քարէն Եփփէ սերտ գործակցութեան մէջ էր հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային իշխանութիւններուն հետ։ Ան յաճախ խորհրդակցական հանդիպումներ կ'ունենար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Խապայեանի ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի հետ։ Իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը եղած էր հայութեան վերադարձնել իր հաւաքած որբերը՝ անոնց ապահովելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանին դաստիարակութիւնը։

Մեծ կ'ըլլան անոր նիւթական եւ բարոյական նպաստները իր կալուածին հարաւային կողմը գտնուող Ազգային Սահակեան Վարժարանին (1927), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ (1930) շինութեանց եւ առհասարակ Մէյտանի մէջ հայ գաղթականներուն համար մնայուն բնակութիւն հաստատելու աշխատանքներուն մէջ։ Նորաբնակները շրջանը կը կոչեն Նոր Գիւղ։

Սահակ Կաթողիկոս 21 Մարտ 1926 թուակիր իր կոնդակով բարձրօրէն կը գնահատէ Քարէն Եփփէի մարդասիրական մեծ ծառայութիւնները։ Դանիոյ պետութիւնն ալ զինք կը պատուէ Պատուոյ Լէգէոնի Ասպետի Առաջին Կարգի Շքանշանով։ 1928-ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան Քարէն Եփփէի հայանպաստ գործունէութեան 25 ամեակին առթիւ յոբելինական հաւաք մը կը կազմակերպէ Ազգային Հայկազեան Մանկապարտէզի սրահին մէջ։

1930-ականներն ու մահըԽմբագրել

Օրդ. Քարէն Եփփէ կը մահանայ Յուլիս 7 1935-ին։ Ծնունդով դանիացի բողոքական այս օրիորդը իր կեանքին երկրորդ կէսէն աւելին կ'ապրի ու կը մեռնի իբրեւ հայ առաքելական։ Իր կտակին համաձայն, յուղարկաւորութիւնն ու թաղման ծէսը կը կատարէ հայ եկեղեցին՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արք.-ին, եկեղեցական դասուն եւ բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ։ Առաջնորդը կը փափաքի, որ Քարէն Եփփէ թաղուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակին մէջ, որուն «կնքամայր»երէն մէկն էր հանգուցեալը։ Ֆրանսական իշխանութիւնները արգելք կը հանդիսանան։

Քարէն Եփփէի շիրիմը կը գտնուի Հալէպի Հայոց Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

Հալէպի մէջ զետեղուած է յուշաքար մը` յաւերժացնելու համար հայասէր միսիոնարուհիին յիշատակը: Յուշաքարին վրայ արձանագրուած է «Հայերուն մայրը»:

Եփփէի գերեզմանէն վերցուած սափոր մը հող փոխադրուած է Հայաստան եւ զետեղուած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յիշատակի պատին մէջ:

«Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանըԽմբագրել

 
«Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարան, 1973

1947-ին կը հիմնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը[6]:

1947-էն մինչեւ այսօր «Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանը իրարայաջորդ սերունդներ հայ լեզուին ու մշակոյթին, հայ պատմութեան եւ գրականութեան պաշտամունքով սնուցած է իր խնամքին յանձնուած հայորդիները, քաղցրացնելով անոնց կեանքերը։

Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի պատերազմի տարիներուն ընթացքին (2012-2016) «Քարէն Եփփէ» Ազգային ճեմարանը կը փակուի պատերազմական վտանգաւոր գօտիէ ներս գտնուելուն պատճառով, նոյնիսկ թիրախ կը դառնայ ռմբակոծումներու կրելով մեծ վնասներ, եւ կը գործէ միացեալ Ազգային «Կիւլպէնկեան» դպրոցին երդիքէն ներս:

2017-2018 ուսումնական տարեշրջանին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը կրկին իր դռները կը բանայ ու իր երդիքին տակ կը հաւաքէ իր ուսանողները։

Նուիրուած գրական աշխատանքներԽմբագրել

  • «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը. կեանք մը, կանչ մը», հեղինակ՝ Քէյթ Ղոյստա (դանիացի գրող), տպագրուած՝ 2013-ի Մայիսին դանիերէն լեզուով[7][8]:

ԾանօթագրութիւններԽմբագրել

Տե՛ս նաեւԽմբագրել