Ռաս ուլ Այն, Սուրիոյ մէջ պատմական եւ հնագիտական շրջաններէն մէկը, շուրջ 23,000 քառակուսի քիլոմեթր տարածքով, կը գտնուի սուրիա-թուրքիա սահմանին մօտ, Ալ Հասաքա քաղաքին հիւսիսային բաժինը, 85քմ հեռաւորութեամբ: Ան առանձնայատուկ է իր ռազմավարական դիրքով, ուրկէ Խապուր գետը անցնելով՝ կը հասնի սուրիական տարածք: Շրջանը նշանաւոր է իր հնագիտական պատմութեամբ: Ան կը համարուի Սուրիոյ եփրատեան կղզիին առաջին քաղաքակրթութիւններէն:

Բնակավայր
Ռաս Ուլ Այն
արաբերէն՝ راس العين
Երկիր  Սուրիա
ԲԾՄ 360±1 մեթր
Բնակչութիւն 29 347 մարդ (2004)
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
2013

Անիկա ասորական Սիքան քաղաքն է. կը գտնուի Ռաս Ուլ Այն բլրակին հարաւային կողմը, 360 մեթր բարձրութեան վրայ տարածուող լայնատարած դաշտերու մէջ: Հին քաղաքը քիչ մը հեռու, ներկայ Թէլ Ֆախարիա գիւղին մօտ կը գտնուէր: Շրջանը հարուստ է ասորեստանեան եւ արամական հնութիւններով:

Արամական դարուն ան կը կոչուէր Քապարա, ասորական դարուն՝ Ուրազինա, հռոմէական դարուն՝ Ուդիոտսիլէիոս, որմէ ետք եւս ասորի լեզուով կոչուեսաւ Րաշ Այնաու, ներկայիս՝ Ռաս ուլ Այն:

Ռաս Ուլ Այն ասորի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսանիստ թեմերէն էր, ուր կային շարք մը վանքեր: Հինէն ի վեր քաղաքը ունեցած է նեստորական աշուրի բնակչութիւն:

Անուանումը

Խմբագրել

«Այն» բառը արաբերէն լեզուով կը նշանակէ ակ, հետեւաբար անոր անուանումը եկած է հոն գտնուող բազմաթիւ ակերէն, որոնցմէ են՝ «Այն ալ Զարքա», «Այն Պանոս», «Այն Տուլապ», «Այն ալ Քպրիթ» եւ այլն.., սակայն ներկայիս կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով, անոնց մեծամասնութիւնը չորցած է: Զուլալ ջուրերով քսան ակեր կը բխին հոնկէ, կազմելով պատմական Խապուր գետակը, որ կը յիշուի նաեւ Աստուածաշունչի մէջ: Թուրքիայէն բխող երեք ակերու ջուրերն ալ կու գան միանալու անոր, իսկական գետակի մը ձեւն ու մեծութիւնը տալով. սակայն ամառ ատեն անոնց երկուքը կը ցամքին: Աւանդութեան համեմատ, հին ատեն 340 ակեր կը բխին եղեր անկէ, ծնունդ տալով մեծ գետի մը, սակայն անոնցմէ շատեր աւերակներու տակ կորսուած են: Հիմա իսկ, իւրաքանչիւր պեղուած շրջանէն աղբիւր մը կը ցայտէ յստակ ու ջինջ ջուրերով, որուն համար տեղացիները կոչած են Ռաս Ուլ Այն, այսինքն ակերու գլուխը, իսկ թուրքերը «Ճէյրան Բիւնար» (եղնիկներու աղբիւր), որովհետեւ անհուն տարածութեան վրայ տարածուող եղնիկներու բիւրաւոր հօտերը իրենց ծարաւը յագեցուցած են այս կենսատու ակերու պաղպաջուն ջուրերը խմելով:

Ռաս Ուլ Այնի ջուրերը

Խմբագրել

Ռաս Ուլ Այնէն ծնունդ առնող գետակը կենսունակութիւն կը պատճառէ իր անցած անջրդի բոլոր վայրերուն, կտրելով ընդարձակ դաշտագետին մը, կ'անցնի Հասաքէի մէջէն ու կ'երթայ միանալու Եփրատի ջուրերուն, Տէր Զօրէն 66 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող դաշտի մը մէջ, ծառախիտ պուրակի մը մօտակայքը: Խապուրի ջուրը արտերու ոռոգման համար լաւագոյն աղբիւրն է, որուն երկայնքին հաստատուած են բազմաթիւ ջրհան մեքենաներ, որոնք անդուլ կ'աշխատին, ջուր հայթայթելով բոլոր ցանուած արտերուն. այս պատճառաւ է որ ահա Խապուրի երկու ափերուն վրայ ալ բուսականութիւնը առատ է եւ ցանքը անհամեմատ հարուստ, յուսացուածէն շատ աւելի բերք տալով ամէն տարի: Առողջապահական տեսակէտով լաւ դիրք մը կը վայելէ, որովհետեւ բոլոր աղբիւրներն ալ թեթեւ եւ մաքուր ջուրեր ունին, առողջապահական բոլոր պայմանները լրացնելով իբրեւ ըմպելի ջուր:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ապպասեան խալիֆայութեան ժամանակաշրջանին, Ռաս Ուլ Այն դարձած է առեւտրական կարեւոր կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ Ապպաս ալ Մութաուաքքէլ խալիֆային, Սուլթան Սալահ ալ Տին ալ Այուպիի եւ այլ խալիֆաներու համար օդափոխութեան վայր:

Ռաս Ուլ Այնը Իրաք տանող երկաթուղագիծէն երեք քիլոմեթր դէպի հարաւ, ընդարձակ դաշտագետնի մը վրայ, Գամիշլիի եւ Ռաքքայի միջեւ կարեւոր հանգոյց մը կը կազմէ, իբրեւ երթեւեկի կարեւոր կեդրոն: Հարուն Ռաշիտի քաղաքէն վերջ, Թէլ Ապիատէն 110 քիլոմեթր դէպի արեւելք, իսկ Ռաքքայէն 165 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք տարածուող` երկրագործական այս կարեւոր կեդրոնը, տակաւին իր նախնական ձեւին մէջ կը մնայ, զրկուած փոխադրական դիւրատար միջոցներէ. շինուած քառուղի գոյութիւն չունի, բոլոր ճամբաներն ալ դաշտերու կամ արտերու մէջ ինքնաշարժներու կողմէ ձգուած բազմաթիւ հետքեր են, որոնք արահետի ձեւը առած են: Շարժավարները ըստ կամս կը քշեն իրենց ինքնաշարժները միշտ իրենց յարմար տեսած հետքը ընտրելով: Երկաթուղագիծին մօտէն անցնող այս արահետները թրքական սահմանի երկայնքին փոշիի ամպ մը կը գոյացնեն երկինքի վրայ, եւ իւրաքանչիւր անցորդի դէմքը այլափոխելէ զատ, ճաշակել կու տան անկէ:

Ռաս Ուլ Այնէն մինչեւ Ամուտա, մէջն ըլլալով նաեւ Տէրպէսիէն, պաշտօնական ճամբայ ամենեւին գոյութիւն չունի. միայն Ամուտայէն մինչեւ Գամիշլի, 28 քիլոմեթր ճամբայ մը սալապատուած է: Այս տարածութեան մէջ ալ կը մնայ 92 քիլոմեթր ազատ ճամբայ, յար եւ նման փոսերու խորտ ու բորտ անցքերուն:

Ըստ տեղացիներու վկայութեան, եօթը անգամ կործանուած է այս գիւղաքաղաքը. արդէն շրջակայ աւերակներն ալ կը վկայեն այս իրողութիւնը, եղած յարաճուն երկրաշարժներուն պատճառաւ:

Հալաֆ Բլուրը

Խմբագրել

Պատմութեան ընթացքին Ք.ա. 4-րդ հազարամեակի կիսուն, Ռաս Ուլ Այնի քաղաքակրթական յայտնի երեւոյթներէն մէկը դարձած էր Հալաֆ Բլուրը: Այնտեղ կը գտնուէին աշխոյժ բնակիչներ, որոնք պատմութեան ընթացքին կոչուած էին Սոպարցիներ: Սոպարցիները այնտեղ հիմնած էին ընդլայնուած պետութիւն մը, որուն մայրաքաղաքն էր Հալաֆ Բլուրը:

Սոպարթական Քաղաքակրթութիւնը

Խմբագրել

Հալաֆ բլուրին մէջ նշանաւոր էր Սոպարթոյի իւրայատուկ քաղաքակրթութիւնը: Դարեր շարունակ ան կայուն մնացած է, սակայն հնդեւրոպացի ժողովուրդին օրերուն անիկա հետզհետէ կը սկսի կորսնցնել իր կարեւոր դիրքը: Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակի կիսուն Ալ Ճազիրա շրջանին մէջ, վերստին կը կառուցուի պետութիւն մը, որ իր ազդեցութիւնն ու իշխանութիւնը կ'երկարաձգէ հարեւան երկիրներուն (Հորեցիներն ու Մեթանցիները):

Ռաս Ուլ Այնի մէջ, Խապուրի աղբիւրներուն մօտ անոնք կը հիմնեն իրենց պետութիւնը, որ հաւանաբար ներկայի Ֆախրիյէ բլուրն է: Քաղաքական հարցերու պատճառով Հորեցիներուն եւ Մեթանցիներուն պետութիւնը կը սկսի տապալիլ, ապա բոլորովին կ'անհետանայ, սակայն օրերու ընթացքին Արամացի շէյխ (Քապարա) Մեթանցիներուն պետութեան աւերակներէն կը յաջողի վերստին նոր պետութիւն մը հիմնել, որուն մայրաքաղաքը կը դառնայ Սոպարցիներուն Հալաֆ Բլուրը:[1]

Ռաս Ուլ Այնի Գիւղերը

Խմբագրել

Ռաս Ուլ Այնին կը պատկանին բազմազան գիւղեր, գիւղաքաղաքներ եւ բնակչութեան փոքր խմբաւորումներ: Անոնցմէ յիշենք Ասատիյյա, Մապրուքէ, Թլայլա, Տարտարա, Մանաճիր, Տրպէսիյէ, Ասորական Թաուիլ բլուրը եւ այլ հնագիտական շրջաններ, ինչպէս Հալաֆի եւ Ֆախրիայի բլուրները, որոնց մէջ գտնուած է Ք.ա. 4-րդ հազարամեակին պատկանող գունաւոր կաւի գործեր: Այս հնութիւնները տեղադրուած էին Հալէպի թանգարանին մուտքը:

Բնակչութիւնը

Խմբագրել

Ռաս Ու Այնի մէջ կը բնակի շուրջ 80,000 մարդ, հոն կը գտնուին բնակչային բազմազանութիւններ, ինչպէս արաբները, քիւրտերը, Հհայերը, եզիտիները, ասորիները, սիրացիները, թիւրքմէնները, մարտինցիները եւ այլն:

Ռաս Ուլ Այնի մէջ 40 հայ առաքելական ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են: Չորս անդամներէ բաղկացած թաղականութիւն մը գոյութիւն ունի, առաւելապէս զբաղելով դպրոցական հարցերով, որովհետեւ հոս եկեղեցի մը գոյութիւն ունի, սակայն թափուր կը մնայ: Ազգ. Մեսրոպեան նախակրթարանը ունի 45 երկսեռ աշակերտ, երկու հայ մշակներու հոգածութեան տակ:

Շատ քիչ արհեստաւորներ կան. տեղացիները առաւելաբար երկրագործութեամբ եւ պարտիզպանութեամբ կը զբաղին:

ՀՄԸՄ-ը ունի 27 անդամ, որուն 20-ը սկաուտներ են: Ունի ֆութպոլի Գ. կարգի խումբ մը:

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը ունի 28-30 անդամ-անդամուհիներ, որոնք իրենց կարելին կ'ընեն շրջանի կարիքներուն գոհացում տալու համար:

Պետութիւնը ծրագրած է ելեկտրականութեամբ օժտել այս գիւղաքաղաքը. յոյս կը ներշնչուի որ մօտիկ ապագային նոր մեքենաներ հաստատուին հոս, հողակերտ տուներու կենսունակութեան կարօտ բնակիչները առողջապահական յարմարութիւն ընծայող բոցավառ լոյսերով օժտուին[2]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել