Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, կառուցուած՝ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդ բլուրին վրայ։ Հեղինակն է՝ ճարտարապետ Արթիւր Թարխանեան (Սաշուր Քալաշեանի համահեղինակութեամբ) ։
Անուան պատմութիւն
ԽմբագրելԸստ աւանդութեան, բարձունքը «Ծիծեռնակաբերդ» անունը ստացած է հոն ապրող ծիծեռնակներէն, որոնք ատենին կ'օգնէին հեթանոս աստուածներուն՝ Վահագնին ու Աստղիկին, իրարու լուրեր փոխանցելու։
Պատմութիւն
Խմբագրել1965-ին՝ Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, Երեւանի մէջ կազմակերպուած են ցոյցեր։ Մարտ 1965-ին, ՀԽՍՀ կառավարութիւնը արդէն որոշումը վաւերացուցած էր՝ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին Մեծ Եղեռնի յուշարձան կանգնեցելու մասին։ 1966-ին կը սկսի Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին կառուցումը, որ կ'աւարտի 1967-ին։ Բացումը տեղի կ'ունենայ 29 Նոյեմբեր, 1967-ին[1]: Հրապարակին մէջ կառուցուած է յիշատակի դահլիճը եւ վերածնունդի կոթողը։ Յուշարձանին լուծումը պարզ է եւ արտայայտիչ։ Յիշատակի դահլիճը տասներկու թեք մոյթերով պարփակուած տարածութիւն մըն է. կեդրոնը՝ զոհերու յիշատակին յաւերժական կրակը։ Մոյթերը ստորին մասերով իրարու կը մօտենան աստիճաններով, որոնք բոլոր կողմերէն դահլիճ կ'իջնեն, ուր յաւերժական կրակին խոնարհած «վշտագին» մոյթերու շրջապատը կը համակէ յուզական ներգործութեամբ։
Յիշատակի դահլիճին հակադրուած է Հայաստանի վերածնունդը խորհրդանշող վերասլաց եւ սրածայր բրգատիպ կոթողը։ 44 մեթր բարձրութեամբ սիւնը կը խորհրդանշէ հայոց վերածնունդը։ 12 քարէ սալերը դասաւորուած են տրամագիծով։ Յուշարձանին շուրջը տարածուող այգիին մէջ կը գտնուի 100-մեթրնոց պատ մը, որուն վրայ փորագրուած են ջարդերու ենթարկուած ամէնէն յայտնի քաղաքներուն եւ գիւղերուն անունները։
1995-ին յուշահամալիրին տարածքին մէջ բացուած է փոքր ստորգետնեայ թանգարան մը, որ բազմաթիւ նիւթեր ու տեղեկութիւններ կը պարունակէ 1915-ի մասին։ Թանգարանին մէջ ներկայացուած են գերմանացի լուսանկարիչներու (թուրքերու դաշնակիցները Ա. համաշխարհային պատերազմին), ներառեալ՝ Արմին Վեկների շարք մը լուսանկարներ եւ որոշ հրատարակութիւններ։ Թանգարանին մօտ կը գտնուի պուրակ մը, ուր օտարերկրեայ պաշտօնեաները Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծառեր կը տնկեն։ Համալիրին մօտ կը կանգնի ոչ մեծ խաչքար մը (քանդակագործ՝ Ս. Յակոբեան)՝ ի յիշատակ 1988-ին Սումկայիթի մէջ կազմակերպուած հայերու ցեղասպանութեան զոհերուն։
Յուշահամալիրը դարձած է համայն հայութեան ուխտատեղին։ Ամէն տարի, 24 Ապրիլին, հարիւր հազարաւոր հայեր եւ օտարազգիներ կը բարձրանան հոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին թրքական կառավարութեան իրագործած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։ Երեւանի մէջ բազմաթիւ մարդիկ կ'այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը եւ ծաղիկներ կը զետեղեն յաւերժական կրակին շուրջ։
Տասներկու սիւները
ԽմբագրելԾիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը բաղկացած է երեք հիմնական կառոյցներէ՝ յաւերժութեան տաճար, «Վերածնող Հայաստան» յուշասիւն եւ յուշապատ։ Յաւերժութեան տաճարը բաղկացած է 12 քարէ սալերէ, որոնք դասաւորուած են շրջանաձեւ կորացած դէպի ներս։ 12 թիւը ընտրուած է՝ մեկնելով երկրաչափական օրէնքներէն, բայց ժողովուրդը կը համարէ, որ այդ սիւները կը խորհրդանշեն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող 12 մեծագոյն նահանգները[2]։
Արեւմտեան Հայաստանի՝ Օսմանեան կայսրութեան նահանգներուն թիւը եղած է վեց (Վան, Էրզրում, Տիարպեքիր, Պիթլիս, Տրապիզոն, Սեբաստիա), Խարբերդի հետ՝ 7։ Առանձին եղած է Կիլիկիան՝ իբրեւ Ատանայի վիլայէթ։ Պատմական Մեծ Հայքի նահանգներէն 12-ը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ չեն գտնուած։ Այրարատը ամբողջութեամբ մտած է Երեւանի նահանգի եւ Կարսի մարզի, Սիւնիքը՝ Երեւանի եւ Ելիզավետպոլի նահանգներու, Արցախը եւ Ուտիքը՝ ամբողջութեամբ Ելիզավետպոլի նահանգի, Գուգարքը՝ ամբողջութեամբ Թիֆլիս նահանգի ու Կարսի մարզի, իսկ Փայտակարանը՝ Պաքուի նահանգին մէջ։ Պարսկահայք նահանգը եւ Վասպուրականի արեւելքը եղած են եւ կը մնան Իրանի կազմին մէջ, այսինքն՝ Թուրքիոյ կազմին մէջ եղած են Մեծ Հայքի նահանգներէն 6-ը, իսկ Տայքը եւ Վասպուրականը՝ մասամբ։ Եթէ Փոքր Հայքի նահանգները հաշուենք, դարձեալ 12 թիւը չ'ամբողջանար։
Ճարտարապետ Սաշուր Քալաշեանի վկայութեամբ, շատեր կ'ըսեն, թէ 12 սիւները Արեւմտեան Հայաստանի 12 վիլայէթներն են կամ 12 առաքեալները։ Ան փորձած է քանի մը տարբերակ՝ չորս, ութ, տասնվեց սիւներ, բայց ամէնէն գեղեցիկը եղած է տասներկուքով[3]։ 30 մեթր տրամագիծով շրջանաձեւ դասաւորութեամբ 12 հսկայ խոնարհած քարերը որեւէ կապ չունին Թուրքիոյ 12 վիլայէթներուն հետ. սալերը կրնային ըլլալ թիւով 6 կամ 9։ Իսկ Սգոյ պատը կառուցուած է, որովհետեւ յուշահամալիրին ձախ հատուածին մէջ ընդհանուր կառոյցը խանգարող բնակելի տուներ կային. պարզապէս երկար պատով բնակարանները անջատուած են Հայոց Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողէն[4]։
Հետաքրքրական փաստեր
ԽմբագրելԱմէն տարի 24 Ապրիլի յաջորդող օրերուն ժողովուրդին բերած հարիւր հազարաւոր ծաղիկները կը տեղափոխուէին աղբին մօտ եւ կ'այրուէին։ 2010-էն սկսեալ, այդ ծաղիկները կը հաւաքուին եւ թերթիկները կ'անջատուին ցօղունէն։ Ցօղուններէն կը պատրաստեն պարարտանիւթ՝ Յուշահամալիրի տարածքի հողին համար, իսկ թերթիկներէն կը պատրաստուի վերամշակուած թուղթ մը, որ կ'օգտագործուի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ։
Այս արարողութիւնը կը միացնէ երկու գաղափար՝ ծաղիկներու վերածումը լուռ վկաներու եւ շրջակայ միջավայրին պահպանումին գաղափարը։ Աւանդական այս արարողութեան կրնան մասնակցիլ բոլոր փափաքողները։ 2015-ին այս արարողութիւնը տեւած է երկու օր՝ 27 եւ 28 Ապրիլ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մեծ քանակութեամբ ծաղիկներու զետեղումին պատճառով[5]։
1970-ականներուն լուսանկարիչ Նեմրութ Պաղտասարեան, հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը փափաքած է այնպէս լուսանկարել, որ յուշարձանի սիւներէն լոյս թափանցէ դէպի դուրս եւ այդ մէկը իրագործելու համար որսորդական լուցկի օգտագործած է[6]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ http://www.genocide-museum.am/arm/Description_and_history.php
- ↑ «Ծիծեռնակաբերդը` աղօթատեղի եւ ուխտավայր»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-07-11-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-09
- ↑ Սիւներուն թիւը պատահական է
- ↑ «Ծիծեռնակաբերդ. Յուշակոթողին մասին միֆերն ու իրական պատմութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-10-26-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-09
- ↑ https://armenpress.am/eng/news/802611/flower-gathering-event-to-be-held-at-armenian-genocide-memorial-on-april-27-28.html
- ↑ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը եւ որսորդական լուցկին:ՄեդիաՄաքս: Վերցուած է՝ 17 Յունիս 2015-ին