Մեծ Հայքի Վարչական Բաժանումը

Մեծ Հայքի Վարչական Բաժանումը, Մեծ Հայքի վարչատարածքային միաւորները եղած են նահանգները եւ գաւառները։ Ընդհանուր 15 նահանգ եւ մօտ 191 գաւառ[1],

Մեծ Հայքի Նահանգները

ԱՅՐԱՐԱՏ

Խմբագրել

Կը կոչուի նաեւ Հայկական միջնաշխարհ։ Շրջապատուած է Հայկական Պար, Գեղամայ, Շարիան եւ Ծաղկանց լեռներով: Պատմական Հայաստանը ունեցած է 12 մայրաքաղաք, որուն մեծագոյն մասը տեղադրուած է Այրարատ նահագին մէջ։ Արմաւիր, Երուանդաշատ, Արտաշատ, Վաղարշապատ, Արշակաւան, Դուին, Բագարան, Երազգաւորս, Կարս, Անի եւ Երեւան։ Այրարատը բաղկացած է 16-20 նահանգներէ՝

  1. Բասէն- Հնագոյն ժամանակներէն Բասէնը իր մէջ ընդգրկած է ներկայիս Բասէնի եւ Վանանդի տարածքները մօտաւորապէս։ Բասէն գաւառը կը համապատասխանէ Կարսի եւ Սարիղամիշի շրջաններուն։
  2. Արշարունիք- Ծանօթ է Երազխաձոր անունով։ Սկիզբը պատկանած է Արշակունիներուն, իսկ աւելի ուշ Կամսարականներուն։ Պատմական վայրերէն՝ Երուանդաշատ մայրաքաղաքը։
  3. Բագրեւանդ- Այս գաւառի նշանաւոր վայրերէն է Վաղարշակերտ բերդը (Թոփրակ-Կալա)։
  4. Ծաղկոտն- Այս գաւառի մէջ գտնուած է ժամանակին Վարշակի ջերմուկը։ Այստեղ է նաեւ նշանաւոր Անգղ բերդը, ինչպէս նաեւ Շահապիվանի վանքը, ուր 443թ. տեղի ունեցած է եկեղեցական շատ կարեւոր ժողով։ Այսօր պատմութեան մէջ այդ ժողովը կը յիշուի տեղին անունով։
  5. Շիրակ- Շիրակը դաշտային գաւառ է։ Նշանաւոր վայրերէն՝ Անի մայրաքաղաքը։ Անին միջնադարեան Հայաստանի մեծահռչակ քաղաքներէն կը համարուի Ախուրեան գետի աջ ափին, անոր աւերակներէն մաս մը պահպանուած են այսօր՝ Մայր եկեղեցին, Հովիւի եկեղեցին, Մանուչէի մզկիթը եւայլն։ Շիրակի նշանաւոր վայրերէն է, նաեւ, Երազգաւորս մայրաքաղաքը, իսկ նշանաւոր վանքերէն՝ Մարմաշէն, Հարիճի վանքը, Տէկորի վանքը եւայլն։
  6. Արագածոտն- Այս գաւառի պատմական նշանաւոր վայրերէն են՝
  • Արմաւիր- Մայրաքաղաք, կառուցուած է Արգիշտի Ա.ի օրով։
  • Վաղարշապատ- Ներկայիս Էջմիածին քաղաքի տարածքն է։ Անցեալին կոչուած է Վարդգէսաւան։ Նշանաւոր եկեղեցիներէն՝ Էջմիածին, Գայիանէ, Շողակաթ, Հռիփսիմէ, որոնք այսօր կանգուն վիճակի մէջ կը շարունակեն գոյատեւել։ Իսկ այս շրջանին մէջ է նաեւ ճարտարապետական ինքնուրոյն կառուցուածքով յայտնի Զուարթնոց տաճարը, որուն աւերակները պահպանուած են։
  • Օշական-Փարպի- Երկուքն ալ գիւղեր եղած են, այժմ կը գտնուին Աշտարակի շրջանը։ Նշանաւոր վանքերէն՝ Սաղմոսավանքը, Յովհաննավանքը, Կարմրաւորը եւայլն։
  • Ամբերդ- Որպէս դղեակ եւ որպէս ամրոց, աւերակները պահպանուած են։ Մինչ օրս Արագած լերան հարաւային լանջերուն վրայ կը գտնուի։
  • Մասիացոտն- Այս տարածքին վրայ է Ակոռի գիւղը, որ 1840թ. ուժեղ երկրաշարժի պատճառով հիմնայատակ կը քանդուի։
  • Ոստան- Այրարատ նահանգի նշանաւոր գաւառներէն։ Եղած է իշխանանիստ եւ թագաւորանիստ կեդրոն։ Պատմական նշանաւոր վայրերէն՝ Արտաշատ եւ Դուին մայրաքաղաքները։
  • Մազաս- Սկիզբը մաս կազմած է Ոստան գաւառին. հետագային առանձնացած է։ Պատմաշխարհագրական նշանաւոր վայրերէն՝ Գառնիի բերդը եւ հեթանոսական տաճարը, ինչպէս նաեւ Գեղարդ վանքը (Այրիավանք)։
  • Կոտայք- Այժմ Կոտայքի եւ Հրազդանի շրջաններն են։ Կոտայքի մէջ կը գտնուի Երեւանը։
  • Նիգ-Կը տարածուի Քասախ գետի վերի հոսանքին։ Կը համապատասխանէ ներկայիս Ապարանի շրջանին։ Նշանաւոր վայրերէն՝ Կեչառիս։
  • Կոգովիտ-Այժմ Պայազիտի շրջանն է։ Այստեղ կը գտնուի Գայլատու լիճը, իսկ վանքերէն՝ Արծափը։
 
Մեծ Հայքը Արշակունիներու օրով

ՏՈՒՐՈՒԲԵՐԱՆ

Խմբագրել

Ծանօթ է Տարուբերան կամ Տարօնի աշխարհ անուններով։ Հայաստանի միջնաշխարհի կեդրոնական նահանգներու կարեւորագոյններէն է, որովհետեւ այդտեղ կը գտնուի Հայաստանի երրորդ բարեբեր հովիտը՝ Մշոյ դաշտը, Արածանիի ափին։ Տուրուբերանի գաւառներէն՝

  • Խութ- Կը գտնուի Տարօնէն հարաւ-արեւելք։ Այս գաւառը երբեմն մաս կազմած է Սասունի, իսկ երբեմն՝ Տարօնի։
  • Տարօն- Տուրուբերանի ամէնէն նշանաւոր գաւառներէն է։ Պատմական վայրերէն՝
  1. Աշտիշատ- Յիշատակուած է նաեւ Հաշտիշատ ձեւով։ Տարօնի արեւմտեան մասին տեղադրուած է, Արածանիի աջ ափին։ Հեթանոսական շրջանին եղած է կրօնական գլխաւոր կեդրոն։ Այստեղ գտնուած են երեք նշանաւոր մեհեաններ, որոնցմէ մէկը նուիրուած է Վահագն աստուծուն եւ կը կոչուէր Վահեվահեան մեհեան։ Երկրորդը նուիրուած է Վահագնի տարփածուին՝ Աստղիկին եւ կը կոչուի Սենեակ Վահագնի, Իսկ երրորդը կը կրէ Անահիտ աստուածուհիին անունը։ Աշտիշատի մէջ տեղի ունեցած են եկեղեցական երեք ժողովներ, որոնցմէ առանձնապէս նշանաւոր է 354թ. ժողովը։
  2. Գլակայ վանք-Կը գտնուի Աշտիշատէն ոչ հեռու, եղած է հեթանոսական մեհենատեղի։ Ծանօթ է նաեւ Ս. Կարապետ եւ Իննակնեան անուններով։
  3. Մուշ- Հին բնակավայր։
  4. Հացեկաց գիւղ- Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդավայրը։
  5. Խորնի- Կ՛ենթադրուի Մովսէս Խորենացիի ծննդավայրը եղած ըլլայ։
  • Վարաժնունիք- Այժմ Խնուսի շրջանն է։ Նշանաւոր է Խնուս բերդով։ Վարաժնունիքէն դէպի հարաւ եւ Արածանիի երկու ափերուն միջեւ կը տարածուի Հարք գաւառը։ Հարքի Պատմա-աշխարհագրական վայրերէն նշանաւոր էր Մանազկերտ քաղաքը, որ կը գտնուի Հարքի եւ Ապահունիք գաւառի սահմանագլխուն։ Հարքի մէջ կը գտնուի Հերեան գիւղը։ Այստեղ ծնած է Զ. դարու հայ նշանաւոր փիլիսոփայ՝ Դաւիթ Անյաղթը։ Ապահունիքը կը տարածուէր Հարքէն հիւսիս-արեւելք։ Այստեղ կը գտնուի Թոնդուրակ կամ Թոնդուրակս գիւղը։
  • Աղիովիտ- Կը գտնուի Ապահունիքէն դէպի արեւելք եւ Վանայ լիճի հիւսիսային ափին վրայ։ Պատմական վայրերէն՝
  • Զարիշատ.Հնագոյն շրջանի Հայաստանի հելլենիստական տիպի քաղաքներէն մէկը։
  • Արճէշ. Հիմնադրուած է դեռեւս ուրարտական շրջանին։ Կը գտնուի Վանայ լիճի արեւմտեան ափին։ Հին Արճէշի աւերակները այժմ անցած են Վանայ լիճի ջուրերուն տակ։
  • Մեծոբայ վանքը. վանքը կը գտնուի Արճէշ քաղաքի մօտ։ Այստեղ ապրեր եւ գործեր է Ժե. դարու առաջին կիսուն ապրող պատմագիր Թովմա Մեծոբեցին։
  • Բզնունիք.Գաւառը կը տարածուի Վանայ լիճի արեւմտեան առափնեայ շրջաններուն։ Պատմական վայրերէն՝ Խլաթ (այժմ՝ Ախլաթ) եւ Արծկէ քաղաքները։

ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ

Խմբագրել

Կ'ենթադրուի թէ Վասպուրական բառը հին պարսկերէնէ փոխառուած բառ մըն է. բաղկացած է Վասպուր (իշխանական, ազնուական) արմատէ եւ ական վերջածանցէ, այսինքն՝ կը նշանակէ իշխանական երկիր կամ ազնուական երկիր։ Նահանգը բաղկացած է 35 գաւառէ, սակայն անոնցմէ յիշատակուած է միայն 32ը։

  • Ռշտունիք- Ուրարտու անուան հայկական մէկ ձեւն է։ Ռշտունիքի մէջ կը մտնէր Աղթամար վանքը։ Ռշտունիքը Տոսպի հետ միասին կը կազմէր Ռշտունեաց նախարարութիւնը։ Պատմական վայրերէն՝

-Ոստան- Աւանը, երբեմն կոչուած է քաղաք։ Կը գտնուի այժմ Ոստանի տեղը՝ Արտոս լերան հիւսիս-արեւմտեան ստորոտին։

-Նարեկայ վանք-Վանքին մօտ եղած է համանուն գիւղը։ Կը գտնուէր Ոստանէն արեւմուտք։

  • Աղթամար- Աղթամար փոքրիկ կղզին կը գտնուի Վանայ լիճի հարաւային ափերուն։ Աղթամարի շինութեան մէջ ամէնէն վեհաշուքը՝ Գագիկ Ա. Արծրունիի կառուցած հրաշակերտ եկեղեցին է, միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մէկն է, որուն ճարտարապետը Մանուէլն է։ Արծրունեաց աւատատիրական տան պատմիչ՝ Թովմա Արծրունին մեծ հիացմունքով կը խօսի Աղթամարի տաճարի մասին ։
  • Տոսպ- Ուրարատական Տուշպա անունէն յառաջացած է։ Պատմական վայրերէն՝
  1. Վան. Վանը եղած է Հայաստանի հնագոյն մայրաքաղաքներէն մէկը։ Տոսպի մէջ կը գտնուի նաեւ Արմաւիր աւանը, Վարագայ վանքը եւայլն։

Վանը ուրարտական Բիայնա անուան հայկական ձեւն է։ Վանի բերդը այժմ թուրքերու կողմէ գրաւուած եւ ճանչցուած է Թոփրախ-կալա։

  1. Արտամետ- Հեթանոսական շրջանին եղած է Անահիտ աստուածուհիի անուան հետ կապուած մեհենատեղի։
  2. Վարագայ վանք- Սկիզբը եղած է հեթանոսական մեհեան, որու վրայ հետագային կառուցուած է վանքը։

դ-Արտազ-Արտազ գաւառը կը համապատասխանէ, ներկայիս, Մակուի շրջանին, որ կը տարածուի Մասիսէն հարաւ-արեւելք։ Ան կը գրաւէ այժմեան Զանգիմար (դեղին) գետի միջին եւ ստորին հոսանքը։ Սկիզբը պատկանած է Ամատունիներուն, իսկ հետագային՝ Արծրունեաց իշխաններուն։ Հին ատեն կոչուած է Շաւարշան կամ Շաւարշական։ Պատմական նշանաւոր վայրերէն՝

  1. Աւարայրը- Փոքր դաշտ էր, Տղմուտ գետի վերի հոսանքին։
  2. Ներսէհապատ գիւղ- Պատմական աղբիւրներէն յայտնի է, որ Ներսէհապատը գտնուած է Աւարայր գիւղի մօտակայքը։ Այստեղ 481-484թթ. ապստամբութեան ժամանակ մեծ ճակատամարտ տեղի ունեցած է։
  3. Եղինգ-Գիւղ։ Այժմ գոյութիւն ունի եւ կը գտնուի Մակուէն քանի մը քմ. հեռաւորութեան վրայ եւ կը կոչուի Երինդ։
  4. Գողթն- Գաւառ Արաքսի ձախ ափին. նշանաւոր էր իր գուսաններով։ Հոս էր Ջուղա գիւղը, այսօրուան Օրդուպատը։
  5. Նախճաւան- Ժ. դարէն ետք կոչուած է Նախիջեւան։ Ունեցած է քաղաքական եւ տնտեսական հարուստ պատմութիւն եւ եղած առեւտրական մեծ կեդրոն։

ՍԻՒՆԻՔ

Խմբագրել

Սիւնիք աշխարհը անցեալին յայտնի եղած է երկու անունով՝ Սիւնիք կամ Սիսական, իսկ ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ «Սուինիա»։ Սիւնիքը կը գտնուի պատմական Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը։ Գեղամայ լեռներն ու Վարաժնունիք գաւառը (այսօրուան Ծաղկաձոր) Սիւնիքը կը բաժնէին Այրարատ նահանգէն։ Իսկ Ատրպատականի եւ Սիւնիքի միջեւ կար Արաքսը։ Սիւնիքի գաւառներէն՝

  • Երնջակ- Գաւառը նշանաւոր էր իր պտուղներով։ Այստեղ կը գտնուէր Երնջակ բերդը։
  • Վայոց Ձոր- Այս շրջանը իր մէջ կ'ընդգրկէ Արփայ գետի վերի հոսանքը։ Այս գաւառի հողամասին վրայ կառուցուած էին Ջերմուկ քաղաքը եւ Եղեգնաձոր աւանը։ Նշանաւոր վայրերէն նաեւ՝ Գնդեվանք- Եղած է գրչութեան կեդրոններէն մէկը եւ Նորավանք- Եպիսկոպոսանիստ վայր եղած է եւ Պռոշեաններու իշխանական տան վայրը։
  • Գեղարքունիք- Գեղամայ լիճի խոշորագոյն մասն է։ Այստեղ կը գտնուի Սեւանայ վանքը, որ Հայաստանի խոշորագոյն կալուածներէն կը նկատուէր։
  • Հաբանդ- Հաբանդը սահմանակից է Հագար գետին. նշանաւոր վայրերէն Հալիս գիւղը, որ ծանօթ է Հալիձոր անունով։ Այս շրջանի մէջ կը գտնուի Սատանի կամուրջը։
  • Ծղուկք (Սիւնիք)- Պատմական վայրերէն՝ Տաթեւ վանքը (այժմ Գորիսի շրջանը)։ Վանքի ամենամեծ եկեղեցին կառուցուած է 895-906 թթ. միջեւ։ Եղած է շրջանի նշանաւոր դպրոցներէն եւ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն։
  • Արեւիք- Ամենափոքր գաւառն է. Արեւիքը կը համապատասխանէ ներկայ Մեղրիի շրջակեդրոնը։ Սիւնիքի հարաւային (ծայրագոյն) գաւառն էր եւ երբեմն մաս կազմած է Վասպուրական Գողթն գաւառին։

ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՅՔ

Խմբագրել

(Ծոփք, Սատրապական Հայաստան) Սահմանակից է Բարձր Հայքի, Տուրուբերանի եւ Աղձնիքի։ Նշանաւոր գաւառներէն՝

  • Անձիտ- (Անձիթ կամ Հանձիթ)- Կը գտնուի Եփրատի ձախ կողմը։ Այսօրուան Խարբերդի շրջանն է։ Այստեղ է Ռանտէա կամ Հռանտէա քաղաքը, Արածանիի ձախ ափին։
  • Պալահովիտ- (Բալահովիտ) Այժմ կը համապատասխանէ Բալուի, Ճապաղջուրի եւ Խարբերդի շրջաններուն։
  • Անգեղտուն- Այստեղ կը գտնուի գլխաւոր Անգղ բերդը եւ Անգեղտունը։ Ըստ աւանդութեան հոս ծնած է Տորք Անգեղ։
  • Մեծ Ծոփք- Այս գաւառը կը համապատասխանէր Ամիտ(դ) (թրքական Տիար-պէքիր) քաղաքի շրջանը։
  • Պաղնատուն, Խորձեան եւ Հաջոյանք (կամ Հաշտեանք)։

ԲԱՐՁՐ ՀԱՅՔ

Խմբագրել

Նահանգը, ինչպէս ցոյց կու տայ անունը, բարձրադիր շրջան էր եւ Հայաստանի ջրաբաշխ (Արաքս, Եփրատ եւ ուրիշ գետեր այս շրջանէն ծնունդ կ՛առնէին)։ Կը տարածուէր Անդ(տ)իպոնտական լեռներէն մինչեւ Բիւրակն-Մնձուրեան լեռները։ Բարձր Հայք ունէր 9 գաւառներ.

  • Դարանաղի- Կը տարածուէր Արեւմտեան Եփրատի վրայ, այս գաւառը պարփակած է այսօրուան Կամախ քաղաքը։ Հոս է Անի ամրոց-աւանը (նաեւ Արամազդի մեհեանը)։
  • Եկեղեաց- Գաւառը կը համապատասխանէր այսօրուան Երզնկայի (թրքական Երզինջան) շրջանին (Անահիտի մեհեան)։
  • Դերջան- Գաւառը իր բարգաւաճութիւնը կը պարտի դաշտային մակերեւոյթին եւ արգաւանդ հողերուն։ Ինչպէս անունէն կարելի է հետեւցնել, ոռոգուած է Դերջան գետով։
  • Կարին Ե. Դարուն յայտնի եղած է Թէոդոպոլիս, աւելի ուշ կոչուած է Կարին։ ԺԱ. դարուն կոչուած է Արզնրում-Արզրում-Էրզրում։ Կը գրաւէր Արեւմտեան Եփրատի վերին հոսանքի շրջանը։ Կարինը եղած է բերդաքաղաք եւ յայտնի ռազմագիտական կեդրոն, իսկ Արծնը՝ արուեստի եւ արհեստագործական կեդրոն[2]։
  • Սպեր Գաւառ, Ճորոխ վերին հոսանքին վրայ, ունէր ոսկիի հանքեր։

ԱՂՁՆԻՔ

Խմբագրել

Նահանգը աշխարհագրականօրէն երկու իրարմէ տարբեր շրջաններէ բաղկացած է։ Մէկը հիւսիսայինը՝ Հայկական Տաւրոսի վրայ, լրիւ լեռնային երկիր է, խիստ ու երկար ձմեռով։ Երկրորդը՝ հարաւային, հարթավայրն էր եւ արուեստական ոռոգումի շնորհիւ երկրագործական հարուստ շրջան։ Ասորեստանեան արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է Ալզի ձեւով։ Բաղկացած է 10 գաւառներէ՝

  • Նփրկերտ- Գաւառի մէջ էր շքեղ եւ վաճառաշահ Տիգրանակերտ քաղաքը, որուն աշտարակներն ու պարիսպները դեռ կանգուն են։ Տիգրանակերտէն կ՛անցնէր պարսկական «Արքունական ճանապարհը»։
  • Սերխեթք- Գաւառին մաս կը կազմէր ճանապարհային կայան՝ փոքրիկ Սղերթք քաղաքը։ Իսկ Խութն ու Սասունը՝ գերազանցապէս լեռնային Սերխեթքի բաղկացուցիչ գաւառները։ Խութը երբեմն մաս կազմած է Տուրուբերան նահանգին։
  • Արզն- Արզնը ներկայինս կը կոչուի Հարզու ձեւով, այս վայրը կռուախնձոր դարձած է Հռոմի եւ Պասիկներու միջեւ։

Մեծ Հայքի ամենափոքր աշխարհն է։ Կը տարածուի Հայկական Տաւրոսի արեւելեան հատուածէն մինչեւ արեւելեան Տիգրիսի շրջանը։ Երբեմն միացուած է Վասպուրականի եւ նկատուած անոր մէկ մասը։ Այստեղ է Ամենափրկիչ վանքը։

Նահանգը երբեմն կոչուած է Փոքր Սիւնիք, Խաչէն եւ կամ Խաչենք անուններով։ Կուր եւ Արաքս գետերու հովիտներուն միջեւ կը համապատասխանէր Լեռնային Ղարաբաղին։ Նշանաւոր գաւառներէն՝

  • Հաբանդ- Այստեղ կը գտնուի Ամարաս վանքը, որ եպիսկոպոսանիստ կեդրոն եղած է։
  • Մեծերանք- Ներկայինս Խաչէնի շրջանն է իր Գանձասար վանքով։
  • Բերդաձոր, Սիսական, Ծառ եւայլն[3]։

Հաստատուած է Թարթառ գետի միջին եւ ստորին հոսանքին վրայ։ Գաւառներէն՝

Շիկաշէն- Այս գաւառի սահմաններէն ներս է Գանձակ քաղաքը (այսօրուան Ատըրպէյճանի Կիրովապատը)։ Այս քաղաքը պէտք չէ շփոթել Ատրպատականի Գանձակին հետ։ Յիշատակութեան արժանի են նաեւ Տաւուշ գաւառը եւ հայկական Շամշատինը։

ԳՈՒԳԱՐՔ

Խմբագրել

Նահանգը կը տարածուէր Հայաստանի հիւսիսը, Աղստեւ գետի հովիտէն մինչեւ Տայք նահանգը։ Նշանաւոր գաւառներէն՝

  • Ձորափոր- Գաւառը կը գտնուէր Աղստեւի վերին հոսանքին վրայ, այսօրուան Դիլիջանի շրջանը։ Այստեղ կառուցուած են Հաղարծինի վանքն ու Գետիկի կամ Գոշայ վանքը (կը կոչուի նաեւ Ղօշավանք), ուր ստեղծագործած է Մխիթար Գոշ։
  • Տաշիր- Կը համապատասխանէ այսօրուան Լոռիի շրջանին։ Բագրատունիներու օրով այս գաւառը ընդարձակելով իր սահմանները դարձաւ Տաշիր-Ձորագետի թագաւորութիւն։ Տաշիրի գլխաւոր քաղաքն էր Լոռի, որուն աւերակները կը մնան այսօրուան Ստեփանաւան քաղաքի մօտերը։ Այս գաւառի սահմաններէն ներս էին Սանահին, Հաղբատ (Հաղպատ) եւ Օձուն վանքերը։

Լեռնային եւ անտառածածկ նահանգ մըն էր։ Կը գրաւէր Ճորոխին միջին հոսանքի աւազանը։ Շրջանը շատ պտղառատ էր (մանաւանդ ունէր նուռ, թուզ եւ սերկեւիլ)։ Յիշատակութեան արժանի գաւառներ էին՝

  • Կող- Կուրի ակունքի շրջանը։
  • Ուխթիք- Օլթիի միջին հոսանքի շրջանը։

ԿՈՐՃԷՅՔ

Խմբագրել

Ուրմիոյ լիճի եւ Տիգրիսի միջեւ, լեռնային եւ անտառածածկ նահանգը, կը համապատասխանէր այսօրուան Քիւրտիստանի մէկ մասին։ Իր գլխաւոր գաւառներէն՝ Որսիրանք եւ Կորդուք։ Կորդուքը կը գրաւէ արեւելեան Տիգրիսի եւ Խապուր գետի ինկած շրջանը։

ՊԱՐՍԿԱՀԱՅՔ

Խմբագրել

Պարսկահայքը կը գտնուի Ուրմիոյ լիճի արեւմտեան եւ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Գաւառներէն՝ Հեր եւ Զարեւանդը։ Հեր գաւառին մէջ կը գտնուէր Նուարսակ գիւղը, ուր 484-ին հաշտութեան պայմանագիր կնքուած է։ Իսկ Զարեւանդը՝ կը համապատասխանէ Սալմաստի շրջանին։

ՓԱՅՏԱԿԱՐԱՆ

Խմբագրել

Նահանգը միշտ Հայաստանի մաս չէ կազմած։ Կը տարածուէր Արաքս գետի ստորին հոսանքէն դէպի հարաւ։ Հնագոյն ժամանակներէն կոչուած է Կազբ (Կազբք)։ Նահանգի բոլոր գաւառները հայկական չեն եղած եւ ունին հնագոյն ծագում։ Պատմական վայրերէն կարելի է յիշել Փայտակարան քաղաքն ու Վարդանակերտ աւանը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մեծ Հայք բաղկացած է 15 նահանգներէ
  2. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-11-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-19 
  3. Արցախի նահանգը