Հռիփսիմէ, կը նշանակէ ընկեցեալ (ծ.թ. անհտ.- 301), քրիստոնեայ նահատակ կոյս, սուրբ:

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Ըստ Հայոց Պատմիչներուն, Հռոմի Ս. Պօղոս առաքեալի վանքի մէջ աղօթական կեանքով կ'ապրէին շուրջ 300 կոյսեր, որոնց մեծաւորուհին էր՝ Գայեանէ անունով կոյս մը: Փոքր տարիքին այս վանքին մէջ կը մեծնար թագաւորական ծագում ունեցող սքանչելի գեղցկութեամբ օրիորդ մը՝ Հռիփսիմէ անունով:Հեթանոս Կայսր՝ Դիոկղետիանոս, հմայուած Հռիփսիմէի գեղեցկութեամբ կ'ուզէր հետը ամուսնանալ: Կայսեր հետապնդումներէն փախչելով Գայեանէ եւ Հռիփսիմէ շուրջ 70 կոյսերու հետ[1] ( Ս. Շողակաթ, Ս. Նունէ եւ ուրիշներ՝ տարբեր տուեալներով ընդամէնը՝ 40 հոգի) կը ձգեն Հռոմը: Կոյսերը նախ կ'երկրպագեն Քրիստոսի տնօրինական տեղերը (Պաղեստինի Ս. Վայրեր), ապա Եդեսիայէն կ'անցնին Մեծ Հայք՝ հաստատուելով Հայոց մայրաքաղաքը՝ Վաղարշապատ, եւ կ'ապրին այգիներուն մէջ: Կայսրը կը խնդրէ Հայոց Տրդատ Թագաւորէն, որ գտնէ Հռիփսիմէն եւ ուղարկէ իրեն: Տրդատ Թագաւոր կը յայտնաբերէ փախստական կոյսերը եւ մեծ ցանկութեամբ լցուելով կ'ուզէ ամուսնանալ Հռիփսիմէի հետ: Սակայն կոյսերը կ'ընդիմանան: Ի վերջոյ կը հրամայէ բերել Գայեանէն, Հռիփսիմէն եւ 32 այլ կոյսերը աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկելէ վերջ գլուխները սուրով հատել կու տայ: Դեպքէն ինը օր ետք բանտէն ազատուած Գրիգոր Ս. Լուսաւորիչը թաղելով նահատակներուն, Վաղարշապատի հիւսիս- արեւելեան կողմը կը կառուցէ Հռիփսիմեանց Վկայարանը կամ Հանգստարանը, որուն շինաքարերը «մեղքերը քաւող» Տրդատը բերած է Մասիս սարէն, Գայանյանց կույսերուն՝ առանձին, իսկ հիւանդութեան պատճառով Հնձանք վայրին մէջ միայնակ մնացած կոյսին՝ Հնձանքի մէջ, ուր հետագային Նահապետ Ա Եդեսացի կաթողիկոսը կառուցեր է Սուրբ Շողակաթ վանքը: Սուրբ Հռիփսիմէի վկայարանի վրայ Կոմիտաս Ա Աղցեցի կաթողիկոսը 618 թուականին կառուցեր է Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որու խորանի գետնայարկը մատուռին մեջ այսօր զետեղուած կը մնայ սրբուհիին տապանը։ Իսկ Եզր Ա Փառաժնակերտցի կաթողիկոսը Սուրբ Գայանէի կոյսերու մատուռի տեղը բարձրացուցեր է Էջմիածնի Սուրբ Գայանէ վանքը։ Այս տաճարներու ներքեւ մեծամեծ քարերով շինուած գետնափորեր կան, ուր ամփոփուած են կոյսերու ոսկորները։

Սրբադասում

Խմբագրել

Գրիգոր Լուսաւորիչը Հռիփսիմէին եւ միւս նահատակներուն տեղաւորած է սուրբերուն կարգին, իսկ անոնց յիշատակի օրը մտցուց եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, որովհետեւ Մեծ Հայքի մէջ քրիստոնէութեան տարածման եւ պետական կրօն դառնալուն էապէս նպաստած են Հռիփսիմեանց Կոյսերը:

Որպէս սուրբեր Հռիփսիմէն և Գայանէն կը նշուին ոչ միայն հայերուն, այլև յունարէն, լատիներէն, արաբերէն, ղպտիերէն, ռուսերէն Հայսմաւուրքներու մէջ։

Ագաթանգեղոսի տեսութիւն
Խմբագրել

Հայաստան եկած կույսերու թիւը, ըստ Ագաթանգեղոսի, 70-էն աւելի էր, նահատակուածները՝ 37։ Հանուանէ յիշատակուած են Հռիփսիմէն, Գայանէն, Նունէն, Շողակաթը և Մարիանէն։

Քրիստոնէական գրականութիւն
Խմբագրել

Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութիւնը հիմք հանդիսացեր է հայ քրիստոնէական գրականութեան վաղ յուշարձաններէն մէկուն՝ Հռիփսիմեանց վկայաբանութեան համար, որը անցնելով Ագաթանգեղոսի և Մովսէս Խորենացիի Պատմութիւններու մեջ, լայն տարածում ստացեր է ինչպէս հայ, այնպէս ալ ողջ միջնադարեան քրիստոնէական գրականութեան էջերուն մէջ։

Սուրբ Հռիփսիմէ վանքի օծման կապակցութեամբ 618 թուականին Կոմիտաս Ա Աղցեցի կաթողիկոսը գրեր է Սբ. Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած շարականը.

Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի,

Երկնաւոր նահատակք և կուսանք իմաստունք...

- Շարակնոց, 1853, էջ 487

Հայ եկեղեցին Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը կը տօնէ Սուրբ Զատկին յաջորդող կիրակիէն յետոյ՝ երկուշաբթի օրը։

Մինչեւ 13- րդ դար կաթողիկոսարանին մէջ կը պահէին Հռիփսիմէի մասունքները, որոնք Հռոմկլայի գրաւման ժամանակ (1292) մամլուքները տարած են Եգիպտոս՝ որպէս աւար։ Հռիփսիմէի գերեզմանը կը գտնուի համանուն տաճարին մէջ։
- Ստեփանոս Օրբելեան


Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Գայեանէ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-03-22-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14 

Տես նաեւ

Խմբագրել