Քրիստոսի Փորձութիւնները
Քրիստոսի Փորձութիւնները (լատ.՝ Vade retro, Satana - «հեռացիր ինձմէ, Սատանա»), Նոր Կտակարանին մէջ նկարագրուած է Սատանայի կողմէ Յիսուս Քրիստոսի փորձութիւնները 40 օր անապատի մէջ ըլլալու ժամանակ, ուր ան հեռացած էր իր մկրտութենէն ետք: Քրիստոնէութեան մէջ Յիսուսի փորձութիւնները կը ներկայացուին իբրեւ Յիսուսի մէջ երկակիութեան ապացոյց, իսկ Սատանայի խոցումը` իբրեւ չար ուժերու դէմ պայքարի օրինակ եւ մկրտութեան բարեբեր պտուղներու արդիւնք[1]:
Աւետարանական Պատմութիւն
ԽմբագրելՅիսուս Քրիստոսի 40 օր անապատի մէջ գտնուելու եւ Սատանայի փորձութիւններու մասին պատմութիւնը առկայ է աւետարանիչներու մօտ, բացի Յովհաննէս աւետարանիչէն: Ընդ որուն Մատթէոսը եւ Ղուկասը մանրամասն կը պատմեն այդ մասին, համընկնելով բոլոր դետալներու մէջ, իսկ Մարկոսը միայն քիչ մը կը յիշատակէ այդ մասին, առանց մանրամասնութիւններու. «Ան քառասուն օր մնաց անապատին մէջ եւ Սատանայի կողմէ փորձութեան ենթարկուեցաւ: Այնտեղ ան գազաններու հետ էր, իսկ հրեշտակները կը ծառայէին անոր: Կաղապար:Աստուածաշունչ:
Աւետարանական պատմութեան համաձայն` իր մկրտութենէն ետք (Մարկոսի աւետարանին մէջ նշուած է, որ ատիկա տեղի ունեցած է մկրտութենէն ետք) Յիսուս Քրիստոսը, հետեւելով Սուրբ Հոգիին, հեռացաւ անապատ, որպէսզի մենութեան մէջ, աղօթքներով եւ ծոմապահութեամբ պատրաստուի իր առաքելութեան, որուն համար ան աշխարհ եկած էր. «Ան քառասուն օր այնտեղ մնաց ու Սատանայի կողմէ փորձութեան ենթարկուեցաւ: Չկերաւ եւ չխմեց այն օրերուն, եւ երբ քառասուն օրերը լրացան, քաղց զգաց: Կաղապար:Աստուածաշունչ: Այդ ժամանակ անոր մօտեցաւ Սատանան եւ երեք փորձութիւններով փորձեց հրապուրել, մեղքի մէջ քաշել, ինչպէս որեւէ մարդու:
Փորձութիւններ | Սատանայի Խօսքը | Քրիստոսի Պատասխանը |
---|---|---|
Սով | Եթէ Աստուծոյ որդին ես, այս քարերուն ըսէ, որ հաց դառնան: Կաղապար:Աստուածաշունչ | Գրուած է. «Մարդ պէտք է ոչ միայն հացով ապրի, այլ Աստուծոյ բերանէն դուրս եկող ամէն խօսքով»: Կաղապար:Աստուածաշունչ |
Հպարտութիւն | Եթէ Աստուծոյ որդին ես, քեզ ցած նետիր, քանի որ գրուած է. «Ան իր հրեշտակներուն պիտի հրամայէ քեզի համար, եւ անոնք իրենց ձեռքերու վրայ պիտի տանին քեզ, որ ոտքդ երբէք քարի չխփես»: Կաղապար:Աստուածաշունչ | Դարձեալ գրուած է. «Մի՛ փորձեր քու Տէր Աստուածը»: Կաղապար:Աստուածաշունչ |
Հաւատք | Այս ամբողջ իշխանութիւնը եւ անոնց փառքը քեզի պիտի տամ, եթէ զիս երկրպագես: Կաղապար:Աստուածաշունչ | Ե՛տ գնա, Սատանայ, որովհետեւ գրուած է. «Քու Տէր Աստուծոյ պէտք է երկրպագես եւ միայն անոր պաշտես»: Կաղապար:Աստուածաշունչ |
Ըստ Մատթէոսի, երրորդ փորձութենէն ետք «այն ժամանակ Սատանան թողեց անոր, եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ կը ծառայէին անոր»: Կաղապար:Աստուածաշունչ
Նոր Կտակարանի այլ գիրքերու մէջ փորձութիւններու կամ գայթակղութիւններու մասին կը յիշատակէ Պօղոս Առաքեալը (Թուղթ առ Եբրայեցիս). «Որովհետեւ, ինչպէս որ ինքն իսկ չարչարուեցաւ` փորձության մատնուելով, այնպէս ալ կրնայ օգնել փորձութեան ենթարկուածներուն»: Թուղթ առ Եբրայեցիս 2:18: Այդ նոյն թուղթին վրայ առաքեալը կը գրէ. «Քանզի ոչ թէ ունինք քահանայապետ մը, որ չարչարակից չըլլայ մեր տկարութեան, այլ Քահանայապետ մը, որ մեզի նման փորձուած է ամէն ինչի մէջ, բայց առանց մեղքի է»: Թուղթ առ Եբրայեցիս 4:15:
Ի տարբերութիւն աստուածաշնչային բովանդակութեամբ գիրքերու մէջ իրենց արտացոլումը ստացած աւետարանիչներու պատմութիւններու, որոնք մանրամասնութիւններ են աւելացուցած են, Քրիստոսի փորձութեան պատմութիւնը այդ ապոկրիֆներուն մէջ չի բացայայտուիր: Այդ մասին շատ կարճ կը յիշատակուի Նիկոդեմոսի աւետարանի Սատանայի եւ դժոխքի երկխօսութեան մէջ Քրիստոսի այդտեղ գալէ առաջ. «...կը մտածես եւ կը վախնա՞ս ընդունել Յիսուսը: Ան իմ եւ քու հակառակորդն է: Անոր փորձութիւնը նոյնիսկ հրեաներու աւագանիին ստիպեց զրպարտել եւ դատապարտել Զայն»[2]:
Աստուածաբանական Մեկնութիւն
ԽմբագրելՎերլուծելով աւետարանիչներու պատմութիւնները` աստուածաբանները կ'ենթադրեն, որ Քրիստոս անմիջապէս իր մկրտութենէն ետք «Հոգիի կողմէ ուղարկուեցաւ անապատ` Սատանայի փորձութիւններու համար»[Ն 1]: Եփրեմ Ասորին դատողութիւններ կ'ընէ այն պատճառներու մասին, թէ ինչո՞ւ Յիսուս Սուրբ Հոգիի կողմէ ուղարկուեցաւ անապատ:
...այն բանին համար, որ անհաւատներէն ոչ ոք պատճառ չունենայ ըսելու, որ Հոգին Որդիէն ցած է: Եթէ Անոր ուղեկցէր միայն կռուի, այլ ոչ թէ պատիւի եւ հանգիստի, այդ պարագային թերեւս ճիշդ կ'ըլլար քննադատներու կասկածները: Բայց եթէ Հոգին ցած է Որդիէն, այդ պարագային ինչո՞ւ Հոգիին իշխանութիւն տրուած է ուղեկցելու Անոր անապատ: Ան ինքզինք ներկայացուց որպէս այդ իշխանութիւնը կրող, երբ կ'ուղեկցէր Անոր անապատ[4] |
Յովհան Ոսկեբերանը «Մատթէոս աւետարանիչի զրոյցներու մէջ» կը գրէ այն պատճառներուն մասին, թէ ինչո՞ւ Քրիստոսի փորձութիւնները տեղի ունեցան անմիջապէս մկրտութենէն ետք: Անոր կարծիքով անիկա անոր համար է, որպէսզի «մկրտուողներէն ոչ ոք, եթէ մկրտուելէ ետք հանդիպի փորձութիւններու, չվրդովի, այլ կարենայ տղամարդի մը պէս տանիլ որեւէ փորձութիւն»[1]:
Մեկնիչները համեմատութիւն կ'ընեն հրեաներու անապատ ճամբորդութեան եւ Քրիստոսի փորձութեան իրադարձութիւններու միջեւ[3]:
- հրեաներու Յորդանանէն անցնիլը (Աստուածաշունչ, Յեսուի գիրք 3:1) եւ Յիսուս Քրիստոսի Յորդանանի մէջ մկրտուիլը,
- հրեաներու սովը անապատի մէջ եւ Յիսուս Քրիստոսի սովը,
- անապատին մէջ հրեաներու տարբեր փորձութիւնները եւ Յիսուսի փորձութիւնները Սատանայէն,
- հրեաներու քաղցի հագեցումը մանանայով եւ Յիսուսի քաղցը հագեցնելու համար քարերը հացի վերածելու փորձութիւնը:
Քրիստոսի փորձութիւնները անապատին մէջ զուգահեռներ ունին նաեւ Հին Կտակարանի Հոպի պատմութեան հետ, որ նոյնպէս փորձութիւններու ենթարկուած է Սատանային կողմէ[5]: Հոպը կրած է երեք փորձութիւն, եւ վերջինին ժամանակ անոր, ինչպէս եւ Յիսուսին, առաջարկուած է երկրպագել Սատանային:
Իւրաքանչիւր փորձութեան ժամանակ Յիսուս ոչ մէկ գործողութիւն չի կատարեր, միայն երկխօսութեան մէջ կը մտնէ Սատանային հետ: Այդ պատճառով ալ աստուածաբանները կը նշեն, որ «Անոր շրթներէն դուրս եկող խօսքը կանգնեցուց Սատանան»[4]:
Ղուկասի խօսքերով, փորձութիւններէն ետք Սատանան կը ձգէ Յիսուս Քրիստոսը (Կաղապար:Աստուածաշունչ), այնուհետեւ ան դարձեալ կը սկսի գայթակղիլ անոր հրեայ ժողովուրդի միջոցով, նաեւ անոր աշակերտներուն միջոցով` տարբեր դաւեր նիւթ ընելով[6]:
Մարկոս աւետարանիչը կը յայտնէ, որ անապատին մէջ Յիսուս գազաններու հետ էր (Կաղապար:Աստուածաշունչ), ասիկա այն բանին ապացոյցն է, որ Քրիստոս (նոր Ադամ) կը շրջապատէր գազանները, որոնք անոր վնաս չէին պատճառեր, այնպէս ինչպէս Ադամին դրախտի մէջ[7]:
Փորձութեան Նշանակութիւնը
ԽմբագրելՔրիստոնէական դաւանանքին մէջ կ'ենթադրուի, որ փորձութիւնը ուղղուած էր Քրիստոսի մարդկային բնոյթին դէմ, որուն վրայ ազդելով Սատանան յոյս ունէր Յիսուսը տանիլ սխալ ճամբայ: Յիսուսի աստուածային բնոյթին նկատմամբ այդ փորձութիւնը պայքար էր Սատանայի եւ Աստուծոյ Որդիին միջեւ[8]:
Փորձութիւն սովի միջոցով
Սատանան յոյս ունէր, որ սովէն տանջուող Քրիստոս, գայթակղուելով եւ իրեն համար հրաշք կատարելով, այդպէս պիտի վարուի նաեւ հետագային. պիտի ազատէ զայն թշնամիներէ եւ պիտի շրջապատէ հրեշտակներու գունդերով, պիտի իջնէ խաչէն եւ օգնութիւն պիտի կանչէ Եղիա մարգարէին (Կաղապար:Աստուածաշունչ)[8]: Սատանայի այս միտքը ուղղուած էր անոր, որ Յիսուսի չարչարանքներով չիրագործուի մարդկութեան փրկութիւնը: Այդ խորամանկ խորհուրդին Յիսուս պատասխանեց Մովսէսի խօսքերով. «Մարդը միայն հացով չէ, որ կ'ապրի, այլ նաեւ այն ամէն խօսքերով, որոնք կ'ելլեն Աստուծոյ բերանէն» (Երկրորդ Օրէնք 8:3):
Փորձութիւն հպարտութեամբ
Երկրորդ փորձութեան ժամանակ Սատանան առաջարկեց հրաշքով ազդել Մովսէսի գալուստին սպասող մարդոց գիտակցութեան վրայ[Ն 2]: Քրիստոս կրնար հեշտութեամբ իր վրայ գրաւել մարդոց ուշադրութիւնը: Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կարելի չէ առանց անհրաժեշտութեան վտանգներու ենթարկուիլ` փորձելով Աստուծոյ հրաշագործ ուժը: Սատանան իր խօսքը կը սկսի «եթէ դուն Աստուծոյ որդին ես», որ ըստ մեկնիչներու, Քրիստոսի մօտ կը փորձէ փառամոլութիւն արթնցնել:
Փորձութիւն հաւատքով
Վերջին անգամ փորձելով Յիսուսը, ցոյց տալով անոր աշխարհի թագաւորութիւնները, որոնց վրայ ինք կ'իշխէր եւ առաջարկելով զայն Յիսուսին` յոյս ունէր շփոթեցնելու անոր մարդկային հոգին եւ կասկածներ յառաջացնել Յիսուսի մարդկութիւնը փրկելու կարողութիւններուն: Իրմէ հրաժարելով Քրիստոս ցոյց տուաւ, որ չ'ընդունիր Սատանայի իշխանութիւնը աշխարհի վրայ, անիկա կը պատկանի Աստուծոյ, որուն պէտք է երկրպագել[8]:
Ըստ Յովհան Ոսկեբերանի, Քրիստոսի անապատի մէջ յայտնուիլը, անոր ծոմապահութիւնը, աղօթքը, փորձութիւնները օրինակներ են, թէ ինչպէս պէտք է պայքարիլ չար ուժերու դէմ[10]:
Այլ Մեկնութիւններ
ԽմբագրելԼեւ Թոլսթոյ իր «Չորս Աւետարանիչներու Միաւորումն Ու Թարգմանութիւնը» տրակտատին մէջ կըւ տայ գայթակղութեան իր մեկնաբանութիւնը[11]: Ըստ Թոլսթոյի, աւետարանիչներու պատմութիւնը կը նմանի երկու անձերու երկխօսութեան` հոգեւոր (Յիսուս) եւ նիւթական (Սատանայ): Ի վերջոյ Յիսուս կը հասկցնէ, որ նիւթականը իրեն համար նշանակութիւն չունի:
Եկեղեցական Պաշտամունք
ԽմբագրելԻ յիշատակ Յիսուսի անապատին մէջ 40-օրեայ պահքի քրիստոնէութեան մէջ ամէն տարի կը սահմանուի Մեծ Պահք, որուն առաջին մասը 40 օր է[12]:
Կաթողիէ եկեղեցւոյ մէջ Մեծ պահքի առաջին Կիրակին սահմանուած է Յիսուսի անապատին մէջ փորձութեան յիշատակը: Այդ օրը պատարագի ժամանակ կը կարդացուի Քրիստոսի փորձութեան աւետարանական պատմութիւնը, իսկ զուգահեռ երգեցողութեամբ կ'ըսուին առաջին փորձութեան ժամանակ Յիսուսի պատասխանած բառերը. «Մարդ պէտք չէ միայն հացով ապրի, այլ նաեւ Աստուծոյ բերանէն դուրս եկող ամէն խօսքով»: Կաղապար:Աստուածաշունչ:
Եկեղեցւոյ Կողմէ Յիշատակուող Վայրեր
ԽմբագրելԵկեղեցական աւանդութիւնը Յիսուսի 40-օրեայ պահքի եւ Սատանայի կողմէ փորձութեան վայր կը համարէ Իերիխոնայէն ոչ հեռու գտնուող լեռը[13]: Լեռը ունի 380մ բարձրութիւն եւ քրիստոնեաներու կողմէ կը տրուի «Փորձութեան լեռ» անունը, ուր միակ բնակիչը այսօր կը հանդիսանայ յոյն վանականը[14]: Վանքը հիմնադրուած է 4-րդ դարուն, անոր ներքին տարածքը փորուած է ժայռի մէջ, իսկ քարայրին մէջ, ուր ըստ աւանդութեան եղած է Քրիստոս, կառուցուած է զանգակատուն[15]:
Լեռը քրիստոնէական ուխտագնացութեան աւանդական վայր կը հանդիսանայ:
...մենք ձի նստանք եւ գացինք Իերոխինայի ովասիսին մէջ տարածուած ճամբար: Անկէ վեր կը բարձրանային Կվարանտանի շղթան 40-օրեայ պահքի լերան հետ, որուն վրայ Փրկիչը պատրաստուած էր իր երկրային ծառայութեան եւ աղօթելու: Անոր արեւելեան լանջին կ'երեւին քարայրներ: Այդ քարայրներուն մէջ մինչեւ այսօր ղպտիները քահանայութեան ընդունուելէ առաջ պէտք է 40 օր անցընեն իրենց պարտադիր պահքը եւ աղօթքը[16] -
1872-ին իշխան Նիքոլայ Նիքոլայեւիչի ճամբորդութիւնը Արեւելք եւ Սուրբ հող
|
Կերպարուեստի Մէջ
ԽմբագրելՅիսուսի փորձութիւնների նիւթը կերպարուեստի մէջ լայն տարածում չէ գտած: Անիկա աւելի յաճախ առկայ է Սուրբ Մարկոսի տաճարի եւ Սիքստինեան Քափելլայի Քրիստոսի ամբողջ կեանքը պատկերող գեղանկարներու մէջ: Պատկերուած կ'ըլլան ինչպէս երեք փորձութիւնները (առաջին ծրագիրին մէջ ներկայացուած առաջին փորձութիւնը, իսկ միւս երկուքը ետեւի ծրագիրին մէջ), այնպէս ալ Քրիստոս Սատանայի հետ լերան կատարին:
Ուղղափառ գեղանկարչութեան մէջ երբեմն փորձութեան տեսարանը կը տեղադրեն սրբապատկերներու վրայ: Անիկա կրնայ տեսնել նաեւ արեւմտեան եւրոպական գեղանկարչութեան մէջ, օրինակ Վերոնեզէի «Քրիստոսի մկրտութիւնը եւ փորձութիւնը» նկարին մէջ մէկ կտաւի վրայ պատկերուած են երկու տեսարանները:
Քրիստոսի փորձութիւնները կը պատկերեն երեք պարունակութիւններու մէջ.
- «Յիսուս անապատին մէջ». Փորձութիւն սովի միջոցով, անապատը, Քրիստոս, որուն ոտքերուն տակ քարեր թափուած են կամ ալ քարերը Սատանայի ձեռքին են: Ասիկա փորձութիւնները պատկերող տեսարաններէն ամէնէն յաճախ հանդիպողն է:
- «Յիսուս տաճարի թեւին». Փորձութիւն հպարտութեամբ, Քրիստոսն ու Սատանան կանգնած են Երուսաղէմի տաճարի «տանիքը», տաճարի մօտ կրնան ըլլալ մարդիկ:
- «Քրիստոսի փորձութիւնը լերան վրայ». Փորձութիւն հաւատքով, լերան կատարին կանգնած են Քրիստոսը եւ Սատանան, լերան շուրջ կ'երեւին քաղաքներ, Քրիստոսի շուրջ կրնան ըլլալ հրեշտակներ եւ այլն[17]:
Ռոմանական եւ գոթական արուեստներուն մէջ, նաեւ Վերածնունդի դարաշրջանին Սատանան սովորաբար պատկերած են իբրեւ խաւարի ոգի` եղջիւրներով, թեւերով, ինչպէս օրինակ Տուչչոյի մօտ: Իտալիոյ մէջ, Վերածնունդի դարաշրջանին Սատանան ստացած է սիրուն տեսքով պատանիի կերպար` «ինկող հրեշտակ» (օրինակ` Թիցիանի մօտ):
Մշակոյթի Մէջ
ԽմբագրելՇարժապատկեր.
- «Քրիստոսի Վերջին Փորձութիւնը», այս ֆիլմի ցուցադրումին դէմ էին կաթողիկէ եւ ռուս ուղղափառ եկեղեցիները[18]:
- «Յիսուսը Մոնրէալէն», Յիսուսի դերը խաղացող հերոսը իրաւաբաններէն շահաւէտ առաջարկ կը ստանայ պայմանով, որ պիտի ծառայէ իրենց:
Գրականութիւն.
- Ճոն Միլթըն, «Վերադարձուած Դրախտը» (1671), կը պատմէ չար ոգիի կողմէ Յիսուսի փորձութեան պատմութիւնը:
- Լեւ Մէյ, բանաստեղծութիւն «Հեռացիր Ինձմէ, Սատանայ» (1851).
- Տոստոյեւսքի «Կարմազանով Եղբայրներ» (1874—1875), Մեծ ինկվիզիտորի մասին առակին մէջ քննարկումներ կը կատարուին Քրիստոսի փորձութիւններու նշանակութեան մասին:
- Ա. Ֆետ, բանաստեղծութիւն «Փորձութիւն անապատին մէջ» (1876):
- Ալեքսանդր Պեչյոնկին «Քրիստոսի փորձութիւնը անապատին մէջ» (1999), գրական ապոկրիֆ:
- Տոստոյեւսքի «Չար Ոգիները» (1871—1872), առաջին մասին մէջ հերոսներու երկխօսութեան մէջ կը յիշատակուի Քրիստոսի փորձութիւնները:
Նշումներ
Խմբագրել- ↑ Մատթէոսի աւետարանը (Բացատրական Աստուածաշունչ կամ Նոր կտակարանի մեկնութիւնը` Ա. Պ. Լոպուխինի հեղինակութեամբ) կը վերլուծէ այն պատճառները, թէ ինչու Յիսուսը Սուրբ Հոգիի կողմէ ուղարկուեցաւ անապատ[3]
- ↑ Մեր Րաբունին անիկա կը կապէ այն ժամին հետ, երբ Մեսիան պիտի բացայայտուի. ան պիտի գայ ու պիտի կանգնի տաճարի կտուրին:Բնագիր (անգլերէն)
«Our Rabbis related that in the hour when the Messiah shall be revealed he shall come and stand on the roof of the temple»[9]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Иоанн Златоуст. Մատթեոսի գրքի 13-րդ Զրույց
- ↑ «Евангелие от Никодима»։ apokrif.fullweb.ru։ արտագրուած է՝ 2016-08-23
- ↑ 3,0 3,1 «Искушение Христа диаволом в пустыне. Удаление в Галилею и поселение в…»։ archive.is։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-12-25-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-23
- ↑ 4,0 4,1 Ефрем Сирин. Толкования на четвероевангелие
- ↑ Геннадий Егоров, иерей. Священное Писание Ветхого Завета
- ↑ Об искушении Иисуса Христа в пустыне от диавола
- ↑ «Катехизис Католической церкви (539)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-10-09-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-07
- ↑ 8,0 8,1 8,2 Архиепископ Аверкий (Таушев). Сорокадневный пост и искушение от дьявола // Руководство к изучению Священного Писания Нового Завета
- ↑ Pesikta Rabbati 62 c-d Rivka Ulmer. A Synoptic Edition of Pesiqta Rabbati Based upon All Extant Manuscripts and the Editio Princeps. South Florida Studies in the History of Judaism 155, 1995
- ↑ Святитель Иоанн Златоуст. Творения. СПб.: 1901. Т. 7. С. 131.
- ↑ Толстой Л. Н. Соединение и перевод четырёх Евангелий / В сжатии составителя "Толстовского листка" В. А. Морозова. Толстовский листок № 6. М., 1995.
- ↑ О постах и трапезах
- ↑ «Обители, бывшие в пустыне Святого Града в эпоху ее процветания в IV, V и VI веках, с показанием их местонахождения по древним источникам - Пустыня Святого Града - Архимандрит Леонид (Кавелин). Старый Иерусалим и его окрестности. Из записок инока-паломника - Святая Земля глазами паломников прошлых веков - Библейские места, храмы и монастыри - Православный Поклонник на Святой Земле»։ palomnic.org։ արտագրուած է՝ 2016-09-06
- ↑ «Православное Братство Литвы»։ www.pbl.lt։ արտագրուած է՝ 2016-09-06
- ↑ Гора Искушений
- ↑ Скалон Д. А. Путешествие по Востоку и Святой Земле в свите великого князя Николая Николаевича в 1872 году
- ↑ «ЕРМИНИЯ ИЛИ НАСТАВЛЕНИЕ В ЖИВОПИСНОМ ИСКУССТВЕ, СОСТАВЛЕННОЕ ИЕРОМОНАХОМ И ЖИВОПИСЦЕМ ДИОНИСИЕМ ФУРНОАГРАФИОТОМ»։ nesusvet.narod.ru։ արտագրուած է՝ 2016-09-06
- ↑ Верховский А. Русская Православная Церковь и свобода выражения в светском обществе
Արտաքին Յղումներ
Խմբագրել- «Искушение Христа в пустыне. Были ли у дьявола шансы на победу?»։ Журнал «Фома»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-01-24-ին։ արտագրուած է՝ 19 Ապրիլ 2009
- «Новозаветные сюжеты в живописи. Христос в пустыне»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 18 Սեպտեմբեր 2008
- «Христос в пустыне в русской живописи»
- «Temptation of Christ» (անգլերեն)։ Catholic Encyclopedia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-03-ին։ արտագրուած է՝ 18 Սեպտեմբեր 2008