Աստղիկ
Աստղիկ, հայկական դիցաբանութեան մէջ՝ ջուրի, սիրոյ ու գեղեցկութեան աստուածուհին է։
Ըստ աւանդութեան՝ Աստղիկ դիցուհին ամէն գիշեր կը լոգնար Մշոյ դաշտէն հոսող Արածանի գետին մէջ։ Սիրահարուած երիտասարդները կը հաւաքուէին մօտակայ բարձունքին վրայ, որպէսզի տեսնէին աստուածուհին։ Սակայն Աստղիկն աննկատ մնալու համար դաշտը կը պատէր մշուշով, որուն պատճառով ալ երկիրը կոչուած է Մուշ, դաշտը՝ Մշոյ դաշտ։ Աստղիկը, ըստ աւանդութեան, Նոյի դուստրն է, Վահագն աստուծոյ սիրելին։ Անոր անուանած են նաեւ Ոսկեծղի, Ոսկեբազուկ, Վարդամատն։ Աստղիկի գլխաւոր մեհեանը Տարօն գաւառի Աշտիշատ աւանին մէջ էր։ Այն կոչուած է նաեւ «Վահագնի սենեակ», ուր Աստղիկը հանդիպած է Վահագնին։ Հին Հայաստանին մէջ՝ Աստղիկի եւ Վահագնի սէրը սուրբ կը նկատուէր. մարդիկ կը կարծէին, թէ՝ անոնց հանդիպման հետեւանքով է, որ անձրեւ կը տեղար երկրի վրայ, բերք ու բարիք կը ստեղծուէր։ Աւանդութեան համաձայն՝ Աստղիկը բնակած է Տարօնի Ասղնբերդի մէջ, որուն տանիքին բոյն դրած ծիծեռնակները, որպէս սուրհանդակներ՝ լուր կը տանէին աստւածուհիի սիրեցեալ Վահագն աստուծոյ։[1]
Աստղիկին նուիրուած տաճարներ կային նաեւ Վանա լիճի մերձակայ Արտամետ գիւղին մէջ, Անձեւեաց գաւառինմէջ եւ այլուր։ Երեւանի օբերայի եւ պալէթի շենքի տեղը նոյնպէս եղած է Աստղիկին նուիրուած տաճար։ Տօնակատարութեան ժամանակ Աստղիկին ձօնած են վարդեր (այստեղից ալ՝ անոր Վարդամատն մականունը), թռցուցած՝ աղաւնիներ, ցօղած՝ ջուր իրար վրայ, ուրախացել։
Աստղիկը կը համապատասխանէ յունական Աֆրոտիթէ, հռոմէական Վեներա աստուածուհիներուն։ Աստղիկի տօնը նշած են Յուլիսի կիսուն՝ համաժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով եւ արարողութիւններով։ Այդ տօնը կոչուած է Վարդավառ եւ ցայսօր կը պահպանուի։ Վարդավառը Հայ եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն է ու կը նշուի, որպէս՝ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօն։
Ըստ արիական աւանդոյթներու՝ ստորգետնեայ աստուածը արարչական ընտանիքէն կը գողնայ Աստղիկը, որուն հետեւանքով արիներու միջէն կը վերանան «Սէրն ու Գեղեցկութիւն»ը, անոնց հոգիներուն մէջ բուն կը դնէ ատելութիւնը եւ անոնք կը դառնան տգեղ ու դժնակ։ Բայց Վահագնը, յաղթելով վիշապին, կ'ազատէ Աստղիկը եւ շրջելով Արարատը, արիները կ՛օծէ վարդաջուրով, վարդավառ կը սարքէ եւ անոնց վերստին կ՛օժտէ աստղիկեան սիրառատութեամբ։
Հայեր ժողովուրդը Վարդավառը մեծ շուքով կը տօնէ։ Այն հայերու ամենասիրուած տօներէն է։ Այդ օրը մեծ թէ փոքր խանդավառութեամբ իրար կ՛օծեն ջուրով, իրար Սէր ու Գեղեցկութիւն կու տան, կ՛երգեն, կը պարեն, կը նորոգեն աստուածային խորհուրդը, կը փառաբանեն Աստղիկը, իրար կը նուիրեն նորոգ սիրոյ խորհրդանիշ ծաղիկը՝ Վարդը։ Ըստ աւանդազրոյցի՝ ծովու ճերմակաթոյր փրփուրներէն ծնած էր Աստղիկը եւ այդտեղէն կը քալէր՝ ոտքերէն կաթկթացող արիւնէն վարդեր կը բուսնէին։ Երբ դիցուհին վարդի թերթիկներ կը թափէր Հայոց աշխարհին, անոնք աննկատելիօրէն կը քսուէին հայ աղջիկներուն եւ անոնց կ՛օժտեն աստուածային գեղեցկութեամբ։
Մէկ այլ աւանդութեան համաձայն, երբ Աստղիկը Արածանիի ջուրերուն մէջ գիշերային լոգանք կ՛ընէր, հայ կտրիճները անոր գեղեցկութեամբ հիանալու համար բլուրներին կրակներ կը վառէին, որպէսզի լոգանքի վայրը լուսաւորուի։ Սակայն աստուածուհին շուրջը մշուշ կը գոյացնէր եւ կը քօղարկէր իր մերկութիւնը։ Այս բոլորին հետեւողութեամբ՝ այդ գաւառը կը կոչուի Մշուշ, իսկ յետագային՝ Մուշ։
Աստղիկ աստուածուհիի անունը կը կրէ՝ Հայկեան տոմարի, իւրաքանչիւր ամսուան եօթներորդ օրը։
Ակադեմիկոս Մ. Աբեղեան Աստղիկը կը համարէ նաեւ ջուրի աստուածուհին եւ կը գտնէ, որ Գեղամայ լեռներու տարածքին յայտնաբերուած «վիշապներ» կոչուած ձկնակերպ կոթողները՝ Աստղիկ դիցուհիի արձաններն են։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-15-ին։ արտագրուած է՝ 2015-01-28