Գառնիի ամրոց, հնավայր Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ։ Տեղակայուած է Կոտայքի մարզի համանուն գիւղի տարածքին մէջ՝ Երեւանէն 28 քմ արեւելք։ Ամրոցը կը գրաւէ է 3,5 հա տարածութիւն. անոր տարածքին կը գտնուին Գառնիի Հեթանոսական Տաճարը, արքունական բաղնիքը, 7-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ աւերակները[1]։

Գառնիի Ամրոց
Գառնիի ամրոցի մուտքը ներսէն
Կը Գտնուի Հայաստան
Ներկայ վիճակ կիսաւեր

Ամրոցը կը գտնուի Գեղամայ Լեռնաշղթայի Գեղասար գագաթի հարաւային ստորոտին՝ ծովի մակերեւոյթէն շուրջ 1400 մ բարձրութեան վրայ։ Կը հանդիսանայ հայկական ճարտարապետութեան հին ժամանակաշրջանի ամրաշինութեան կառոյց[2]։ Անոր շուրջ կը տարածուի Ազատ գետի 100 մեթր խորութիւն ունեցող կիրճը[3], ուր կը գտնուի Քարերու Սիմֆոնիան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միակ բնութեան յուշարձանը Հայաստանի մէջ[4]։

28 Ապրիլ 2011-ին յայտնի դարձաւ, որ Գառնիի պատմամշակութային համալիրը արժանացած է Մելինա Մերքուրիի անուան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Յունաստան 2011 մրցանակին[5]։

Պատմութիւն Խմբագրել

Գառնիի վերաբերեալ առաջին ստոյգ տեղեկութիւնը կու տայ Վանի թագաւոր Արգիշտի Ա.-ի (Ք.Ա. 786-764) արձանագրութիւնը «Գիառնիանի երկրի» նուաճման մասին։ Վիշապակերպ կոթողները յայտնաբերուած էին 1909-ի Գառնիի պեղումներու ժամանակ, Նիկողայոս Մառի եւ Յա. Սմիռնովի կողմէ։ Անոնք կապուած են ջուրի պաշտամունքի հետ[2]։ Հռոմէացի պատմագիր Քոռնելիոս Տակիտոսի համաձայն, Ք.Ե. 51-ին վրացի Փարասման թագաւորի որդի Հռատամիզդը, Հռոմի օժանդակութեամբ ցանկանալով տիրանալ հայկական գահին, կը յարձակի Հայաստանի վրայ։ Ռազմական գործողութիւններուն մէկ մասը տեղի կ'ունենայ Գառնի ամրոցին մէջ («in Costelium Gorneas»), որ «ապահով էր տեղադրութեան եւ հռոմէական կայազօրի պաշտպանութեան հետեւանքով»[2]։ 1949-ին ազգագրագէտ եւ պատմաբան Բաբգէն Առաքելեանի արշաւախումբը տեղի քառանկիւն յատակագիծով կացարաններէն յայտնաբերած է վանակատէ (օպսիտիան) գործիքներ, ոսկորէ բիզեր, սեւ փայլով զարդարուն խեցեղէն, պրոնզէ կացինի ձուլման կաղապար, պրոնզէ մանգաղ. ասիկա կը վկայէ տեղանքի պրոնզէ դարու պատկանելութեան մասին։ Պեղուած են նաեւ Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակով թուագրուող դամբարաններ, ուրարտական եւ երուանդեան շրջանի խեցեղէն, բացուած են բնակելի շէնքեր, մառաններ, տարատեսակ զէնքեր եւ կենցաղային իրեր, ինչպէս նաեւ՝ սասանեան, բիւզանդական, վրացական, մոնկոլական եւ այլ երկիրներու դրամներ[6]։

 
Մուտքի պատեր

Գառնիի դերը մեծ է յատկապէս հելլենիստական շրջանի (Ք.Ա. 3-1-ին դարեր) եւ անոր յաջորդած դարերու հայկական մշակոյթի էական գիծերը վեր հանելու տեսանկիւնէն։ Այս շրջանի քաղաքներու կառուցապատման, ճարտարապետական ու կենցաղային արժէքներու մասին հիացմունքի խօսքեր ձգած են Ստրաբոնը, Պլուտարքոսը եւ Ապպիանոսը։ Անոնց վկայութոիւններէն ակնյայտ է, որ հայերը, փոխառնելով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան լաւագոյն դրսեւորումները, յատկապէս քաղաքաշինական նուաճումները, իրենց երկրին մէջ ստեղծած են քաղաքներու եւ քաղաքային կեանքի նոր տիպ մը, որ օրինակ պէտք է ծառայէր դրացի երկիրներու համար։ Խօսելով հայկական մշակոյթի մասին, Նիկողայոս Մառ կը գրէ, որ հայ ժողովուրդը «գեղարուեստի ազնուացնող նմուշներ կու տայ իրենց բռնակալներուն, ամէն ազգի մատչելի ճարտարապետական գիծերու ներդաշնակ երաժշտութեամբ»։

Ամրոցը վերակառուցուած է հռոմ-պարթեւական պատերազմէն (54-64) ետք՝ 76-ին[7]։ Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ հաստատուած է Արշակունիներու արքայատոհմը։ Միեւնոյն ժամանակ կառուցուած է նաեւ Գառնիի Հեթանոսական Տաճարը (77)[3]։ 2-րդ դարու կիսուն եւ 3-րդ դարու սկիզբը Վաղարշ Բ. թագաւորի (186-198) որդին՝ Մեծ Հայքի թագաւորը Խոսրով Ա. (198-216), արամէական գրութեամբ Գառնիի մէջ ձգած է արձանագրութիւն[2]։

Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք ամրոցը եղած է Տրդատ Գ. թագաւորի քրոջ՝ Սրբուհի Խոսրովիդուխտի «ամառնային սենեակը»։ Արտաշիսեան եւ Արշակունեաց թագաւորներու օրերուն Գառնին եղած է նշանաւոր ամրոց, զօրակայան եւ ամառանոց, իսկ 4-րդ դարուն՝ եպիսկոպոսանիստ բնակավայր։ Բերդի շուրջ եղած է քաղաքատիպ բնակավայր։ Գիւղի հիւսիսը գտնուող բլրաշարքի վրայ կը գտնուի միջնադարեան գերեզմանոցը[3]։ Հայ Գիրերու Գիւտէն ետք մատենագիրներու մօտ կը հանդիպին հայերէն տեղեկութիւններ ամրոցի մասին. Գառնին կը յիշատակուի իբրեւ խիստ ամրացիւած արքունի ամրոց (Փաւստոս Բիւզանդ) կամ իբրեւ քաղաք իր անմատոյց ամրոցով[8], ուր կայանք զօրացն էին (Եղիշէ)։ Գառնին զօրակայան եղած է նաեւ պարսիկներու տիրապետութեան ժամանակ[2]։

10-13-րդ դարերու, Բագրատունիներու Թագաւորութեան եւ Զաքարեան իշխանապետութեան գոյութեան տարիներուն, Գառնին յաճախ կը կոչուի գիւղաքաղաք, հետագային աստիճանաբար կը կորսնցէ իր նշանակութիւնը։ Գառնիի Երկրաշարժէն ետք կործանուած տաճարի մասերը, սիւներու կտորները, պատերու քարերն ու խոյակները ինկած էին տաճարի շուրջը։ Գառնիի տաճարը վերականգնեցաւ 1969-75 թուականներուն։

Ճարտարապետութիւն Խմբագրել

Գառնիի ամրոցի պատերու բարձրութիւնը կը հասնէր 12-14 մեթրի, սակայն Գառնիի Երկրաշարժէն ետք աւերուած է, եւ մնացած են 2-4 մեթր բարձրութեամբ պատեր։ Մուտքը պաշտպանուած է կիկլոպեան շարուածքի քարէ պարիսպով, հաստութիւնը 2 մեթր է, իսկ պարսպապատի երկարութիւնը՝ 180 մեթր[3]։ Կառուցուած է որձաքարէ, որոնք ամրացած են ոչ թէ շաղախով, այլ երկաթեայ գամերով։ Բերդը ունեցած է աշտարակներ։ Առաւել անմատչելի վայրերու մէջ՝ անդունդի վրայ, ատոնք կառուցուած էին 25-32 մեթր հեռաւորութեամբ, իսկ միւս մասերու մէջ իրարու աւելի մօտ են՝ 10-13,5 մեթր միջակայքով[3]։ Պարսպապատերր աշտարակներու գրեթէ միանման (5,90-6,70 մ) եզրագիծերով ստեղծուած ուղղանկիւնի յօրինուածքը իր խորութեան կէսին չափով (3,00-3,50 մ) պարսպապատի արտաքին մակերեսէն դուրս է, իսկ այդ դուրս եկած հատուածի մօտաւորապէս կիսուն չափով (1,54-1,78 մ)՝ անկէ ներս։ Իբրեւ երկարութեան միաւոր օգտագործուած է ուրարտական ճարտարապետութեան մէջ լայն կիրառում գտած հին Միջագետքի նիպոլրական կանգունը (51,8 սմ)[2]։

 
յատակագիծ

Պարիսպի մեծ մասը աւերուած է 7-րդ դարուն՝ արաբական արշաւանքներու ժամանակ։ 10-րդ դարուն բերդը վերականգնած է, համաձայն մուտքի քարերուն պահպանուած միջնադարեան արձանագրութիւններու[9]։ Վերականգնել է Աշոտ Բ Երկաթը (914-928)[3]։

Գառնիի ամրոցի ճարտարապետութիւնը կը համարուի կիկլոպեան, որովհետեւ կը համարուէր, որ միայն առասպելական Կիկլոպները կրնային տեղաշարժել չափազանց ծանր այս քարերը։ Պարիսպը ամրացնելու նպատակով քարերը կը շարուէին մէկընդմէջ երկար ու կարճ կողմերով՝ ատոնց տալով ամրութիւն եւ դիմացկունութիւն։ 1225-ին այստեղ տեղի ունեցած է Գառնիի ճակատամարտը՝ մէկ կողմէն հայ-վրացական բանակի, միւս կողմէն՝ Խորեզմշահերու զօրքերու միջեւ՝ աւարտելով Զաքարեաններու յաղթանակով[10]։ Ներկայիս պարիսպը մասամբ վերականգնուած է։ Հելլենիստական դարաշրջանին Հայաստանի մէջ կառուցուած են նմանատիպ բազմաթիւ ամրութիւններ՝ Սեւանի Աւազանին մէջ, Արագած լերան վրայ, Սիւնիքի մէջ եւ այլուր։ Առաւել յայտնի էին հելլենիստական Հայաստանի մայրաքաղաքի՝ Արտաշատի պարիսպները[9]։

Ամրոցի աջ կողմը, ուր կը գտնուի ցած բլուր, պահպանուած են 3-4-րդ դարերու արքայական կայազօրի կացարաններու հիմերը։ Գլխաւոր շինութիւնը նման է Գառնիի պալատական շէնքին, անոր ներքին մասին մէջ կան փայտէ մոյթեր եւ քառանկիւն հարթ որմնասիւն, որոնց վրայ գլանաձեւ թաղն է։ Կայազօրը արքունի ընտանիքի թիկնազօր գունդն էր[3]։

Պալատ Եւ Բաղնիք Խմբագրել

Գառնիի ամրոցին մէջ գոյութիւն ունեցած է պալատական համալիր, որ բաղկացած եղած է քանի մը շէնքերէ։ Պալատական շէնքերն ու բաղնիքը կառուցուած են հարաւային հրապարակի շուրջ[6]։ Պեղումներու հետեւանքով առայժմ բացուած են պալատական շէնքի 40 x 15 մ տարածութիւն ընդգրկող նկուղային յարկի եւ հիմերու մնացորդները։ Նկուղային յարկի հարաւ-արեւելեան կէսին մէջ 20 x 12,5 մ մակերեսով կամարակապ դահլիճն է, իսկ միւս կէսին մէջ տնտեսական նպատակներու համար ծառայող բազմաթիւ սենեակներն են։ Ատոնց վրայ վերնայարկի սենեակներն են եւ արքայական ընդունելութեան սրահները[2]։ Այս շինութիւններու կառուցման նախաձեռնող Տրդատ Գ. թագաւորը, ինչպէս Մովսէս Խորենացին կը տեղեկացնէ, զարդարած տուած է «մահարձանոք, սքանչելի դրօշմուածովք, բարձր քանդակաւ …»։ Դահլիճի փոքր չափերը ենթադրել կու տան, որ ներսը դրուած եղած է արեւու աստուած Միհրի արձանը, որուն նուիրուած եղած է տաճարը[11]։ Ծիսակատարութիւնը տեղի ունեցած է դուրսը։ Միհրը յաճախակի պատկերուած է ցուլի դէմ մենամարտելու ժամանակ։ 659-ին պալատի մեծ մասը, մասնաւորապէս՝ դահլիճը, աւերուած եղած է[12]։

 
Յանդերձարանի խճանկարէն հատուած

Ամրոցի այդ հատուածին մէջ կը գտնուի արքունական բաղնիքը՝ Գառնիի տաճարէն շուրջ 50 մ դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ բաղկացած միեւնոյն ուղղութեամբ, իրարու յաջորդող չորս սենեակէ։ Առաջին սենեակը (լատ.՝ apoditerium), իր դիրքի եւ ներքին աւելի հարուստ ձեւաւորման շնորհիւ (խճանկարով յատակ, կորագիծ խորշի մէջ ստեղծուած ջրաւազան եւ այլն), եղած է բաղնիքի նախասրահ-յանդերձարանը։ Երկրորդ (լատ.՝ frigidarium) եւ երրորդ (լատ.՝ tepidarium) սենեակները, ունենալով յատակագծային միեւնոյն ձեւը եւ չափերը, եղած են լոգարաններ, երկրորդը՝ պաղ ջուրի համար, երրորդը՝ գոլ։ Չորրորդ սենեակի (լատ.՝ caldarium) մեծ մասը, որ անմիջապէս կը յաջորդէ պաղ եւ գոլ լողասենեակներուն եւ ունի անոնց ձեւն ու չափերը, եղած է տաք ջուրի լողասենեակը եւ ջուրի տաքացման մասը։ Հռոմէական բաղնիքներուն բնորոշ շոգեսենեակը (լատ.՝ sudatorium) կառուցուած է որմնախորշում՝ տաք ջուրի լողասենեակին կից[13]։ Բոլոր լոգարանները իրենց գլխաւոր ճակատներով ուղղուած են դէպի հարաւ-արեւելք, իսկ տաք ջուրով լողարանը, գլխաւոր ճակատով ուղղուած ըլլալով դէպի հարաւ-արեւելք, իր ամբողջ տարածական ծաւալային յօրինուածքով կը գտնուի բաղնիքի ամբողջ կառուցուածքի հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ։ Խճանկարը ամբողջապէս պատրաստուած է Ազատ գետէն հաւաքուած եւ անոր ջուրով յղկուած 15 գոյնի բնական քարերէ[2]։

Բազմերանգ խճանկարի վրայ պատկերուած է ծով. ներկայացուած են տարբեր աստուածութիւններ, ջրահարսներ (ներեիդներ), իխտիոկենտավրներ՝ ձիու իրանով ձուկի վերջաւորութեամբ մարդ, ձկնորս, մեծ ու փոքր բազմապիսի ձուկեր եւ այլն։ Պատկերներու մէջ կան ծովի հետ կապուած զանազան արտայայտութիւններ՝ «Ծովի խորք» կամ «Ծովային անդորր», ու աստուածների անուններ (Գլավկոս, Թետիս, Էթոս, Արգիոս, Պոթոս եւ այլն)[2]։ Խճանկարի կեդրոնը՝ հիւսուածապատ շրջանակի մէջ, պատկերուած են տղամարդու եւ կնոջ կիսանդրիներ՝ յունարէնով համապատասխանաբար գրուած Ովկիանոս եւ Թալասսա[13]։ Ովկիանոսը, ըստ դիցաբանութեան, կը համարուի բոլոր աստուածներու հայրը, իսկ ծովը կը դիտարկուի իբրեւ գեղեցկութեան եւ սիրոյ աստուածուհի Ափրոտիդէի մայրը։ Շրջանակի վերը գրուած է՝ «Չստացանք անգամ սատկած (ձուկ) ոչ ծովէն, ոչ ովկիանոսէն» (յուն․՝ Μηδεν Λαβοντεσ Ηριασαμεθα Κανενα Νεκρο Δε Μασ Εδωσε Η Θαλασσα Ουτε Ο Ωκεανοσ) արտայայտութիւնը[13]։

Հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուած է ջրամբարը, հարաւ-արեւմտեան մասի յատակի տակ՝ կրակարանը՝ ջուր տաքցնելու համար։ Ջուրը մատակարարուած է թրծուած կաւէ խողովակներով, իսկ բաղնիքը առհասարակ ջեռուցուած է յատակէն տաքցուելու եղանակով։ Ուշագրաւ է բաղնիքի լողասենեակներու՝ երկրի կողմերու նկատմամբ ունեցած կողմնորոշումը։ Տաճարէն ընդամէնը 50 մ հեռաւորութեան վրայ կառուցուած բաղնիքի շէնքը, որ տաճարի հետ կը դառնայ ատոնց միջեւ ստացուած հրապարակը ձեւաւորող հիմնական շէնքերից մէկը, ոչ թէ ճակատներով զուգահեռ է տաճարի պատերուն, այլ դրուած է անզոյգ։

Գառնիի տաճարէն շուրջ 20 մ դէպի հիւսիս գտնուած է սպիտակ մարմարէ մեծ վարպետութեամբ քանդակուած ցուլի կճղակ։ Հաւանաբար, անիկա պատկանած է տաճարի ներսը դրուած կուռքին, որ քրիստոնէական կրօնի ընդունումէն ետք հանուած է շէնքէն եւ ոչնչացուած[14]։ Որոշակի ժամանակ արեգակի ճառագայթները անկիւնի տակ տաճարի տանիքի քառակուսի անցքէն կ'իյնային տաճարի մուտքի առջեւ տեղադրուած՝ լաւ յղկուած քարէ կամ մետաղէ (պրոնզէ, արծաթէ) հայելիի վրայ, որոնք յայտնի եղած են Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակէն։ Ապակիէ հայելիները՝ անագի կամ կապարի տակդիրով, երեւան եկած են հռոմէացիներու մօտ Ք.Ե. 1-ին դարուն, որոնք միջին դարերու սկիզբը անհետացած, ապա դարձեալ յայտնուած են միայն 13-րդ դարուն։ Ահա այդպիսի հայելի կրնար եղած ըլլալ նաեւ Տրդատին տրուած բազում թանկարժէք նուէրներու մէջ, որ նաեւ օգտագործուած է Գառնիի տաճարին մէջ[15]։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Կաղապար:Հոդված
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 Կաղապար:Հոդված
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 3,6 Կաղապար:Հոդված
  4. Կաղապար:Հոդված
  5. «Գառնի տաճարին շնորհվել է Մելինա Մերկուրի միջազգային մրցանակը»։ Panorama.am։ ապրիլի 28, 2011։ արտագրուած է՝ Սեպտեմբեր 11, 2015 
  6. 6,0 6,1 Կաղապար:Հոդված
  7. К. В. Тревер , Очерки по истории культуры Древней Армении, М.—Л,, 1953, էջ 67
  8. Փավստոս Բուզանդ (1987)։ Հայոց պատմություն։ Երևան։ էջ 61 
  9. 9,0 9,1 Կաղապար:Հոդված
  10. Ստեփանոս Օրբելյան (1910). Պատմութիւն նահանգին Սիսական, արարէալ Ստեփաննոսի Օրբէլեան արքեպիսկոպոսի Սիւնյաց. Վենետիկ. էջեր 399.
  11. Կաղապար:Հոդված
  12. Կաղապար:Հոդված
  13. 13,0 13,1 13,2 Կաղապար:Հոդված
  14. О. Шуази (1938)։ История архитектуры։ Москва։ էջ 338 
  15. Թանանյան Գրիգոր (2014)։ «Գառնի պատմամշակութային կոթողը (տաճարի վերականգման 40-ամյակի առթիվ) [The Historic & Cultural Monument of Garni (to the 40th anniversary of the restoration of the temple)]»։ Պատմաբանասիրական հանդես (2): 25–45